Միացեալ Նահանգներու Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութիւններու ակադեմիոյ 2024ի «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 10 Մարտի երեկոյեան։
Վաւերագրական կարճ ֆիլմերու դասակարգին մէջ, The Last Repair Shop («Վերջին Նորոգութեան Խանութը») ֆիլմը տիրացաւ մրցանակին։ Անիկա պատմութիւնն է Լոս Անճելըսի մէջ հանրային վարժարաններ յաճախող աշակերտներու երաժշտական գործիքները ձրիաբար նորոգող աշխատանոցի մը, որուն գլխաւոր վարպետը 1980ականներու վերջաւորութեան Ատրպէյճանի ջարդերէն ճողոպրած հայազգի Սթիւ Բեկմանեանն է։ Ֆիլմին բեմադրիչներն են՝ Պեն Փրաուտֆութ եւ Քրիս Պաուըրզ։
Ասպարեզ օրաթերթ