Բարեշհ. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանին՝ Համազգայինի Արժանեաց Շքանշան. պարգեւատրում Կիպրոսում

  • 10.01.2024
  • 0
  • 265 Views

Երկուշաբթի, 8 Յունուար 2024-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի ունեցաւ Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի պարգեւատրումը Համազգայինի ԱՐԺԱՆԵԱՑ ՇՔԱՆՇԱՆով, ձեռամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Զաքար Քէշիշեանի:

Ներկայ էին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը, Լառնագա-Լիմասոլի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Աւ. Քհնյ. Աշգարեանը, Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեանը, Պետական Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանը, Երեսփոխանական եւ Ազգային Ժողովներու ատենապետն ու անդամներ, Կառոյցներու եւ Միութիւններու ատենապետներ ու անդամներ, Նարեկ Վարժարանի տնօրէնուհին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներ, Լիմասոլէն ու Լառնագայէն մշակութասէրներ ու հոծ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքը կատարեց Պրն. Արթօ Դաւիթեան: Եկեղեցւոյս Սրկ.՝ Պրն. Սեպուհ Դաւիթեան ներկայացուց Բարեշհ. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի կեանքն ու գործունէութիւնները: Ապա խօսք առաւ Պրն. Զաքար Քէշիշեանը ու կատարեց շքանշանի տուչութիւնը, որմէ ետք, Դր. Հայկ Իւթիւճեան արտանանեց իր սրտի խօսքը: Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան Տիկին Լիլիա Դանիէլեան-Խաչատրեան դաշնակի վրայ իսկ Տիկին Սոնա Կարկալոյեան Կոմիտասէն քանի մը երգերով հանդէս եկաւ:

«Սիփան» պարախումբի երեք աղջիկներ պարեցին հայկական պար: Երեկոն աւարտեցաւ Գերշ. Սրբազան Հօր փակման խօսքով ու «Պահպանիչ»: աղօթքով: Յաջորդեց՝ համեստ հիւրասիրութիւն մը:

Ծանօթագրութիւն.

Լրիւ ձեռնարկը առցանց սփռուեցաւ Gibrahayer EMagazine – Կիպրահայեր Էջին միջոցաւ: Փափաքողները կրնան վերստին դիտել այցելելով վերոնշեալ Էջը: Facebook

9 Յունուար 2024

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում