Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորը Լաչինի Միջանցքի Փակումը Ռազմական Յանցագործութիւն Նկատեց 

  • 08.08.2023
  • 0
  • 91 Views

Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Քոսթաս Մավրիտես Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը մարդասիրական արտակարգ իրավիճակ եւ Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի բացայայտ խախտում  նկատեց:

Արցախի  շուրջ ծաւալող վերջին զարգացումներուն մասին Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Մավրիտես ըսաւ, որ Լաչինի միջանցքի ամբողջական եւ կամայական փակումը, մասնաւորաբար՝ շրջափակման մէջ գտնուող Արցախի բնակչութեան հիմնական կարիքները մատակարարող մարդասիրական բեռներու խոչընդոտումը, ըստ միջազգային իրաւունքին՝ կը նկատուի ռազմական յանցագործութիւն:

Ան յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը այս հարցին վերաբերեալ խիստ դիրքորոշում ունի՝ կոչ ուղղելով Ատրպէյճանին՝ յարգելու համապատասխան որոշումները եւ անյապաղ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը: Մավրիտես դիտել տուաւ, որ բարձր ներկայացուցիչը կրնայ քաղաքական կարեւոր դեր ունենալ այս առումով: 

Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւն սկսելու Եւրոպական Միութեան որոշումը նոյնպէս կարեւոր քայլ էր քաղաքական եւ գործնական առումով:

«Նկատի ունենալով, որ իրավիճակը կը վատթարանայ, եւ Ատրպէյճան կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը սովի մատնելու քաղաքականութիւնը եւ չի յարգեր միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները՝ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը եւ Եւրոպական Միութիւնը աւելի կտրուկ միջոցներու ձեռնարկեն, օրինակ՝ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանեն», յայտնեց Մավրիտես:

Ասպարեզ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում