Քեպեքի(Քվեբեկի) Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ընդունեց Արցախի Շրջափակումը Դատապարտող Բանաձեւ Մը

  • 09.02.2023
  • 0
  • 84 Views

8 Փետրուարին գումարուած Գանատայի Քեպեք նահանգի խորհրդարանի նիստին ընթացքին, Ազատական կուսակցութեան անդամ Սոնա Լախոյեան ընթերցեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ մը, որ ընդունուեցաւ խորհրդարանիի բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ։ Coalition Avenir Québec (CAQ), Quebec Liberal Party (QLP), Québec solidaire (QS) եւ Parti Québécois (PQ) կուսակցութիւններու պատգամաւորները միաձայնութեամբ թեր քուէարկեցին բանաձեւին։ Այս մասին կը հաղորդէ Քեպեքի Հայ Դատի յանձնախումբը։

 Բանաձեւը նիստին ներկայացուցած էին Միշէլ Սեթլաքուի (QLP), Սելին Հայթայեան (CAQ), Ժօէլ Արսէնօ (PQ) եւ Հարուն Պուազի (QS), եւ այս ձեւով, խորհրդարանիի բոլոր կուսակցութիւնները համահեղինակ էին բանաձեւին։

 Խորհրդարանին որոշումով բանաձեւը պիտի փոխանցուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան, Քեպեքի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Գանատայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան։

 Նշենք, որ Քեպեքի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամներ Վարանդ Եափուճեան եւ Վրէժ Հատիտեան ներկայ գտնուեցան նիստին։

 Նիստին տեսանիւթը կրնաք դիտել՝ այցելելով կայքը:

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում