Չեխիոյ աւագ հիւպատոսի հրաժեշտի այցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին

  • 16.12.2022
  • 0
  • 222 Views

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 15 Դեկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ընդունեց Չեխիոյ Հանրապետութեան Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Իրժի Չիսթեսքիի/ Jiří ČISTECKÝ/ այցելութիւնը։

Յարգելի Աւագ Հիւպատոսը յայտնեց թէ եկած էր հրաժեշտի այցելութիւն տալ Նորին Ամենապատուութեան, քանի ինք աւարտած էր քաղաքիս մէջի պաշտօնավարութեան շրջանը ու կը մեկնէր։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ իր Ստանպուլի պաշտօնավարութեան շրջանին առիթն ունեցած էր ծանօթանալու մեր Հոգեւոր Պետին հետ եւ ծառայած էր նոյն երկնակամարին ներքեւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ ըսաւ որ ինք եւս ուրախ այս պատմական քաղաքին մէջ ծառայելուն համար։

Մեր Հոգեւոր Պետը հրաժեշտի սոյն այցելութեան պահուն յիշեց յարգելի Աւագ Հիւպատոսին կազմակերպած միջկրօնական համերգը եւ իր ծառայութիւնը ու բոլորին համար անգամ մը եւս շնորհաւորեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Աւագ Հիւպատոս Չիսթեքիին։

Նուէրներու փոխանակման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Աւագ Հիւպատոս Չիսթեքիին եւ ըսաւ որ նոյն կորովով շարունակէ իր աշխատանքները։ Աւագ Հիւպատոս Չիսթեքի շնորհակալութիւն յայտնելով մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքություն

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում