Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ միութեան 75 ամեակի փառաշուք հանդիսութինը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15,2022 ին Նիւ Ճըրզիի Փարամուս քաղաքի Տը Թերաս շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ՛ հոծ բազմութեան որ ժամանած էր Նիւ Եորք Նիւ Ճըրզիի շրջաններէ ինչպէս նաեւ Լոս Անճելոսէն, Տիթրոյթէն, Պոստոնէն, Ֆիլատելֆիայէն, Տալլասէն, Նիւ Եորքէն, Քէնէթիքէթէն, Ուաշինկթընէն եւ Մոնթրէալէն:
Սոյն Յոբելինական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ հովհանաւորութեամբը ԹՄՄի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան եւ ներկայութեամբ վարչութեան անդամներուն, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Երուանդ Ազատեանի:
Ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր հայ ազգի բարեկամ եւ ԱՄՆի Գոնկրէսի կողմէ ցեղասպաննութեան ճանաչման օրէնսդիր ծերակուտական Պոպ Մենենտէզը որ իր ազնիւ տիկնոջ՝ Նատին Թապուրեան Մենենտեզի ընկերակցութեամբ ներկայ ըլլալով մեծապէս նպաստեց ձեռնարկին բացառիկ յաջողութեան:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի բացումը կատարեց հանդիսավար Տիրան Ճէպէճեան:Ան հրավիրեց ներկաները յոտնկայս ունկնդրելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի հանրապետութեան հիմները: Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Աւետիսեանը ,Հայկական Համագումարի եւ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Փոխ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Հայր Սիմէոն Օտապաշեանը որ աղօթքով օրհնեց սեղանը:
Ապա, ան հրաւիրեց ԹՄՄԻ Մեծագոյն Նիւ Եորքի Վարչութեան ժրաջան Ատենապետուհի եւ կեդրոնական վարչութեան անդամուհի Հիլտա Յարութիւնեանը հակիրճ ձեւով ներկայացնելու ԹՄՄի աշխարհատարած
75ամեայ բեղուն գործունէութիւնը՝ մշակութային, ազգային եւ կրթական մարզերուն մէջ, նպաստելով հայապահպանման եւ հայակերտման առաքելութիւններուն:
Հանդիսավար Ճէպէճեան ապա հրաւիրեց Նիւ Ճըրզի նահանգի ազգայիններէն յայտնի բարերար Նարեկացի Բարեսիրական Միութեան հիմանադիրներէն Պրն. Սարօ Յարութիւնեանը որ պաշտօնապէս ներկայացնէ օրուան մեծարեալը:
Պրն. Յարութիւնեան հմայիչ եւ հաղորդական ձեւով ներկայացուց Մէնէտեզ մարդը, նուիրեալը, բարեսիրկան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան անձը: Հպարտութեամբ անդրադարձաւ իր մօտիկ բարեկամին՛քաղաքական հմուտ եւ անձնուէր գործունէութեան Ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ եւ յատկապէս իր նուիրեալ ջանքերուն՝ հայոց ցեղասպանութեան գոնկրէսի կողմէ հովանաւորութեան եւ ճանաչման գործըթացին յաջողութեան:
Ապա՛ ներկաներու յոտնկայս եւ շռնդալից ծափահարութիւններով հրաւիրուեցաւ Ծերակուտական Պօպ Մենէնտէզ ստանալու համար ԹՄՄԻ կողմէ յատուկ պատրաստուած գնահատական յուշանուէրը ձեռամբ ԹՄՄԻ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան Ատենապետ Երուանդ Ազատեանի: Նուիրուած գեղօրը արուեստի խորհրդանշական ստեղծագործութիւն մըն էր Մայքըլ Արամի կողմէ:
Ծեռակուտական Մէնէտէզ հայերէն լեզուով ողջունեց ներկաները, շնորհակութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Նիւ Եորքի Վարչութեան , շեշտելով 75ամեայ անխոնջ գործունէութիւնը նուիրեալներուն որոնք իրենց ծառայութեամբ նպաստեցին ազգային արժէքներուն պահպանման: Որպէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպան՛ ան յուզումնախառն ոճով մը յայտնեց որ անժամացելի եւ հրատապ է պաշտօնական ճանաչումը հայոց ցեղասպաննութեան պատմական իրողութեան եւ Հայաստանի եւ հայատարած շրջաններու բնակչութեան ապահովութեան պաշտպանման:
Ան հպարտութեամբ յայտնեց որ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց ցեղասպաննութեան ճանաչման բանաձեւը զորս վեցերրորդ փորձէն ետք միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ ծերակոյտին կողմէ:
Ներկաները յոտնկայս ծափահառութեամբ գնահատեցին Ծերակուտական Մէնէնտեզի հայանպաստ գործունէութիւնը:
Ոգեւորիչ էր մեծ թիւով ներկայութիւնը երիտասարդ տարրին:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտին, ներկաները խանդավառեց Լոս Անճելոսէն յատուկ հրաւիրուած հանրածանօթ երգիչ Տիգրան Ասատրեան եւ իր նուագախումը:
Սոյն շքեղ հանդիսութիւնը երկար ժամանակ պիտի մնայ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ: Անոնք եկան ողջունելու եւ գնահատելու ԹՄՄԻ մշակութային եւ կրթասիրական վաստակը եւ իրենց հետ տարին պատմակշիռգաղափարական պատգամ մը Ծերակուտական Մենենտէզի կողմէ:
orer.eu