Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հովանաւորէ տարեկան մօտաւորապէս 100 զանազան չափի նախագիծեր շուրջ քսան երկիրներէ։ Առաւել՝ հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը շնորհէ համալսարանի ուսանողներու եւ հետազօտողներու։ Նախագիծեր կ՚ընդունուին իրերայաջորդ փուլերով եւ կը գնահատուին տարին երեք...
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը հովանաւորէ տարեկան մօտաւորապէս 100 զանազան չափի նախագիծեր շուրջ քսան երկիրներէ։ Առաւել՝ հարիւրաւոր կրթանպաստներ կը շնորհէ համալսարանի ուսանողներու եւ հետազօտողներու։ Նախագիծեր կ՚ընդունուին իրերայաջորդ փուլերով եւ կը գնահատուին տարին երեք անգամ։ Յունուարին գնահատուեցան 125 նախագիծեր, որոնցմէ 32-ը ընտրուեցան նպաստատուութեան համար։ Վաւերացուած նախագիծերէն ոմանք շարունակութիւնն էին առկայ նախաձեռնութիւններու,...
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը մեկնարկէ երկօրեայ քննարկումներ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հետ, որոնք տեղի պիտի ունենան փետրուար 2-ի եւ 3-ի շաբաթավերջին, Կլէնտէլ՝ Hero House-ի մէջ։ Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան պիտի ներկայացնէ Հիմնարկութեան ծրագիրները, ռազմավարութիւնները եւ նպատակները, եւ պիտի զրուցէ ակադեմականներու եւ մասնագէտներու հետ:...
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Զարմանազան»ը այն վայրն է, ուր Սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՚ապրին։ Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու. – 10-էն 17 տարեկան...
Փետրուար 2023-ին ամբողջացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին ղեկը ստանձնելուս տասը տարին։ Այս առիթը, առօրեայ աշխատանքիս կողքին, կարելիութիւնը ընձեռեց յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցեալին եւ մտածելու ապագային մասին: 2023 թուականը կը համընկնի բովանդակ Հիմնարկութեան նոր ռազմավարական ծրագիրի մեկնարկին: Մայիս 2022-ին, Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժօն ստանձնեց Հիմնարկութեան նախագահութիւնը եւ իսկոյն...
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ Շողեր Մարկոսեանին նշանակումը որպէս Բաժանմունքի Օգնական Տնօրէն: Ան Հիմնարկութեան հետ կը գործակցի որպէս խորհրդատու՝ 2018 թուականէն ի վեր: Շողեր Մարկոսեան ուսանած է Լիբանան եւ ապա Անգլիա ու Պելճիքա, մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեան եւ մշակութային գիտութիւններու մէջ: Աշխատակցած է հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ մշակոյթի, կրթութեան, արուեստի եւ այլ միջգիտակարգային ոլորտներու մէջ: Մշակած է նոր ռազմավարութիւններ ու...
