13.11.2025 admin

2026 թուականին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան արդ եւս|in view նպաստի ծրագիրը կը հրաւիրէ ստեղծագործողներ եւ մտածողներ, հայկական սփիւռքի մշակութային դաշտը պատկերացնելու որպէս ընկերային ենթակառուցուածք մը, որուն վրայ կարելի ըլլայ հիմնել աւելի ուժեղ, կենսունակ եւ դիմակայուն ապագայ։ Նպատակն է ամրապնդել հայկական համայնքներու ընկերային եւ մշակութային շերտերը ստեղծագործութեան, գաղափարներու ձեւաւորումի եւ լեզուի միջոցով։ Մշակոյթը ընկալելը որպէս ընկերային ենթակառուցուածք, թոյլ պիտի տայ երեւակայել կապի եւ փոխազդեցութեան նոր ցանցեր, ամրապնդել համայնքային յարաբերութիւնները նորաստեղծ մշակոյթի մը միջոցով, որ միաժամանակ հասարակաց է ու հարազատ։ Այս ենթակառուցուածքը պիտի մշակէ նոր յարաբերութիւններ ու աջակցի անհատական​​եւ հաւաքական բարեկեցութեան՝ ստեղծագործութեան, ինքնութեան ուսումնասիրութեան ու ընդհանուր իմաստաւորումի միջոցով։ արդ եւս|in view ծրագիրը կը խրախուսէ մարդոց առատաձեռն ըլլալ իրենց գաղափարներով ու ստեղծագործութեամբ, որ լեզուի նորարար գործածութեան հետ միատեղ, թոյլ պիտի տայ ձեւաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակ ապագան։ Այս նպաստի դիմուﬓագիրը բաց է բոլոր անոնց որոնք փափաքին արեւմտահայերէնով մշակութային նիւթեր արտադրել։ Դիմուﬓերը կրնան կատարուիլ անհատական կամ խմբային, ինչպէս նաեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու կողմէ։ Տասնըութ տարեկանէն...

06.12.2023 admin

Արդ եւս-ը արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած միակ նպաստի ծրագիրն է։ Մշակոյթը էական միջոց մըն է ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուին զարգացումին։ Մշակոյթը, ինչպէս ժառանգութիւնը, ինքնութեան եւ արժէքներու կերտումի համակարգ մըն է որ պարտինք զարգացնել՝...

2026 թուականին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան արդ եւս|in view նպաստի ծրագիրը կը հրաւիրէ ստեղծագործողներ եւ մտածողներ, հայկական սփիւռքի մշակութային դաշտը պատկերացնելու որպէս ընկերային ենթակառուցուածք մը, որուն վրայ կարելի ըլլայ հիմնել աւելի ուժեղ, կենսունակ եւ դիմակայուն ապագայ։ Նպատակն է ամրապնդել հայկական համայնքներու ընկերային եւ մշակութային շերտերը ստեղծագործութեան, գաղափարներու ձեւաւորումի եւ լեզուի միջոցով։ Մշակոյթը ընկալելը որպէս ընկերային ենթակառուցուածք, թոյլ պիտի տայ երեւակայել կապի եւ փոխազդեցութեան նոր ցանցեր, ամրապնդել համայնքային յարաբերութիւնները նորաստեղծ մշակոյթի մը միջոցով, որ միաժամանակ հասարակաց է ու հարազատ։ Այս ենթակառուցուածքը պիտի մշակէ նոր յարաբերութիւններ ու աջակցի անհատական​​եւ հաւաքական բարեկեցութեան՝ ստեղծագործութեան, ինքնութեան ուսումնասիրութեան ու ընդհանուր իմաստաւորումի միջոցով։ արդ եւս|in view ծրագիրը կը խրախուսէ մարդոց առատաձեռն ըլլալ իրենց գաղափարներով ու ստեղծագործութեամբ, որ լեզուի նորարար գործածութեան հետ միատեղ, թոյլ պիտի տայ ձեւաւորել արեւմտահայերէնի կենսունակ ապագան։ Այս նպաստի դիմուﬓագիրը բաց է բոլոր անոնց որոնք փափաքին արեւմտահայերէնով մշակութային նիւթեր արտադրել։ Դիմուﬓերը կրնան կատարուիլ անհատական կամ խմբային, ինչպէս նաեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու կողմէ։ Տասնըութ տարեկանէն վեր բոլորը կրնան դիﬔլ։ Հիﬓարկութիւնը պիտի հովանաւորէ տարեկան մինչեւ տասը ծրագիր՝ իւրաքանչիւրին համար առաւելագոյնը 10,000...

Արդ եւս-ը արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած միակ նպաստի ծրագիրն է։ Մշակոյթը էական միջոց մըն է ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուին զարգացումին։ Մշակոյթը, ինչպէս ժառանգութիւնը, ինքնութեան եւ արժէքներու կերտումի համակարգ մըն է որ պարտինք զարգացնել՝ ստեղծելու աւելի կայուն շրջանակներ եւ զանոնք ընդլայնելու, որպէսզի խթանենք երկարաժամկէտ, մարդակեդրոն եւ կենսոլորտային կայուն զարգացումի...

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում