Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 120-ամեակի ծիրէն ներս, «ԽՕՍՆԱԿ» Մշակութային Յանձնախումբը ունեցաւ իր 6-րդ հանդիպումը, ուրբաթ, 26 յունիս 2026 -ի երեկոյեան, Միութեան Ահրամճեան Կեդրոնին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան ուր կային՝ Արժ.Տէր Ա. Քհն. Արսլանեան, ՀԲԸ Միութեան Շրջ. Յանձնաժողովի պատասխանատու տիկիններ՝ Սիլվա Լիպարիտեան եւ Արտա Եանըքեան, քոյր Միութիւններու ղեկավարներ (Տոքթ. Ա. Տագէսեան), Վարչականներ, Մտաւորականներ, Լրագրողներ, եւ Մշակոյթ ու Արուեստ գնահատող բազմատասնեակ համակիրներ:
Տակաւին մէկ շաբաթ առաջ, դարձեալ ուրբաթ օր, Ահրամճեանէ ներս կը հնչէին նուագի տաղեր, երբ գաղութէս 13 փոքրիկներ եւ պատանի երաժիշտներ հանդէս եկան գեղեցիկ համոյթով մը, եւ ներկայ հասարակութեան ներկայացուցին հաճելի եւ զուարթ պահեր:
Այս ուրբաթ օրուան երեկոն իր տարազով ու բովանդակութեամբ կը տարբերէր, ան կու գար զգացուած մտահոգութեան մը շուրջ ունենալու սրտբաց եւ սրտցաւ զրոյց, որուն բացման խօսքը կատարեց Մարիա Ժէրթիտեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.
Յարգելի Ներկաներ,
Բարի եկած էք ՀԲԸՄ-ի Ահրամճեան Կեդրոն, ուր մենք յաճախ հնարաւորութիւնը կ’ունենանք քննարկելու ազգային թեմաներ, կազմակերպելու դասախօսութիւններ, իրագործելու Մշակութային զանազան միջոցառումներ, որպէսզի Լիբանանահայ Գաղութէ ներս մենք ալ մաս կազմենք քալող Կարաւանին եւ փորձենք աշխոյժ պահել այս համեստ յարկը:
Ահրամճեան Կեդրոնէ ներս մենք արդէն չեն հաշուեր մեր կատարած ձեռնարկներուն թիւը… քանի որ անոնք արդէն անցած են 160-ի սահմանները… որոնց ստացած տարազը եղած է միշտ հայաշունչ ու միշտ հայահունչ:
Յարգելի Ներկաներ, մեր այսօրուան երեկոն, ինչպէս ընթերցեցիք Ձեզի հասած հրաւէրներէն, ունի շատ պարզ, եւ մեր բոլորը հետաքրքրող խորագիր մը. «ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔ, Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՍ… ԴԷՊԻ ՆԱՀԱ՞ՆՋ, ԹԷ՝ ԴԷՊԻ ՊԱՀԱՆՋ..»: Կը խորհիմ, որ խորագիրը բացատրութեան չի կարօտիր… երբ կ’ապրինք, կը տեսնենք, կը զգանք ու կը մտահոգուինք:
Բոլորիդ համար ակներեւ է, թէ տարիներ շարունակ ի՞նչ կատարուեցաւ եւ տակաւին ալ ինչե՜ր կը կատարուին այսօր Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Կը ցաւիմ ըսել, որ Աստուած, խիղճ եւ արդարութիւն բառերը դժբախտաբար բառարաններէն հեռացուած են եւ զանոնք փոխարինած են՝ զէնքը, զրահը, հրասայլը, օդանաւը, եւ անշուշտ… դրամը:
Այսօր, ահա, այս մտատանջութիւնները նկատի ունենալով, «ԽՕՍՆԱԿ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ-ը կազմակերպեց այս երեկոն, ուր մեր սրտբաց զրոյցին պիտի մասնակցին՝
Տիար Ահարոն Շըխըրտըմեան, Օրիորդ Ազատուհի Գայսէրլեան, Տիկին Անի Լաչինեան, Տիկին Լիզա Թէլվիզեան, Տիար Հրաչ Գարամանուկեան եւ Տօքթոր Սահակ Թաշճեան: Միջոցառման համադրումը պիտի կատարէ՝ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Տիար Համբիկ Մարտիրոսեան:
Բովանդակալից բացման խօսքին յաջորդեց փոքր գեղարուեստական յայտագիր, ուր առաջին հերթին հանդէս եկաւ երիտասարդ շնորհալի ջութակահար Սէլա Սվագճեան եւ նուագեց «Երբ կը նայիմ մատներուդ գործերուն, քու մեծութիւնդ կը տեսնեմ» երգը՝ ներշնչումով: Սէլային դաշնամուրի վրայ ընկերակցեցաւ փորձառու դաշնակահար Մարալ Արնէլեան՝ վարպետութեամբ: Գեղեցիկ երաժշտական կատարումը առաջին րոպէէն ստեղծեց տրամադրութիւն եւ գնահատուեցաւ երկար ծափերով: Յետ նուագի, տպաւորիչ ասմունքով հանդէս եկաւ Տիար Շահէ Քէշիշեան եւ մեծ ապրումով արտասանեց Հ.Մարտիրոսեանի Իմ Նոր Երգը անուն հայրենաշունչ քերթուածը, իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, խլելով երկար ծափեր:
Երաժշտութեան եւ ասմունքի կատարումներէն ետք Օրիորդ Ժէրթիտեան բեմ հրաւիրեց օրուան 6 պատգամախօսները, ինչպէս նաեւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանը, որպէսզի հրամցնեն օրուան խորհուրդը: Պարոն խմբագիրը նախ ողջունեց ներկայ հասարակութիւնը, ապա ըսաւ. «Ազգերու եւ հաւաքականութիւններու պատմութեան մէջ կը պատահին հանգրուաններ ու ժամանակաշրջան, երբ հարկ է առնել դադար եւ խորաչափել ձեռք ձգուած փորձառութիւնը. Այլ խօսքով՝ կատարել հաշուեյարդար: հայ ժողովուրդին համար, կը խորհիմ, որ ներկայ հանգրուանը խոկումի եւ լուրջ քննարկումի ժամանակաշրջան է, քննելու անցեալը, գնահատելու ներկան եւ ծրագրաւորելու համար ապագան»:
Ապա ան Յարգարժան պատգամաբերներուն յղեց ստորեւ նշուած հարցումները, որոնք ստացան համապատասխան մեկնաբանութիւններ եւ լուծումներ:
Ա.- Ակներեւ է, որ Միջին Արեւելք կ’եռեւեփի գրեթէ վեց-եօթ տասնամ-եակներէ ի վեր, իսկ այսօր՝ աւելի ու աւելի, ուր կայ պատերազմական վիճակ, եւ ուր կ’ապրէին եւ տակաւին կ’ապրին հոծ հայագաղութներ՝ բայց ոչ նախկին թուաքանակով, ուր կայ նաեւ արտագաղթ, վարժարաններու փակում, մամուլի կաղացում, որոնց արդիւնքով ալ ակամայ ինքնութեան կորուստ: Արդեօ՞ք այս մէկը կը կոչուի նահանջ: Իսկ ի՞նչ է մեր ապրած մեծագոյն ցաւը այսօր:
Բ.- Ներկայ դրութեամբ, եթէ կ’ընդունինք, որ կը նահանջենք, ի՞նչ պար-տականութիւն կը խորհիք որ կայ դրուած մեր բոլորի ուսերուն, կրկին ոտքի կանգնելու համար, երբ Միջազգային իրադրութիւնը խախտած է, տեղի կ’ունենան աշխարհագրական փոփոխութիւններ, կը տիրէ միայն զօրաւորի կամքն ու խօսքը, զէնքն ու մամոնան: Սփիւռքահայ զանգուած-ներ այս կացութեան դիմաց ինչպէ՞ս պէտք է շարժին՝ գոյատեւելու հա-մար: Աւելին, արդեօ՞ք պիտի կրնանք պահել մեր գաղութները… եթէ այո, մինչեւ ե՞րբ: Ի՞նչ է մեր հեռանկարը.:
Գ.-1991 թուականի Հայաստանի անկախացումով, Արցախի ազատագրու-մով, ապրեցանք հոգեփոխութիւն, ուրախութիւն եւ հպարտութիւն: Այսօր փոխուած է իրավիճակը՝ Սփիւռքէ եւ Հայրենիքէ ներս: Կը խորհի՞ք, թէ յետ այսու պիտի կրնանք շարունակել մեր Ազգային Պայքարը, Դատը եւ Պահանջատիրութիւնը. խօսքս միայն ու միայն Արեւմտեան Հայաստանի մասին է, Արդեօ՞ք մեր իրաւունքը պիտի մնայ լոկ թուղթի վրայ իղձ եւ մենք պիտի բաւարարուինք՝ երգերու մէջ պահանջելով մեզմէ խլուածը:
Դ.-Այսօր, ինչպէս յիշեցի, ստեղծուած է նոր իրավիճակ աշխարհի վրան: Տիրող ահութոփին մէջ ինչպիսի՞ նոր ռազմավարութիւն կ’առաջարկէք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մանաւանդ Նոր Սերունդին դերը… երբ ամէնուրեք կը նահանջէ լեզուն եւ ազգային արժէքներու հանդէպ հետաքրքրութիւն: Արդեօ՞ք 111 տարի եւս պիտի քալենք նոյն դիւանագիտութեամբ..:
Տրուած հարցումներ ստացան իրենց տրամաբանական պատասխանները գրեթէ բոլոր մասնակիցներէն: Առաջին հերթին հանդէս եկաւ օրուան պատգամաբերներէն նախկին Կրթական Մշակ եւ երկարամեայ տնօրէնուհի Օրիորդ Ազատուհի Գայսէրլեան եւ մտահոգութիւն յայտնեց ժամանակի հետ կատարուող եւ հասած նահանջի վտանգի մասին, որ ակամայ կը թափանցէ այսօր Ընտանիքէ, Դպրոցէ եւ Միութիւններէ ներս, շեշտելով, թէ մեծ դեր ունի անտարբերութիւնը եւ օտարասիրութիւնը, փափաքելով ու առաջարկելով աւելի խստապահանջ հետաքրքրութիւն ու մօտիկութիւն, որպէսզի առաջքը առնուի ցուլման կամ սպառնացող նահանջին:
Երկրորդ պատգամաբեր Պարոն Ահարոն Շըխըրտըմեան, նախկին խմբագիր եւ այժմ Արամ Ա. հայագիտական Կեդրոնի տնօրէն, առաջարկեց վերատեսութեան եւ փոփոխութեան ենթարկել մեր բոլոր կառոյցներուն առկայ ծրագիրները, զանոնք յարմարցնելու համար այժմու պայմաններուն, միաժամանակ կարեւորելով Սփիւռքի դերը, բոլոր հայագաղութներէ ներս կատարելու համար կազմակերպուած դրական ամբողջական ու միասնական աշխատանք, առանց մոռացութեան տալու հպարտացնող անցեալը, կարեւորելով լեզուն, հաւատքը եւ ինքնութիւնը:
Երրորդ պատգամաբերն էր ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան երկարամեայ տնօրէնուհի Տիկին Անի Լաչինեան: Ան հակառակ Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ տեղի ունեցող ցնցումներուն ու վերիվայրումներուն, գաղութներէ ներս կատարուող աշխատանքները դրականօրէն գնահատեց, կարեւորեց հայ անհատին դերը՝ հոս կամ այլուր, փափաքելով միաժամանակ աւելի ամուր տեսնել մեր ցեղին տոկունութիւնը, դիմադրելու կարողականութիւնը եւ հոսանքին չյանձնուելու առաւելութիւնը, առաջարկելով միջ գաղութային եւ միջ համայնքային աւելի դրական աշխատանք:
Չորրորդ պատգամաբերն էր երկար տարիներ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-է ներս պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած եւ երկար տարիներ ՀԲԸՄ-ի Կրթական Յանձնախումբի ատենապետութիւնը վարած Տիար Հրաչ Գարամանուկեանը: Ան անդրադարձաւ կատարուող նահանջին, զայն կապելով գաղութներու շուրջ կատարուող իրադարձութեանց հետ, որոնք թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ընկերային բնագաւառներէ ներս ունեցան մեծ ազդեցութիւն եւ սակայն հակառակ սպառնացող վտանգներուն ան գնահատեց գաղութներէ ներս շարունակուող ազգային կեանքը եւ ժողովուրդի ապրելու եւ արարելու կամքը, հաւատալով ապագային տեղի ունենալիք ակնկալիքներուն, մատնանշելով երկիրներու աշխարհագրական դիրքերը, օրինակ բերելով Հայաստանը՝ Կովկասի մէջ առանձին…, Ալպանիան՝ Պալքաններու մէջ առանձին… շրջապատուած տարբեր կրօնական հայեացքներով..:
Հինգերերդ պատգամաբերն էր Տիկին Լիզա Թէլվիզեանը, որ ունի Միութենական ընկերային պատասխանատու ծառայութիւն եւ վերջին տարիներուն հրապարակագրական գնահատելի աշխատանք: Տիկին Թէլվիզեան գնահատեց հայ անհատի մօտ գոյութիւն ունեցող յոյսը, անմար հաւատքը եւ հայու ինքնութեան տէր կանգնելու հայ մարդուն վճռականութիւնը, դրականօրէն շեշտը դրած լեզուի կարեւորութեան, արմատներուն կառչած մնալու ձգտումին, եւ յուսահատութենէն դուրս գալու եւ լաւատեսական տարազ հագնելու անհրաժեշտութիւն գնահատելով, փափաքելով սակայն նոր սերունդին դրական մերձեցումը ազգային արժէքներուն՝ որպէս յարատեւութիւն:
Օրուան վեցերորդ պատգամախօսն էր Տօքթոր Սահակ Թաշճեան, որ թէ՛ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-է եւ թէ՛ Թէքէեան Մշակութային Միութենէ ներս տարած է ու կը տանի պատասխանատու պաշտօններ: Ան թուեց նահանջի դրդապատճառները, զայն կապելով գաղութներուն սպառնացող շրջակայ եւ պարտադիր արտաքին սպառնանքներուն ու մարտահրաւէրներուն հետ, մատնաշելով, թէ նահանջը կամ տեղատուութիւնը կը կատարուի հակառակ բոլորիս կամքին, որոնց դիմաց անհրաժեշտ է հաւաքական աշխատանք, միասնական դիրքորոշում, գաղութահայ միաբանութիւն եւ գաղութները աշխուժացնելու կամք ու պարտաւորութիւն, արդիականացած գիտական դարուն օգտագործելով ամէն անհրաժեշտ միջոց, առաջ տանելով սերնդափոխութիւն:
Ստանալէ ետք բոլոր պատասխաններն ու բացատրութիւնները օրուան 6 պատգամաբերներէն, Պարոն Մարտիրոսեան եզրափակեց երեկոն, ամփոփելով զայն ու յայտարարելով, թէ Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, հոս թէ այլ գաղութներու մէջ, հարկաւոր է եւ անհրաժեշտ՝
Ա.- Աշխուժաշնել Սփիւռքը եւ անպայման ունենալ Սփիւռքահայ Կեդրոնական Մարմին մը՝ մասնակցութեամբ բոլոր կառոյցներուն անխտիր եւ որդեգրել ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ:
Բ.- Առանց յապաղելու ստեղծել Սփիւռքահայ Կեդրոնական նիւթական սնտուկ, որուն հարկ է, որ մասնակցի ամէն գաղութ եւ ամէն հայ, հետապնդելու համար Ազգային Դատ ու նպատակ:
Գ.- Աշխուժացնել երբեմնի Հայաստան-Սփիւռք զօրաւոր կապը, առանց միջամուխ դառնալու ներքին աշխատանքներուն, սակայն կարեւորելով Սփիւռքի դերը, մանաւանդ ամրացնելով մշակութային կապը Հայրենիքի հետ:
Դ.- Նոր դասաւորում եւ կարգաւորում Սփիւռքահայ կեանքէ ներս, գաղութները մօտեցնելով իրարու ու Կրթական եւ Մշակութային կառոյցներէ ներս որդեգրելով արդիական մէթոտներ:
Ե.- Կարեւորել Հայաստանեայց Եկեղեցին, եւ փափաքիլ՝ որ ան դառնայ աւելի մօտ ժողովուրդին, գնահատելով անոր դրական դերը ազգային կեանքէ ներս:
Զ.- Մասնաւոր հոգատարութեան արժանացնել եւ կարեւորել Նոր Սերունդը, հաւատալով, որ Երիտասարդի բերելիք դերը մեծ է եւ անհրաժեշտ՝ Ազգային կառոյցներէն ներս:
Է.- Ստեղծել համաշխարհային հայկական նոր ցանց, որպէսզի գաղութներ եւ անհատ հայեր կապուին իրարու, հսկողութեամբ ստեղծուելիք ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ, առանց խտրութեան:
Ը.- Տանիլ հաւաքական աշխատանք՝ պահպանելու համար ինքնութիւնը եւ Արեւմտեան աշխարհէ ներս քաջալերել Հայ երիտասարդները, որպէսզի անոնք ներգրաւուին տեղական քաղաքական ուժերէ ներս… ապագայ հաշիւներով:
Թ.- Ի գին ամէն զոհողութեան տանիլ բացառիկ աշխատանք՝ արգիլելու համար Հայերէն լեզուի նահանջը, քաջալերելու համար հայախօսութիւնը:
Խիստ շահեկան ու օգտաշատ միջոցառումը վերջ գտաւ Պարոն Հ.Մարտիրոսեանի խրախուսիչ խօսքերով, ուր ան կարեւորեց ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, աւելցնելով, թէ մոռնալ յիշողութիւնը, կը նշանակէ մոռնալ ինքնութիւնը, ապա ան աւելցուց, թէ ներկայիս գաղութներէ ներս կը սպասենք առաջատար ղեկավար անհատներ, որոնք ստանձնեն ու առաջնորդեն չակերտաւոր «խելագարները» կամ զանգուածները:
Մէկ ժամ 15 րոպէ տեւած միջոցառումէն ետք ներկաներ ուրախ էին եւ գոհ, եւ երկար ժամանակ կը զրուցէին գնահատելով «ԽՕՍՆԱԿ» Մշակութայինի կատարած նախաձեռնութիւնը:
«ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ
Լիբանան



