Փաշինեանի Հետ Վիճելէ Ետք Ձերբակալուած Արթուր Օսիպեան 22րդ Օրն Ըլլալով Հացադուլի Մէջ Է

  • 10.06.2026
  • 0
  • 37 Views

Նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին հետ վիճած արցախցի Արթուր Օսիպեանը արդէն 22րդ օրն ըլլալով հացադուլի մէջ է: Երիտասարդը ձերբակալուեցաւ Արցախի մասին վարչապետին հարցումներ ուղղելէ ժամեր ետք:

Քրէակատարողական բժշկութեան կեդրոնի տնօրէն Կամօ Մանուկեան մանրամասնութիւններ չուզեց հաղորդել անոր առողջական վիճակին վերաբերեալ` պատճառաբանելով բժշկական գաղտնիքը:

Օսիպեանի փաստաբան Դաւիթ Յովհաննիսեանը` չշրջանցելով այդ գաղտնիքը, այդուհանդերձ որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցեց. «Շատ հիւծուած վիճակում է, քաշի զգալի կորուստ ունի»:

Արաբկիրի մէջ վարչապետին քարոզչութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արթուր Օսիպեանի միջեւ թէժ բանավէճ ծայր առաւ, երբ Օսիպեան Արցախի վերաբերող հարցումներ ուղղեց, վարչապետը յանկարծ զայրացաւ, հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց, արձագանգեց վիրաւորանքներով ու բղաւոցներով: Ժամեր ետք ոստիկանութիւնը Օսիպեանը ձերբակալեց։

Օսիպեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում սկսած է երեք յօդուածով` վարչապետի հասցէին բռնութեան կոչեր հնչեցնելու, խուլիգանութեան եւ նախընտրական քարոզչութեան խոչընդոտելու համար:

Վարչապետի խմբակիցներն ալ շտապեցին պնդել, որ Օսիպեանի ձերբակալութեան հիմքը ոչ թէ վարչապետին ուղղակի հարցումներ ուղղելն էր, այլ «Ֆէյսպուք»ի վրայ նախապէս անոր կատարած սպառնալից գրառումը եւ բռնութեան կոչերը:

Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը 8 Յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին նոր մանրամասնութիւններ յայտնեց. «Ես գիտեմ, որ վարչապետը հետաքրքրուել է` «Հօ այդ դրուագով չի», ասել են` «Չէ, որովհետեւ այդ դրուագում չկայ յանցագործութիւն», չէր կարող այդ մարդն այդ դրուագի համար ձերբակալուել: Այդ քաղաքացին ձերբակալուել է վարչապետի նկատմամբ հրապարակային բռնութեան կոչեր անելու համար»:

Օսիպեանի փաստաբանը, մինչդեռ, հարց բարձրացուց, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ «Բմբուլները օդ հանելու» մասին քաղաքական գրառումէն միայն երկու ամիս ետք եւ ինքնին Փաշինեանի հետ բանավիճելէ ետք իրաւապահները յանցանք գտան այդ գրառման մէջ:

 «Վարչապետի հետ բանավէճի ընթացքում անձը ձերբակալւում է, յետոյ ասում են` երկու ամիս առաջ «Ֆեյսբուք»ում սենց մի բան է գրել: Բա երկու ամիս առաջ, որ գրել է, էդ ժամանակ իրաւապահներն ո՞ւր էին, ինչի՞ միջոցներ չեն ձեռնարկել, սպասել են` վարչապետի հետ բանավիճի, էդ պահի՞ն: Ուղղակի վարչապետը մի բան ասում է, մնացած նախարարները կրկնում են էլի», յայտնեց Դաւիթ Յովհաննիսեան:

Նուբարաշէնի բանտը պահուող Օսիպեան կը մերժէ դադրեցնել հացադուլը` Փաշինեանէն պահանջելով ներողութիւն խնդրել, որ իրեն «փախած» կոչած ու վիրաւորուած է: Վարչապետը արդէն ըսած է` ներողութիւն պիտի չխնդրէ։

Օսիպեանի ազատութեան համար արդէն 8 օր է նախագահական նստավայրին դիմաց նստացոյց կը կատարէ Գեղամ Օհանեանը, որ ըսաւ. «Այստեղ մենք արդար պահանջով ենք ու յղում ենք անում այն պայմանաւորուածութեանը, որի անունը Սահմանադրութիւն է, ու էդ յարաբերումը խախտուել է, հերիք չի խախտուել է, մի հատ էլ խախտուել է առաջին դէմքի կողմից»:

Խումբ մը հանրային գործիչներ «Ֆէյսպուք»ի վրայ գրառումներ կատարեցին, որ Օսիպեանի համար անձնական երաշխաւորութիւն ստորագրած են` ընդգծելով, որ արցախցի տղամարդուն ազատ արձակման պարագային անոր պահուածքին համար իրենք պատասխանատուութիւն պիտի կրեն:

Աւելի կանուխ ալ հայաստանեան քաղաքական հասարակութեան ներկայացուցիչները Օսիպեանի կալանաւորումը ապօրինի որակեցին` պնդելով, որ անիկա քաղաքական բնոյթ ունի։

Փաշինեանի Հետ Վիճելէ Ետք Ձերբակալուած Արթուր Օսիպեան 22րդ Օրն Ըլլալով Հացադուլի Մէջ Է – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում