Լեւոն ԺԴ Պապը եւ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական սիրո ողջագուրումով հրաժեշտ տվեցին Վատիկանում

  • 21.05.2026
  • 0
  • 40 Views

ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻՆ ՈՂՋԵՐԹԻ ԽՕՍՔԸ ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան անդամներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին ժողովուրդին հետ ունեցած շաբաթական հանդիպումին: Վատիկանի կարեւոր աւանդութիւններէն մէկը նկատուող յիշեալ հանդիպումներուն ներկայ կ՚ըլլան աշխարհի բոլոր շրջաններէն Վատիկան ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներ:

Սուրբ Պետրոսի պատմական հրապարակին վրայ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայցութեան տեղի ունեցած արարողութեան սկիզբը, Լեւոն ԺԴ. Պապը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց ժողովուրդին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, շատ ուրախ եմ բարի գալուստ մաղթելու Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ իրեն ընկերացող պատուարժան պատուիրակութեան։ Այս եղբայրական այցը կը ներկայացնէ կարեւոր առիթ մը՝ ամրապնդելու համար միութեան կապերը, որոնք արդեն գոյութիւն ունին մեր միջեւ, մինչ կը մօտենանք մեր եկեղեցիներու լիակատար միութեան: Ձերդ Սրբութի՛ւն, այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք տօնելու Հոգեգալուստը, Սուրբ Հոգիին շնորհքը կը հայցեմ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու դամբարաններուն ձեր կատարելիք ուխտագնացութեան վրայ, եւ կը հրաւիրեմ բոլոր ներկաները ջերմեռանդօրէն աղօթելու առատաձեռն Տիրոջ, որպէսզի ձեր այցելութիւնն ու հանդիպումները յաւելեալ քայլ հանդիսանան դէպի լիակատար միութիւն տանող ճամբուն վրայ։ Աղօթենք նաեւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, որոնք դարձեալ յօշոտուած են բռնութեամբ եւ պատերազմով: Բարի եկած էք, Ձերդ Սրբութի՛ւն, սիրելի՛ եպիսկոպոսներ եւ սիրելի՛ բարեկամներ։ Միասնաբար հայցենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եւ, ամէնէն առաջ, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի անոնք լուսաւորեն մեր ուղին դէպի այն լիակատար միութիւնը, զոր բոլորս կը բաղձանք»:

Ապա, Սուրբ Պետրոս հրապարակի բեմին վրայ, ժողովուրդին ներկայութեան, Պապը եւ Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական սիրոյ ողջագուրումով եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ տուին:

Աւարտին, Նորին Սրբութեան պատուիրակութիւնը երգեց «Կիլիկիա» օրհներգը եւ հայրապետական մաղթերգը, ուր յիշուեցան Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին անունները

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ»

ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Վատիկանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներու շարքին, իւրայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը միջ-կրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր պատասխանատու Քարտինալ Քուվաքատի հետ: Յիշեալ հանդիպումը, որ կայացաւ Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, որոշ իմաստով շարունակութիւնն էր Ղազախիստանի մէջ անցեալ ամառ նոյն Քարտինալին հետ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած միջ-կրօնական հարցերու քննարկումին:

Հանդիպման ընթացքին թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ Քարտինալը շեշտեցին միջ-կրօնական երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը բոլոր շրջաններէն ներս: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ միջ-կրօնական հանդիպումներուն օրակարգը նաեւ անհրաժեշտ է որ ընդգրկէ ներկայ ընկերութիւններու առնչուած հարցեր. օրինակ՝ կենսոլորտ, բռնութիւն, ճարտարագիտութիւն, բարոյագիտական հարցեր եւ այլն…: Յաճախ կատարուող միացեալ յայտարարութիւններէ անդին, կարեւոր է խաղաղ համակեցութիւն ու կառուցողական գործակցութիւն ստեղծել կրօններու միջեւ՝ աշխարհը յուզող հարցերու շուրջ: Համակեցութիւնը այլեւս դարձած է անհրաժեշտութիւն համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ: Հետեւաբար, բոլոր կրօնները պարտաւոր են միասին ապրելու՝ փոխադարձ հասկացողութեան դրական մթնոլորտի մէջ, նշեց Հայրապետը: Ան նաեւ յայտնեց, թէ մեր ժողովուրդը երկար դարեր ապրած է իսլամութեան հետ եւ կը շարունակէ ապրիլ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալին հետ Ղազախիստանի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծած էր Վատիկանի Կրէկորեան համալսարանին մէջ շուրջ տարի մը առաջ Ազրպէյճանի կազմակերպած համագումարի հարցը, որ միակողմանի մօտեցումներ կատարուած էին Արցախի եւ Հայ եկեղեցւոյ մասին: Նորին Սրբութիւնը դարձեալ այս մտահոգութեան անդրադարձաւ այն սպասումով, որ ակադեմական կեդրոնները առարկայական մօտեցում ունենան իրենց կողմէ եւ նոյնիսկ իրենց յարկին տակ քննարկուող նիւթերու գծով:

Քարտինալը համաձայն գտուեցաւ Նորին Սուրբ Օծութեան տեսակէտին՝ ընդլայնելու միջ-կրօնական հանդիպումներու օրակարգը՝ ներառելով ընկերութիւնը յուզող այժմէական հարցեր: Ան նաեւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ Ազրպէյճանի հետ Վատիկանի ունեցած երկխօսութեան, միաժամանակ շեշտելով, որ Վեհափառ Հայրապետին արծարծած հարցերուն շուրջ իր բաժանմունքը անհրաժեշտ աշխատանքները պիտի շարունակէ կատարել:

Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Քուվաքատին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

«Միջին Արեւելքի եկեղեցիները լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց են»

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հրաւէրով Վատիկանի Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու տնօրէնութեան, Երեքշաբթի, 19 Մայիս 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն տուաւ «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները Դիմագրաւող Մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Նախապէս երեք առիթներով Նորին Սրբութիւնը նոյն համալսարանին մէջ հրապարակային դասախօսութիւններ տուած է:

Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ Վեհափառ Կաթողիկոսին պատուիրակութեան անդամները: Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր խօսքը սկսաւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով տագնապներով լեցուն Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ապա, ան լայնօրէն անդրադարձաւ երկու կարեւոր խնդիրներու.-

ա) Քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու անտեսումը իբրեւ քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ (բացի Լիբանանէն):

բ) Քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն:

Յիշեալ երկու դժուարութիւններուն առաջքը առնելու կարելիութիւններուն ուղղութեամբ իր տեսակէտները պարզեց Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, ան շեշտեց, թէ շրջանէն ներս քրիստոնէութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, որ ըլլայ իրատես ու գործնական՝ համապատասխան աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու հոլովոյթին: Այս ուղղութեամբ, Հայրապետը եօթը կէտեր ընդգծեց՝ իւրաքանչիւրին պարագային անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալով.- ա) ամուր կապուածութիւն ապրած երկիրներուն, բ) համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում, գ) կրօնական ինքնութեան եւ ազգային ինքնութեան փոխ-կապակցութիւն, դ) փոքրամասնութիւն ըլլալու հասկացողութեան յստակացում, ե) քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն, զ) սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակէն՝ գործողի դերակատարութիւն եւ է) ինքնակղզիացումէ ու ինքնապաշտպանութենէ՝ մասնակցութիւն:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ եկեղեցիներու միջեւ ամուր գործակցութիւն յառաջացնելու, հասարակաց գետիններ ճշդելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը ծաւալելու կարելիութիւններու մասին: Այս ուղղութեամբ ան Զատկուան միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց: Ան նաեւ ընդգծեց եկեղեցիներու կրթական առաքելութիւնը վերակազմակերպելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց որոշ կարելիութիւններ, միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու գծով:

Իր դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն՝ իրենց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդի յարաբերութիւնը ազդու միջոցներով նոր հունաւորում տալու։ Միջին Արեւելքի պետական պատասխանատուներուն՝ իրենց երկիրներու կեանքին աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կարելիութիւնը տալու իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն: Արեւմտեան երկիրներուն՝ իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Եկեղեցիներու սփիւռքներուն՝ իրենց հաւատարմութիւնը գործնական միջոցներով ցոյց տալու թէ՛ իրենց մայր եկեղեցիներուն եւ թէ՛ իրենց հայրենիքներուն նկատմամբ:

Դասախօսութենէն ետք, համալսարանի տնօրէնութիւնը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարանի դասախօսները:

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում