ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՎԱՂԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԱՏԻԿԱՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը Կիրակի, 17 Մայիս 2026-ին, պիտի մեկնի Վատիկան՝ քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ: Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետը առանձին, ապա հրապարակային հանդիպումներ պիտի ունենայ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Քարտինալ Փարոլինի, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Քարտինալ Քոխի, արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու պատասխանատու Քարտինալ Կիւճերոթիի, միջ-կրօնական երկխօսութեան պատասխանատու Քարտինալ Քուաքաթի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը դասախօսութիւն պիտի տայ Վատիկանի արեւելեան համալսարանին մէջ:
Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն.-
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան,
Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան,
Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան,
Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան,
Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան,
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան,
Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան,
Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան,
Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան,
Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան,
Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան
Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: Կիլիկիա TV



