Վեց Հարիւր Տարուան Պատմութիւն Վտանգի Մէջ. Առանց անյապաղ միջամտութեան, պատմական Սուրբ Մակարայ վանքը պիտի կրէ անդառնալի վնասներ

  • 14.05.2026
  • 0
  • 107 Views

Պենտատաքթիլոսի լեռներու անտառներուն մէջ, Կիպրոսի թրքական գրաւման տակ գտնուող տարածքին, կանգուն է վանք մը, որ գոյատեւած է աւելի քան հազար տարի։ Այսօր Սուրբ Մակարայ վանքը (Մակարավանք) կը գտնուի փլուզման իրական վտանգի դիմաց՝ աւելի քան կէս դար առանց պահպանութեան մնալէ ետք։

Այս յուշարձանը պարզապէս հայկական յուշարձան մը չէ։ Անիկա կղզիի իսկ պատմութեան մէկ մասն է՝ միջնադարեան թագաւորութիւններէն մինչեւ ժամանակակից Կիպրոսի Հանրապետութիւն։ Սերունդներ շարունակ, տարբեր համայնքներէ ընտանիքներ կ՚այցելէին վանքը եւ զայն կը նկատէին Քայրինիայի ափերը դիտող գեղեցիկ լեռնային բնապատկերին անբաժանելի մէկ մասը։

Այսօր վանքը կը գտնուի անդառնալի փլուզման լուրջ վտանգի տակ, եթէ անյապաղ քայլեր չառնուին։ Տանիքներ արդէն փլած են, պատերը ճեղքեր ցոյց կու տան, իսկ բուսականութիւնը խորապէս ներթափանցած է շինարարական կառոյցին մէջ։ Քաղաքացիական ճարտարագէտներ եւ ճարտարապետներ կը նախազգուշացնեն, որ առանց անմիջական կայունացման՝ համալիրին որոշ բաժինները պիտի կորսուին անվերադարձ կերպով։ Վտանգը իրական է եւ կը զարգանայ աստիճանաբար ու լուռ կերպով։

Սուրբ Մակարայ վանքի փրկութիւնը միայն հայկական յուշարձան մը պահպանելու հարց չէ։ Անիկա Կիպրոսի պատմութիւնը կազմող կարեւոր պատմական եւ մշակութային շերտերէն մէկուն պահպանութիւնն է։ Այս յուշարձանը կը պատկանի ամբողջ մարդկութեան ընդհանուր ժառանգութեան։

Հիմնուած տասնմէկերորդ դարուն, վանքը դարեր շարունակ ծառայած է որպէս աղօթքի եւ ապաստանի վայր։ Պատմական աղբիւրները զայն կը կապեն Կիպրոսի Լուսինեան շրջանին հետ, մինչ օսմանեան հրովարտակները ճանչցած են անոր կարեւորութիւնը եւ շնորհած պաշտպանութիւն ու հարկային արտօնութիւններ։ 2016-ին Կիպրոսի Հնագիտական Բաժանմունքը վայրը ներառեց պահպանուող յուշարձաններու ցանկին մէջ՝ զայն ճանչնալով որպէս Կիպրոսի բազմամշակութային ժառանգութեան մէկ մասը։

Դրամահաւաք՝ Վերականգնման Աշխատանքներու Սկսման Համար

Վանքի պահպանման եւ վերականգնման առաջարկուած ծրագիրը պիտի իրականացուի երկհամայնքային Մշակութային Ժառանգութեան Թեքնիք Յանձնախումբի հաստատուած շրջանակին մէջ՝ Միացեալ Ազգերու Զարգացման Ծրագիրին (UNDP) հետ համագործակցաբար։ Այս համակարգը արդէն իսկ վերահսկած է Կիպրոսի բազմաթիւ կարեւոր յուշարձաններու պահպանման աշխատանքները՝ ապացուցելով, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը կարելի է իրականացնել համագործակցութեան, մասնագիտական ծրագրումի եւ միջազգային աջակցութեան միջոցով։

Սուրբ Մակարի համար մանրամասն ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական ծրագիրներ պատրաստուեցան 2018–2019 տարիներուն, իսկ աշխատանքները սկսան 2020-ի սկիզբը։ Սակայն COVID-19 համավարակին եւ հետագային՝ կապալառուին հետ ծագած պայմանագրային դժուարութիւններուն պատճառով ծրագիրը դադրեցաւ։ Այս ծրագիրները այժմ պիտի արդիականացուին, եւ երբ անհրաժեշտ գումարները ապահովուին յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին, կ՛ակնկալուի, որ աշխատանքները վայրէն ներս պիտի սկսին 2027-ի սկիզբը։

Գերաշնորհ Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան, Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը, եւ պարոն Վարդգէս Մահտեսեան, Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու Տան մէջ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը, կազմեցին յատուկ յանձնախումբ մը՝ այս պատմական վանքի վերանորոգման համար դրամահաւաք կազմակերպելու նպատակով։

Արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր, յանձնախումբը կապի մէջ է հայկական եւ ոչ հայկական կազմակերպութիւններու հետ՝ վանքին նկատմամբ իրազեկութիւն բարձրացնելու եւ վերականգնման համար նիւթական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։

Դրամահաւաքի արշաւին մասին տեղեկութիւններ հասանելի են հետեւեալ կայքին վրայ՝
www.armenianmonasterycyprus.org

Իրազեկման եւ Դրամահաւաքի Ձեռնարկ

Անցեալ շաբաթ իրազեկման եւ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Սթրովոլոս, Նիկոսիա։ Ներկայացումներ կատարուեցան վանքի ներկայ վիճակին, առաջարկուած վերականգնման ծրագիրներուն եւ թէ՛ հայկական համայնքի, թէ՛ ամբողջ կիպրական հասարակութեան աջակցութեան կարեւորութեան մասին։

Տոքթ. Mehmetcan Soyluoglou, Cyprus Institute-ի հետ-տոքթորական գիտաշխատող, ներկայացուց վանքի եռաչափ թուային մոտելը, ինչպէս նաեւ կառոյցին մէջ օգտագործուած փայտին գիտական վերլուծութիւնը։ Անոր յաջորդեց պարոն Բարսի Զարդարեանի ներկայացումը, որ խօսեցաւ երկհամայնքային Մշակութային Ժառանգութեան Թեքնիք Յանձնախումբի գործունէութեան մասին եւ ներկայացուց վերականգնման առաջարկուած ծրագիրը։

Քաջալերական էր տեսնել, որ դահլիճը լեցուն էր ոչ միայն հայկական համայնքի անդամներով, այլ նաեւ Յոյն Կիպրացիներով, Թուրք Կիպրացիներով, Մարոնիթներով եւ Լատիններով՝ ապացուցելով, որ այս յուշարձանն ու անոր վերականգնումը իսկապէս համակիպրական, բազմամշակութային ծրագիր մըն է, որ արժանի է լայն աջակցութեան։ Ներկայ էին նաեւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի Խաղաղապահ Ուժերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Cyprus Institute-ի եւ Մշակութային Ժառանգութեան Թեքնիք Յանձնախումբի անդամներ։

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Գերաշնորհ Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոսը շեշտեց․

«Սուրբ Մակարի վերականգնումը նշանակութիւն մը ունի, որ կը գերազանցէ քարաշէն պատերու գոյատեւումը։ Անիկա յարգանքի արտայայտութիւն մըն է անցեալին հանդէպ եւ պատասխանատուութիւն մը՝ ապագային հանդէպ։ Կիպրոսը միշտ եղած է ժողովուրդներու եւ հաւատքներու հանդիպման վայր, եւ անոր հարստութիւնը կը կայանայ այդ բազմազանութեան մէջ։ Կը հաւատամ, որ այս յուշարձանի պահպանումը միայն մէկ համայնքի պատասխանատուութիւնը չէ, այլ ամբողջ կիպրական հասարակութեան։ Երբ վերականգնուի, այս վանքը պիտի կանգնի որպէս շօշափելի ապացոյց, որ Կիպրացիները ընտրեցին պահպանումը՝ անտեսման փոխարէն, պատասխանատուութիւնը՝ անտարբերութեան փոխարէն, եւ փոխադարձ յարգանքը՝ կրօնական անհանդուրժողականութեան փոխարէն»։

Պարոն Զարդարեան ներկայացուց Թեքնիք Յանձնախումբին պատրաստած ծրագիրները եւ իր խօսքը աւարտեց ջերմ կոչով՝ ուղղուած հայկական համայնքին, ինչպէս նաեւ Յոյն եւ Թուրք Կիպրացիներուն՝ նուիրատուութիւն կատարելու համար, շեշտելով, որ այս յուշարձանը կը պատկանի կղզիի ընդհանուր ժառանգութեան, եւ ներկայ սերունդը պատասխանատուութիւն ունի զայն պաշտպանելու եւ պահպանելու ապագայ սերունդներուն համար։

Կապի Տուեալներ

Բարսի Զարդարեան
Հեռ.՝ +357 99 437104
Էլ. փոստ՝ info@armenianmonasterycyprus.org

Ազգային Առաջնորդարան
Հեռ.՝ +357 22 493560
Ժամեր՝ 9:00–12:00, Երկուշաբթի–Շաբաթ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում