Վենետիկի Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի Ամառնային Խտացեալ Դասընթացքին Քառասնամեակը

  • 06.08.2025
  • 0
  • 476 Views

Այս տարի կը լրանայ քառասնամեակը Վենետիկի Հայ Լեզուի եւ Մշակոյթի Ամառնային
Խտացեալ Դասընթացքին, կազմակերպուած՝ ամէն տարի Օգոստոս ամսուն Պո-Արաքս Մշակութային
Միութեան կողմէ, սկսեալ 1986-ի Օգսստոսէն, նախ՝ Քա Ֆոսկարի Համալսարանին
հովանաւորութեամբ մինչեւ 2015 եւ ապա Վենետիկի Պատրիարքութեան Մարչանում Հիմնարկին
ասպնջականութեամբ։
2025-ի Ամառնային Խտացեալ Դասընթացքի օրերուն պիտի կատարուի ակադեմական
ոգեկոչումը անցեալ երեսուն եւ ինը դասընթացքներուն (2020-ին Քովիտի բերմամբ տեղի չէ
ունեցած)։ 14 Օգոստոսին իբրեւ գլխաւոր բանախօս պիտի ունենանք Օքսֆորտէն Պրոֆ․ Թէո Ֆան
Լինթը, անգլերէն լեզուով, իսկ 16 Օգոստոսին՝ Երեւանէն Պրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեանը, հայերէն։


Մաէստրոյ Արամ Իփէքճեանի դուդուկի նուագը պիտի ընկերակցի հանդիսութիւններուն։
Սիրով կը հրաւիրուին մասնակցելու Պո-Արաքսի բոլոր բարեկամներն ու համակիրները,
Դասընթացքի նախկին սաներն ու գործակիցները եւ Հայ լեզուի ու մշակոյթի բոլոր սիրողները։


Վենետիկ, 30 Յուլիս 2025
Դիւան Պո-Արաքս Մշակութային Միութեան

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում