ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՍ ԼՈՒՐԸ Ո՛Չ ԿԸ ՀԵՐՔԷ, ՈՉ ԱԼ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութիւնը Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին մասին շրջան ընող լուրերը ո՛չ հերքեց, ոչ ալ հաստատեց:
«Վարչապետ Փաշինեանի ԱՄՆ կատարելիք այցի մասին մամուլում եւ սոցիալական (ընկերային) ցանցերում շրջանառուող տեղեկատուութիւնը այս պահին չենք կարող ո՛չ հերքել, ո՛չ հաստատել: Նման այցերի պարագայում, բնականաբար, լինում է պաշտօնական հաղորդագրութիւն, եւ տեղեկատուութիւնը հաստատուած կարելի է համարել պաշտօնական հաղորդագրութեան պարագայում», յայտնեցին կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մօտ հաւատարմագրուած ատրպէյճանական «Թուրան»ի թղթակիցը՝ լրագրող Ալեքս Ռաուֆօղլու, «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած էր, որ «Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ են այս շաբաթավերջին Ուաշինկթընի մէջ, խաղաղութեան իրենց մտադրութեան մասին յայտարարել»։
Ռաուֆօղլու կը պնդէ, թէ տեղեկութիւնը հաստատած են քանի մը աղբիւրներ, ըստ որոնց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուրբաթ օր Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի Փաշինեանը եւ Ալիեւը:
ԹՐԱՄՓ ՄՕՏ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ. ՍԹԻՒ ՏԷՅՆԶ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման շեմին է, «Ուալ Սթրիթ Ժըրընլ»ին համար գրուած յօդուածին մէջ կ՛ըսէ Հանրապետական կուսակցութեան անդամ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Սթիւ Տէյնզ:
«Ասիկա պիտի ըլլայ նշանաւոր ձեռքբերում մը` յաւելեալ քայլ մը՝ դէպի կայունութիւն, որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ պիտի ունենայ տնտեսական օգուտներ, որոնք դուրս կու գան մասնակցող երկիրներու շրջանակներէն: 1980ականներու վերջերէն նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմած Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը գտնուին դանդաղ ընթացող հակամարտութեան մը մէջ, որուն զուգահեռ կ՛արձանագրուին լուրջ բռնութեան պարբերական բռնկումներ: Խաղաղութիւն հաստատելու բազմաթիւ փորձեր եղած են անարդիւնաւէտ կամ ոչ հեռատես: Նախորդ վարչակազմերը առաջնահերթ ուշադրութիւն չեն դարձուցած տարածաշրջանին եւ խաղաղ բանակցութիւններուն», կը յայտնէ Տէյնզ, ըստ որուն, Թրամփ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս աճին ու կայունութեան։
Ան նաեւ կ՛ըսէ, որ յանուն տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պէտք է անյապաղ անոր ստորագրութիւնը աւարտին հասցնեն:
Աղբյուր՝ Ասպարէզ Asbarez – Armenian



