Դոկտ․Նորա Պայրագտարեան նշանակուեցաւ Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար

  • 11.02.2025
  • 0
  • 3774 Views

8 Փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նորակազմ կառավարութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նորանշանակ նախարար դոկտոր Նորա Պայրագտարեան։ Դոկտ. Նորա, իբրեւ նախարար, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը՝ իրեն վստահուած գործունէութեան սկսելէ առաջ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց ու ջերմօրէն շնորհաւորեց նախարարը եւ յաջող ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց անոր։ Հայրապետը միաժամանակ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ միջ-եկեղեցական շարժումին, նոյնպէս կառավարութեան աշխատանքներուն ան պիտի բերէ իր կարեւոր ներդրումը։

Յայտնենք, որ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր համալսարանական ուսումը ստացած է լիբանանեան համալսարանին մէջ, իսկ դոկտորականի տիտղոսը՝ Սորպոնի (Ֆրանսա) համալսարանին մէջ։ Ներկայիս Դոկտ. Նորա միջազգային յարաբերութեան եւ օրէնքի դասախօս է ամերիկեան ու լիբանանեան համալսարաններուն մէջ։ Ան լիբանանեան համալսարանի դոկտորական բաժանմունքի քաղաքական գիտութեանց պատասխաանտուն է։ Նախարար Պայրագտարեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամ է։ Եղած է նաեւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (World Council of Churches) կեդրոնական վարչութեան անդամ, իսկ ներկայիս ատենապետն է յիշեալ խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնաժողովին։

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի Կենսագրական Գիծեր

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանեան համալսարանին մէջ իրաւաբանութեան եւ քաղաքական ու վարչագիտական գիտութիւններու կաճառի դասախօս է ու բաժանմունքի տնօրէն, նաեւ կը դասախօսէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:

2004 թուականին Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանէն ստացած է դոկտորականի աստիճան, իսկ 2017 թուականին` փրոֆեսէօրի աստիճան Լիբանանեան համալսարանէն: Անդամ է Լիբանանեան համալսարանի Դոկտորական աստիճանի բարձրագոյն հիմնարկի միջազգային յանձնախումբին եւ համակարգող` Քաղաքական գիտութիւններու յանձնախումբի: Ան մինչեւ 2020 թուական աշխատած է Սպայից վարժարանին մէջ` իբրեւ դասախօս եւ քաղաքական գիտութիւններու համակարգող:

Դոկտ. Ն. Պայրագտարեան Լիբանանի մէջ Տնտեսական ու ընկերային խորհուրդի անդամ է, եւ ներկայ տնտեսական, ընկերային ու կենսոլորտային խորհուրդին մէջ` գիտութեան, ճարտարագիտութեան ու նորարարութեան յանձնախումբի նախագահ:

Ան անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի եւ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցած է շարք մը միջազգային հարթակներու վրայ, մասնաւորաբար` Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին մէջ:

Վերջերս ընտրուած է Եկեղեցիներու միջազգային խորհուրդին մէջ Միջազգային հարցերու յանձնախումբի համանախագահ: Նախապէս անդամ էր Ժընեւի մէջ Կեդրոնական յանձնախումբին:

Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային ու տեղական խորհրդաժողովներու` հիմնականին մէջ դասախօսելով միջազգային կառավարման, արդի միջազգային հարցերու եւ Լիբանանի առնչուող շարք մը նիւթերու շուրջ:

Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնց շարքին են «Լիբանանը ներքին կայունութեան ու շրջանային անվտանգութեան միջեւ», «Արտաքին քաղաքականութիւնն ու ներքին քաղաքականութիւնը» գիրքերը, ինչպէս նաեւ` արաբերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով բազմաթիւ միջազգային հետազօտութիւններու եւ յօդուածներու:

Ամուսնացած է Էտի Գապագեանի հետ եւ ունի որդի մը` Քրիստափոր:

Աղբյուր՝ Դոկտ․Նորա Պայրագտարեան նշանակուեցաւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում