«Այն Տեղեկութիւնները, Որ Մենք Իմացանք Եւ Տեսանք, Դրանք Ի Հարկէ Մտահոգիչ Են. Փաշինեան՝ Արցախի Ղեկավարութեան Դատավարութեան Մասին

  • 23.01.2025
  • 0
  • 314 Views

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովին մէջ պատասխանելով ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի հարցումին, թէ ինչո՛ւ ­Երեւան լուռ կը մնայ, երբ Հայաստանի քաղաքացիները Պաքուի բանտերուն մէջ կեղեքման եւ խոշտանգումներու կ՛ենթարկուին՝ ըսաւ. «Այն տեղեկութիւնները, որ մենք իմացաք եւ տեսաք այն տեսարանները, դրանք ի հարկէ մտահոգիչ են, բայց նաեւ պէտք է արձանագրենք, որ այս իրավիճակին մօտենում ենք չվնասելու տրամաբանութեամբ ե՛ւ մեր դիւանագիտական շփումներում, ե՛ւ  օրակարգում այդ հարցը մշտապէս ներկայ է։ Մենք շարունակելու ենք այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը, որպէսզի հասնենք արդիւնքի: Էլի եմ ասում` մեր խնդիրը առաջին հերթին չվնասելն է: Ես հիմա կարող եմ յայտարարութիւններ անել, որ ձեր հայրենասիրական էմոցիոնները (զգացումներ) բաւարարող յայտարարութիւն լինի, բայց այդ յայտարարութեան հետեւանքները եւ ազդեցութիւնն էդ մարդիկ զգալու են բանտում ` իրենց մաշկի վրայ: Սա մենք հասկանում են, թէ չենք հասկանում»:

Այս շինծու դատավարութեան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսիոյ Պետական տումայի ԱՊՀ գործերու եւ հայրենակիցներու հետ կապերու գծով յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլին: «Պաքուի մէջ սկսած է «շօ» դատավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներու եւ քանի մը հայրենակիցներու նկատմամբ», ըսաւ ան եւ եղածը նկատեց Ատրպէյճանի նախագահի անձնական վրէժխնդրութիւնը:

Ընդգծելով, որ յարուցուած 1389 քրէական գործերով մեղադրեալներուն մէջ են նաեւ իր ընկերները` Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, Զատուլին նկատել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ հայ բնակչութիւնը` առաւել քան 100 հազար անձեր, հեռացած են իրենց տուներէն, եկեղեցիները եւ պապենական գերեզմանները եւ փախուստ տուած Հայաստան, եւ դատելով այսօր Պաքուի մէջ կատարուածէն, ըստ Զատուլինի, գաղթականները բոլորովին իրաւացի էին:

«Ասիկա 21րդ դարու խայտառակութիւնն է` թէեւ աւելի փոքր տարողութեամբ կրկնելով 20րդ դարասկիզբի հայերու կոտորածի սարսափները», յայտարարեց Զատուլին։

Ասպարեզ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում