Արցախի Ազգային ժողովի Նախագահ Աշոտ Դանիելյանի հանդիպումները Կիպրոսում

  • 19.05.2026
  • 0
  • 5 Views

Կիպրահայեր առցանց պարբերականը հաղորդում է . «Եռօրեայ այցելութեամբ Կիպրոս կը գտնուէր Արցախի Ազգային ժողովի Նախագահ՝ Աշոտ Դանիէլեան։ Նախագահին կ’ուղեկցէր Արցախի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Արա Պուլուզեան։

Նախքան Կիպրոս այցելութիւնը, Ազգային Ժողովի Նախագահը, այցելած էր եւրոպայի շարք մը երկիրներ, որոնց կարգին Պելճիքա եւ Զուիցերիա, որոնց Դաշնային Խորհրդադաններէն ներս, խորհրդարականներու հետ քննարկած էր Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու հարցը։ Նախագահը մասնակցած էր նաեւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած, «Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»ին։

Կիպրոս այցելութեան առթիւ, քաղաքական հանդիպումներու առընթեր, Ուրբաթ 15 Մայիսի առաւօտեան, Գերշ. Տէր Կոմիտաս Արք., Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը եւ Արցախի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի ներկայագուցիչը։ Տեղի ունեցաւ քննարկում ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Յաջորդեց այցելութիւն Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարան, ուր վարժարանի տնօրէնուհին եւ հոգաբարձութեան ատենապետը ընդունեցին մեր հիւրերը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան դպրոցի կրթական եւ ուսումնական հարցերը։ Նախագահը բարձր գնահատեց վարժարանի ծրագիրները։ Ան զեկուցեց նաեւ Արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ անոնց ներկայ իրավիճակին մասին։ Նախագահը արձանագրութիւն մըն ալ կատարեց վարժարանի հիւրերու տոմարին մէջ։

Երեկոյեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչին հետ: Հանդիպումը ընթացաւ մտերմիկ միջավայրի մը մէջ, ուր քննուեցան Հայաստանը ու Արցախը յուզող հարցեր։ Իրիկուան, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ, նուիրուած Փարիզի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին։ Այս առթիւ, Պրն Աշոտ Դանիէլեան իր ունեցած ելոյթով իրազեկեց ներկաները Փարիզի խորհրդաժողովի ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնախնդիրի գծով։ Շաբաթ, 16 Մայիսի առաւօտեան, Պրն. Դանիէլեան այցելեց Պետական Ռատիոկայան, ուր տուաւ հարցազրոյց հայկական ռատիոժամին։

Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ»։

16.05.26

Armenian National Committee of CyprusLimassol Armenians / Լիմասոլահայեր Armenians in Paphos

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում