Լուսանկարում՝ Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք, ԺԳ. հատոր (2011-2024)
Մի քանի անձնական տպաւորութիւններ Հասկ Հայագիտական Տարեգիրքի վերանորոգման մասին՝ Նոր Շրջանի ԺԳ. հատորոյ (2011-2024) հրատարակութեան առթիւ
Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան
Մեծ գոհունակութեամբ ստացայ Հասկ Հայագիտական Տարեգիրքի օրինակս, լի հարուստ ու շահեկան պարունակութեամբ, խմբագրութեամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, օժտուած Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով եւ հայրապետական օրհնութեամբ, նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ մահուան 850-ամեակին։
Տարեգիրքը հետաքրքրական պատմութիւն կը ներկայացնէ. անդրանիկ հատորը ի լոյս ընծայուեցաւ 1948-ին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի ջանքերով, Մեծի Տանն Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նստավայրէն։ Ինչպէս երջանկայիշատակ Վեհափառի գիտական աշխատակից Սիմոն Սիմոնեան գրած էր՝ «Վեհ. Հայրապետի սիրելի եւ մշտասեւեռ երազը եղած է Ի՛ր Աթոռը – Անթիլիասը վերածել Մշակոյթի Կեդրոնի։ Գլաձորի՝ միջնադարեան հայ Համալսարանի մեծ ուսումնասիրողն է եղած Ան եւ կ՚ուզէ Իր Աթոռը փոխակերպել նոր օրերու Գլաձորի… Գլաձորի Համալսարանի հիմնադիրներուն հոգին վերածնած է Վեհափառ Հայրապետի մէջ, որ Լիբանանի այս մշտադալար ափերուն վրայ կ՚ուզէ հաստատել Հայ Մշակոյթի նոր վառարան մը»։[1] Ահա ա՛յս ոգիով է, որ Հասկ Հայագիտական Տարեգիրքը հիմնադրուեցաւ։ Կիլիկեան Ս. Աթոռը Մեծ Եղեռնի վաղորդայնին Սսոյ իր պատմական աթոռէն տեղահանուած էր, եւ Անթիլիաս հաստատուած՝ կը ջանար իր աքսորեալ հօտը սփոփել, զայն նոր հոգեւոր սննդեամբ սպառազինել, եւ նոյն ատեն Ս. Աթոռոյն վիճակը ամրապնդել։ Կարելի է երեւակայել թէ ինչպիսի վիթխարի նիւթական ու գոյաբանական դժուարութիւններ եւ ինչպիսի հրատապ առաջնահերթութիւններ կը դիմագրաւէր Կիլիկեան Ս. Աթոռը. այսուհանդերձ՝ հոգեւոր ու մշակութային արժէից ուսումնասիրութիւնը եւ Հայագիտութիւնը այնքա՛ն կարեւոր էին, որ նոյնիսկ այդ դժուար տարիներուն այսպիսի նախաձեռնութիւն մը իրականացաւ եւ յիրաւի մեծ յաջողութեամբ ալ պսակուեցաւ։ Շուտով առաջինին յաջորդեց միացեալ Բ. հատորը (1949-1950), եւ այնուհետեւ մի քանի տարուայ ընդմիջումէ մը ետք՝ Գ. հատորը (1957)։

Աւելի քան քսան տարի անցաւ մինչեւ Հասկ Հայագիտականի վերականգնումը՝ «Նոր Շրջան»ի մը ներքեւ, հետեւեալ արժէքաւոր հատորներու շարքը ընծայելով մասնագէտ ազգայնոց եւ ընթերցասէր հասարակութեան. այսպէս՝ լոյս տեսան «Նոր Շրջանի» հատորներ Ա. (1980), Բ.-Գ. (1981-1982), Դ.-Ե. (1983-1984), Զ. (1994), Է.-Ը. (1995-1996), Թ. (1997-2001), Ժ. (2002-2006), ԺԱ. (2007-2008) եւ հուսկ ԺԲ. (2009-2010)։ Լիբանանեան հայրենեաց քաղաքական ու տնտեսական վերիվայրումները ակնյայտօրէն իրենց դերը ունեցան Նոր Շրջանի յապաղմանց վրայ, սակայն Տարեգրքի առաքելութիւնը անվհատ շարունակուեցաւ ի հեճուկս երկու ընդմիջմանց։ Իսկ նկատի առնելով որ տակաւին երկիրը իր երբեմնի կայուն ու բարգաւաճ վիճակը չէր վերագտած՝ խիզախ եւ առաւել եւս ողջունելի քայլ մըն էր Հասկ Հայագիտականի ներկայ տարուայ վերակենդանացումը՝ պատշաճօրէն օգտագործելով մանաւանդ Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ մահուան 850-ամեակի ընծայած պատեհութիւնը։
Արդարեւ, բաւական աշխատանքներ կատարուեցան Սրբոյն աւանդին ու վարուց ուսումնասիրութեան ու վերարժեւորման տեսակէտով. Մաշթոցեան Մատենադարանը, Մխիթարեան Միաբանութիւնը, Հռովմի Քահանայապետական Հիմնարկը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բոլոր գիտաժողովներ կազմակերպեցին Սրբոյն նուիրուած. տրուպս անձնապէս վերոյիշեալ ձեռնարկներու առաջին երեքին մասնակցելու հրաւէրներու ընդառաջեց, ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածին (30 Յունիս 2023), Ռիգա (24 Նոյեմբեր 2023), Նիկոսիա (10 Յունուար 2024) եւ Բուդապեշտ (9 Փետրուար 2024) հանդէս գալով անձամբ՝ եւ Ազդակի լսարանի հարթակին վրայ (8 Փետրուար 2024) առցանց կապով։ Ատկէ զատ՝ ի սփիւռս աշխարհի զանազան միջազգային գիտաժողովներ հարստացան Սրբոյն հետ առնչուած զեկոյցներու ներառմամբ։ Տրուպիս պարագային՝ Շնորհալւոյ հետ առնչուած երաժշտութեան զանազան երեսակներու մասին դասախօսեցի Կարոլեան Համալսարանի Կաթողիկէ ու Հուսեան Բաժանմանց (21 Սեպտեմբեր 2023) եւ Չեխ Ազգային Կաճառի (23 Հոկտեմբեր 2023) գիտաժողովներուն. իսկ Լիսբոնի CESEM Երաժշտութեան Ընկերաբանութեան եւ Գեղագիտութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի անդրանիկ դասախօսութեանս (4 Ապրիլ 2024) կիզակէտը դարձեալ Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ ժառանգն էր։ Նոյնպէս՝ ականաւոր պատմաբաններ, Աստուածաբաններ եւ բանասէրներ «Շնորհալւոյ տարին» հարստացուցին նորանոր աշխատութիւններով։ Այսպիսով՝ Հասկ Հայագիտականի վերահաստատման համար լաւ հող պատրաստուած էր, եւ Տարեգրքիս եւ անոր արգոյ խմբագրութեան հանդէպ յարգանքի մասին պերճախօսութեամբ կը վկայէ այն հանգամանքը, որ մէկէ աւելի հեղինակներ իրենց այլուր ներկայացուցած բերանացի զեկոյցներու պարունակութիւնը ուզեցին Տարեգրքիս էջերուն համար վերապահել։ Նոյնն էր նաեւ իմ պարագաս։

Յիրաւի՝ Հասկ Հայագիտականի համեստ մասնակցութիւնս բերելը պարտք մը եւ նոյն ժամանակ երազի իրականացում մըն էր տրուպիս համար: Մանկութեանս տարիներէն Տարեգրքի հնագոյն հատորները կը թղթատէի ու ծայրէ-ծայր կ՚ընթերցէի. բարեբախտ էի, որ լուսահոգի մեծ-հօրեղբօրս՝ Վահրամ Իւթիւճեանի գրադարանէն մեր ընտանեաց փոխանցուած էին անոնք (իսկ ինք զանոնք ուղղակի Կաթողիկոսարանէն կը ստանար՝ ի գնահատանս Կիլիկեան Ս. Աթոռոյն հանդէպ իր բարերարութեանց): Եւ պարտք մը՝ գէթ փոքրիկ ձեւով մը խորին երախտագիտութիւնս արտայայտելու, նախ՝ Հոգելոյս ուսուցիչիս՝ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի, եւ ապա Շահան Սրբազանի, Պարոյր վարդապետի, Վեհափառ Տիրոջ եւ Կաթողիկոսութեան՝ իրենց ազնիւ հիւրասիրութեան համար երբ երկու տարի առաջ Անթիլիաս կը գտնուէի՝ Կաթողիկոսարանի, Դպրեվանուց եւ Համազգային Միութեան հովանեաց ներքեւ դասախօսելու համար։
Այրւոյ լումաս (էջ 221-264), որ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալւոյ ժառանգի հետ առնչուած երաժշտական հարցեր» խորագիրը կը կրէ՝ կը բաղկանայ հետեւեալ բաժիններէն. Ներածական, Հեղինակային պատկանողութեան հարցեր, Տարբեր շարականագրաց նոյն եղանակի օգտագործման երեւոյթը, Ս. Պատարագ, Տաղք, Մի քանի նկատողութիւններ եղանակային տարբերակներու մասին, Եզրափակիչ խօսք, Շնորհակալութիւններ – անշուշտ բազում ստորաբաժանումներով ըստ պատշաճի։
Երախտապարտ եմ Աբրահամ Տէրեանի, Գէորգ-Կիրակոս Աւ. Սրկ. Լէյլէկեանի, Հայկ Աւագեանի, Արամ Քերովբեանի, Լեւոն Շառոյեանի, Գերշ. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի եւ Մխիթարեան Միաբանութեան ի Ս. Ղազար եւ ի Վիեննա, Տիգրան Զարգարեանի եւ Հայաստանի Ազգային Գրադարանի, Սոնա Բալոյեանի եւ Մաշթոցեան Մատենադարանի, եւ անշուշտ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, իրենց բարեացակամ օժանդակութեան համար։
Տարեգրքիս կէսին քիչ մը աւելին նուիրուած է Սրբոյն գործունէութեանց, վարուց եւ ժառանգի հետ կապուած ուսումնասիրութեանց. իսկ երկրորդ կէսը կը բաղկանայ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող դիւանային, պատմական, երաժշտական եւ մատենագիտական նիւթերէ։ Պիտի ուզէի այս բաժնին վրայ պահ մը ուշադրութիւն ընծայել։ Դժուար է անշուշտ առանձնացնել այս կամ այն յօդուածը. սակայն ինծի յատուկ տպաւորութիւն թողուցին մի քանի նիւթեր։ Անոնցմէ մին Անի Ֆիշէնկճեանի ուսումնասիրութիւնն էր՝ «Բերիոյ (Հալէպ) թեմի կիրակնօրեայ դպրոցի ծնունդն ու կազմակերպումը» խորագրով։ Յուզիչ էր իմանալ թէ ինչպիս անձնուիրութեամբ դժուարութիւններ յաղթահարուեցան Սուրիոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ստեղծման ի խնդիր։ Այս նիւթը յատկապէս սրտիս խօսեցաւ, ի միջի այլոց նաեւ այդ պատճառաւ, որ անձնապէս «Կիրակնօրեայ Սուրբ Յարկ»էն մեծապէս օգտուեցայ մանկական տարիներուս (ուստի ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ որ ծննդավայրիս՝ Կիպրոսի Կիրակնօրեայ վարժարանը անփութութեան հետեւանօք ըստ երեւոյթի խափանուած է այլեւս)։ Երջանկայիշատակ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսի ուսումնասիրութիւնը (հեղինակուած երբ տակաւին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը ծառայէր իր եպիսկոպոսութեան տարիներուն) «Հայերը եւ Թիւրք լեզուն» նոյնպէս խիստ հետաքրքրական գտայ։ Լեւոն Շառոյեանի դիւրամատչելի սակայն հարուստ տեղեկութիւններով լի պատմական յօդուածը՝ «Աշոտ Ա. Բագրատունի եւ իր ժամանակը» նոյնպէս մեծապէս ըմբոշխնելի էր. հիանալի եւ օրինակելի նմոյշ մըն է, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս մասնագիտական մակարդակի աշխատանքներ կրնան ամփոփ, յստակ, մատչելի ու հետաքրքրաշարժ կերպիւ ներկայացուիլ լայն հանրութեան։
Տարեգրքին pdf պատճէնը կարելի է ապահովել Կաթողիկոսութեան գրատան դիմելով, իսկ հնագոյն հատորոց լիակատար հաւաքածոյի պատճէնները կարելի է ամբողջութեամբ ներբեռնել Հայաստանի Ազգային Գրադարանի կայքէջի միջոցաւ։
Պիտի ուզէի Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այսու որդիաբար իմ ջերմ շնորհաւորութիւններս եւ խնդակցութիւններս արտայայտել այս իրագործման համար, ինչպէս նաեւ սրտանց բարեմաղթութիւններս Հասկ Հայագիտական Տարեգիրքի ապագայ ընթացից եւ հետագայի նորանոր նուաճմանց համար։ Տողերս գրելով Հոկտեմբերի սկիզբը, սրտի կսկիծով եւ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւիմ ներկայ իրադարձութեանց, եւ Լիբանանի կրած յարձակմանց։ Կ՚՚աղօթեմ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր առաքելութիւնը ըստ կարելւոյն զերծ մնայ վտանգներէ ու վնասէ, եւ այդ առաքելութեան մէջ իր կարեւոր դերը ունեցող Հասկ Հայագիտականի յառաջիկայ հրատարակութիւնները եւս անխափան ու անկաշկանդ յառաջանան՝ կամօքն Նախախնամութեան։
[1] Տե՛ս Սիմոն Սիմոնեանի յառաջաբանը, Գարեգին Ա. Կաթողիկոս, Յիշատակարանք Ձեռագրաց, Ա. հատոր, Անթիլիաս, 1951, էջ իթ։
orer.eu



