ԻՍՐԱՅԷԼ-ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԽԱՅՏԱՌԱԿ ԳՈՐԾԱՐՔՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԱՂԵՏԱԼԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՎՐԱՅ

  • 21.01.2024
  • 0
  • 298 Views

2018-2020 չարաբաստիկ տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի համար, որ յանգեցաւ Ազրպէյճանի անարգ յարձակման՝ ազատատենչ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ՝ հսկայական մարդկային եւ նիւթական կորուստներ պատճառելով հայ ժողովուրդին։ Ազրպէյճանի տարած յաղթանակին մէջ կարեւոր դեր խաղցան Թուրքիոյ հսկայական ռազմա-քաղաքական աջակցութիւնը, մանաւանդ անօդաչու թռչող սարքերով («Պայրաքտար»), Իսրայէլեան նոյնանման զէնքերու եւ գեր-արդիական ռազմամթերքի եւ հրթիռներու մատակարարման պատճառով։ Մանաւանդ նաեւ՝ Ռուսիոյ ղեկավարութեան անփոյթ եւ աններելի վերաբերմունքը 400 տարեայ դաշնակից եւ «եղբայրական» Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ։

Այս օրերուն, Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ դարձեալ արծարծուեցաւ Իսրայէլի մէկ միլիառ տոլարի վերջերս կատարած զէնքերու վաճառքը Ազրպէյճանի եւ անկարելիութիւն՝ վերահսկելու զանոնք…։ Երկու ամիս առաջ ալ, Երեւանի մէջ գտնուող հրէական Սինակոկի մուտքին հրդեհ մը բռնկեցաւ, առ ի բողոք Իսրայէլի զէնքերու վաճառքին։

Աւելին, Երեւանի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ տեղադրուած հրէական «Ողջակիզում»ին վերաբերուող յուշարձանը պղծուեցաւ, մինչ Հրեաներու Միութեան գրասենեակը բազմաթիւ սպառնալիքներ ստացաւ «անծանօթ»ներու կողմէ՝ 2020 եւ 2023 թուականներու Արցախեան պատերազմներու օրերուն։

Այս բոլորին յստակ բացատրութիւններ տալու համար՝ կապուեցանք ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի մէջ գործող Հրէական միջազգային եւ դիւանագիտական հաստատութիւններուն մօտիկ ականաւոր հայ գործիչներու հետ՝ որոնցմէ ստացանք յոյժ կարեւոր հետեւեալ տեղեկութիւնները, որոնց մէջ իրենց կարեւոր մեղքը ունեցած են մանաւանդ Հայաստանի շահամոլ, կաշառակեր ղեկավարները, որոնք իրենց ագահ եւ չտես քաղաքականութեամբ պատճառ դարձան ահաւոր ողբերգութեանց Մայր Հայրենիքին հանդէպ։ Անշուշտ ձեռնպահ կը մնանք անոնց անունները յիշելէ այս յօդուածին մէջ՝ անվտանգութեան երաշխիքներէ մեկնելով։

– «2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին, նոյնիսկ «Քովիտ»ի համաճարակի օրերուն՝ մեր բնակարանը Ուաշինկթընի մէջ հրաւիրեցինք ԱՄՆ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպանը։ Զրոյցի ընթացքին անոր հարց տուինք թէ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր յարաբերութիւններու լոյսին տակ ինչո՞ւ Իսրայէլ այդ մահասփիւռ զէնքերը, անօդաչու սարքերը, զինամթերք կը վաճառէ Ազրպէյճանին։ Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ այդ արդիական զէնքերը պիտի օգտագործուէին Հայաստանի դէմ՝ որ անկարող եղաւ այսպիսի հարուածներու դիմադրել…։

Իսրայէլի դեսպանը նախ ճշդեց թէ այդ զէնքերու վաճառքի յետագայ տնօրինումին մէջ իրենք չէին կրնար միջամտել եւ յիշեցուց, թէ Հայաստանի նախկին նախագահին օրով եւ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի նախօրեակին, իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւն մը Հայաստան այցելած էր մի քանի անգամ, առաջարկելով անօդաչու թռչող սարքերու եւ գեր-արդիական զէնքերու վաճառքի նախապատուութիւնը հայերուն տալ։ Սակայն, ինչպէս նախկին նախագահը եւ ապա պաշտպանութեան նախարարը (այժմ բանտարկուած կաշառակերութեան համար), բացէիբաց կաշառք եւ շահաբաժին պահանջած են, «3-րդ ընկերութեան» մը քօղին տակ…։ Իսրայէլեան պատուիրակութիւնը մերժած է եւ յայտնած, թէ անոնք մէ՛կ, պաշտօնական կողմի կը վաճառեն զէնքերը։ Հայկական կողմը զայրացած, պատասխանած է, թէ իրենք Ռուսիայէն ձրի զէնքեր կը ստանան արդէն եւ պէտք չունին իսրայէլեան արդիական, մանաւանդ անօդաչու թռչող սարքերուն, որոնց անօգուտ կը նկատեն։

Ազրպէյճանին վաճառուած Իսրայէլեան HAROPE անօդաչու սարքը  

Նոյնը կը հաստատեն Հայաստանի Հրէական համայնքի ղեկավարները, որոնք հանդիպած են Իսրայէլի ռազմական պատուիրակութեան հետ եւ զարմացած Հայաստանի ղեկավարութեան եւ բանակի հրամանատարութեան թեթեւսոլիկ մօտեցումներէն՝ համաշխարհային ռազմական բախումներուն մէջ հիմնական դեր խաղացող անօդաչու թռչող սարքերու կարեւորութեան վերաբերեալ։ Հայկական զինուած ուժերու գլխաւոր կորուստները շուրջ 6000 սպանւած եւ 4000 հաշմանդամ՝ եղան այդ անկասելի «տրոն»ներու պատճառով, որոնք լայնօրէն օգտագործուեցան Ազրպէյճանի կողմէ։

Անշուշտ, այս բոլորը չեն արդարացներ Իսրայէլի 40 միլիառ տոլարի գործարքը Ազրպէյճանի հետ, զէնք՝ նաֆթի ու կազի դիմաց։ Սակայն մենք կարող էինք եւ կարող ենք սրբագրել այս բոլոր անցեալի եւ ներկայի սխալները եւ փոխանակ զբաղելու բիւզանդական անվերջ վէճերով, պառակտելով, ալան-թալանով եւ այլ ամօթալի գործարքներով հայրենիքը անպաշտպան ձգելու աղիտալի ընթացքին մէջ, փորձենք փրկել մնացածը՝ քանի ուշ չէ։

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Երեւան – Ուաշիկթըն – Պէյրութ

(հեռախօսով)

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում