ՌԱԿեան համադրուած մամուլը կը յայտարարէ` նկատի ունենալով մինչեւ Յունիսի 9-ը բացայայտուած ընտրական տուեալները

  • 11.06.2026
  • 0
  • 25 Views

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Նկատի ունենալով մինչեւ Յունիսի 9-ը բացայայտուած ընտրական տուեալները՝ ՌԱԿեան համադրուած մամուլը կը յայտարարէ.

Բացառապէս ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան կիրակի Յունիսի 7-ին։

Ընտրութեանց վերջնական արդիւնքները տակաւին յայտնի չեն։  Անոնք ենթակայ են տարբեր ընտրական կանոններու խախտման հետեւանքով կատարուող վերաքննութեանց։

Հետեւաբար մեր այս յայտարարութեամբ, կ’ուզենք արժամեայ եւ սակայն բաւականին որոշ արդիւնքներով, նշել հետեւեալը. քուէներու առաւելութեան շարքով խորհրդարան պիտի անցնին «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Ուժեղ Հայաստան», «Հայաստան» դաշինք, «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ հաւանաբար նաեւ «Միասնութեան թեւեր» խմբաւորումները։

Մինչ որոշ է, թէ Նիքոլ Փաշինեանի գլխաւորած ՔՊ-ն պիտի կարենայ կազմել կառավարութիւնը, սակայն սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու իր կարողութիւնը հաւանաբար պիտի ըլլայ խիստ սահմանափակ, երբ յայտնուին վերջնական արդիւնքները։

Ընտրական կանոններու խախտման մասին վէճերը հաւանաբար տակաւին երկար ժամանակ մնան անլոյծ։

Այս հանգրուանին սակայն, հակառակ շրջանաւարտ իշխանութեանց կողմէ իրենց վարչական միջոցներով ընտրական ընդունուած սովորութիւններու եւ կանոններու խախտման ակնյայտ պարագաներուն, որոնք այժմ տակաւին ենթակայ են ընթացիկ վերաքննութեանց, ամենայն դէպս, որպէս առաւելագոյն քուէ ստացող խմբաւորում՝ կը շնորհաւորենք «Քաղաքացիական պայմանագիրը»։

Մեր գլխաւոր կոչը եւ պատգամը սակայն, հաստատ կը մնայ՝ ուղղուած Հայաստանի մէջ գործող բոլոր քաղաքական, տնտեսական եւ մտաւորական շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ Հայ ժողովուրդին, ամէն ջանք գործադրել, որպէսզի Հայաստանի մէջ տիրէ խաղաղութիւն, միասնականութիւն, եւ յարգանք հանդէպ մեր բոլոր սրբութիւններուն։ Մանաւանդ առաւելագոյն կարեւորութեամբ ու հետեւողականութեամբ հետապնդել երկիրը իր սեփական պաշտպանութեան միջոցներով օժտելու կենսական աշխատանքը։

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում