Հայ Ժողովուրդին Անսակարկելի Պահանջները` Անկախ Թէ Ովքեր Պիտի Ըլլան Նոր Իշխանութիւնները

  • 01.05.2026
  • 0
  • 95 Views

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Պետական բարձրագոյն՝

Member of the Order of Canada Շքանշանակիր

Հազիւ թէ քանի մը շաբաթներ մնացած են մինչեւ Յունիսի 7-ը ուր տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համապետական ընտրութիւնները: Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք թէ մեծ չափով այս ընտրութիւններու արդիւնքէն կախեալ է յառաջիկայ երկար տարիներուն համար, թէ մեր հայրենիքին եւ թէ հայաստանաբնակ ինչպէս նաև Սփիւռքի հայութեան ազգային ճակատագիրը:

Սակայն հակառակ այս անգամուան ընտրութեանց անկիւնադարձային կարեւորութեան, որոշ յուսախաբութեամբ է որ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ ընտրարշաւի այս օրերուն, ընտրուելու հաւակնութիւն ունեցող որոշ հոսանքներուն  գործելակերպին, խօսելակերպին եւ խոստումներուն մէջ դրսեւորուած լրջութեան եւ յստակութեան պակասին կամ տկարութեան: Յատկապէս, նուազագոյնը անյարմար է ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին և իր որոշ գործակիցներուն «ընտրապտոյտներուն» ընթացքին, կրկնակի տարբեր ուտեստեղէններ ճաշակելով, կամ հրապարակներու վրայ թմբուկ նուազելով ժողովրդականութիւն շահելու փորձերը…

          Նախորդ մեր յօդուածով արծարծեցինք անվիճելի կարեւորութիւն ունեցող հարցերէն մէկը հանդիսացող Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ յարաբերութեանց յստակացումը: Եզրակացուցինք թէ Սփիւռքը իր առաւելութիւններով եւ տկարութիւններով հանդերձ անբաժանելի եւ իրաւասու թանկագին մէկ մասնիկն է Հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար ՝ անկախաբար Հայաստանի օրուան իշխանութեանց և յատկապէս հետընտրութեանց նոր իշխանութիւններուն նախասիրութիւններէն, այս վերջինները պարտաւոր են Սփիւռքին հետ վարուիլ այնպէս ինչպէս պարտաւոր են վարուիլ Հայ  ժողովուրդի որեւէ մէկ ուրիշ հարազատ հատուածին հետ: Չենք զարմանար թէ իշխանութիւնները աճապարուած չեն հակազդելու այս դժուար վիճելի և կառուցողական առաջարկին:

Այս անգամ, մեր այս յօդուածին նպատակն է բնորոշել գիտակից որեւէ հայու՝ նորընտրելի իշխանութիւններուն  ուղղռւած անսակարկելի միւս պահանջները, որպէսզի Յունիսի 7-ին քուէատուփին մօտեցող քաղաքացին արդարօրէն որոշէ իր քուէին արժանի խմբաւորումը:

          Պահանջ 1: – Այո խաղաղութիւն պէտք է տիրէ Հայաստանի տարածքին վրայ:

          Առաջնահերթ է այս պահանջը որեւէ երկրի՝ մանաւանդ Հայաստանի համար: Կարեւոր է սակայն մատնանշել թէ ներկայ եւ շուտով շրջանաւարտ իշխանութիւններուն հիմնական սխալը այն է թէ անոնք կուզեն համոզել թէ պէտք է այս պահանջը լրացնել մեկնելով բազմադարեան մեր թշնամիներուն նկատմամբ ամբողջական զինաթափութեան դիրքերէն, այսինքն «ի գին ամէն զիջողութեան»: Բացայայտօրէն անտրամաբանական եւ ազգաքանդ է այս «մաֆիայի զոհի» դասական օրինակը հանդիսացող կեցուածքը, ուր այս վերջինը ի վերջոյ ամբողջովին անձնատուր եւ անզօր գերին կը դառնայ զինք յօշոտող անյագ մաֆիապետին: Այդպէս ալ է այսօր, անյագօրէն պահանջող Ատրպէյճանին եւ յաւերժօրէն տեղի տուող Հայաստանին փոխյարաբերութիւններուն անընդունելի վիճակը…:

Ակնյայտ իրականութիւնը այն է թէ Հայաստանին առտու գիշեր «Խաղաղութեան համաձայնագիր» ստորագրելու ջանքերուն, Ատրպէյճանը ոչ իսկ դոյզն դրական պատասխան տուած է մինչեւ այսօր:

Ընդհակառակը ան իր տարբեր խօսափողերով չի դադրիր համարձակիլ Սեւանը եւ Երեւանը Արեւմտեան Ատրպէյճան որակելէ:    Իսկ անցեալ Օգոստոս 8-ի՝ առանց որևէ երաշխիքի Ուաշինկթընեան Թրամփի այլևս հանրծաօթ՝ թատերական ներկայացման համազօր «Համաձայագիրը», կը մշարունակէ մնալ ճիշդ այդ մակարդակին վրայ:

          Նորընտրուող իշխանութիւններէն կը պահանջուի հետապնդել եւ իրականացնել իսկական արդար եւ արժանապատիւ, երաշխիքներով եւ ինքնապաշտպանութեամբ ապահովուած, տեւական խաղաղութեամբ  Հայաստանը օժտելու լուրջ աշխատանքը:

         Պահանջ 2: Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ պարտի հաստատուիլ միջազգային մակարդակով մարդու խօսքի եւ իրաւունքներու ազատութեան, եւ ռամկավարական սկզբունքներու բծախնդիր գործադրութեան անվիճելի դրութիւնը:

        Ութ տարիներ առաջ երբ թաւշեայ յեղափոխութիւն  անուան տակ ձեւակերպուեցան այսօրուան իշխանութիւնները, անոնք ժամանակի մը համար վայելեցին համաժողովրդային համակրանք, որովհետեւ անոնք Հայաստանի ժողովուրդին կը խոստանային ճիշդ այդ սկզբունքները բծախնդրօրէն գործադրել:  Այսօր ութ տարիներ ետք կացութիւնը ոչ թէ միայն վերադարձած է նախորդ  շրջանին տեղի ունեցող կարգ մը այլանդակութեանց, այլ նաեւ աւելին՝ հիմա Հայ ժողովուրդի դարաւոր սրբութիւնները ոտնակոխ ընելու անամօթ՝ հիւանդագին եւ կոպիտ գործելակերպն է որ կը տիրէ:

          Առաւել ևս, ժողովուրդը ամէն օր ենթարկուած է արդարադատութեան եւ օրինական կարգ ու սարքի կամայական եւ քմահաճ գործադրութեան զզուելի գործելակերպին:

          Սովորական երեւոյթ դարձած է իշխանութեան քմահաճ դրդումով, իրենց անհաճոյ նկատած որեւէ անհատ կամ խումբ «կալանաւորելու» եւ ամիսներով կալանքի տակ պահելու, յետոյ ազատ արձակելու, եւ յետոյ կրկին «կալանաւորելու» անհաւատալիօրէն քմահաճ  գործելակերպը:

          Եկեղեցական բարձրաստիճան հոգեւորականներ, իրենց բացառիկ բարերարութեամբ՝ յարգուած գործարարներ, կամ երիտասարդ համարձակ  կարծիք յայտնող քաղաքացիներ, ամէն օր կ՛ենթարկուին այս կոպիտ անքաղաքակիրթ, անընդունելի վերաբերմունքին:

          Նորընտրուող իշխանութիւններէն կը պահանջուի անմիջապէս դադրեցնել այս դիկտատորական հասարակ գործելակերպը, եւ ազատ արձակել բոլոր այս կարգի «կալանաւորները»:

        Պահանջ 3:- Վերահաստատել Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային բոլոր սրբութիւններու նկատմամբ յարգանքը եւ ակնածանքը: Այստեղ պէտք է յատուկ կարեւորութեամբ յիշուին հետեւեալ կարևորագոյն ստորաբաժանումները: 

          ա.- Հայաստանեայց Առաքելական բազմադարեան Եկեղեցւոյ նկատմամբ կը պահանջուի վերահաստատել ամբողջական յարգանք: Նորընտրուած իշխանութիւնները պարտին անմիջապէս դադրեցնել ժամանակէ մը ի վեր ներկայ իշխանութեանց ՝ Հ.Ա. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն, Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածնայ եւ Ամենայն Հայոց ազգընտիր Հայրապետին նկատմամբ որդեգրած անօրէն վերաբերմունքը:

            Անընդունելի է իշխանութեանց կողմէ որեւէ կերպով միջամուխ ըլլալ Հ.Ա.Ե. ներքին գործունէութեան:  Սահմանադրականօրէն եւ դարաւոր մեր աւանդութեանց ոյժով հաստատուած այս անսակարկելի գործելակերպը պարտի անմիջապէս որդեգրուիլ նոր իշխանութեանց կողմէ:

          բ.- Ոչ մէկ հարազատ Հայ իշխանութիւն կրնայ հրաժաըիլ ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան պարտականութենէն:

Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը  անսակարկելի եւ անփոփոխելի պարտականութիւնն է հայ պետականութիւնը ներկայացնող բոլոր ժամանակի իշխանութեանց համար:

          գ.- Յաւիտենական Արարատ լեռը անփոփոխելի եւ անսակարկելի

պատմական խորհրդանիշն է Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին: Անոր հայկական աշխարհին հոգեկան պատկանելիութիւնը սակարկութեան առարկայ դարձնելը ամօթալի արարք մըն է պարզապէս: Կը պահանջուի Արարատը վերադարձնել իր պատուոյ տեղը ազգային խորհրդանիշներուն, եւ սրտերուն մէջ:

          դ.- «Արցախը մերն է» ըսաւ Հայ ժողովուրդը ամբողջ երեսուն տարիներ իր քաղաքական , գրական, դպրոցական եւ բոլոր այլ հարթակներուն վրայ: Անհաւատալի խեղճութեան դրսեւորում է, մեր դարաւոր պատմութեան մէջ արձանագրուած այս տուեալ իրականութիւնը հարցականի տակ դնելը:

          Գիտակցելով հանդերձ դժբախտաբար տակաւին ինքնապաշտպանութեան մեր այսօրուան տկարութեան, կարելի չէ վաճառքի հանել պատմական իրականութիւնները: Անձնատուութիւնը երբեք լուծում մը չէ… նորընտիր իշխանութիւններէն կը պահանջուի իրատես ըլլալ սակայն երբեք չդաւաճանել մեր պատմութեան:

          Պահանջ 4 եւ վերջինը:

          Նորընտիր իշխանութիւններէն մեր վերջին պահանջը որ նաեւ միւս բոլորին իրականացման անվիճելի հաւաստիքը կը ներկայացնէ, վերականգումն է Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան  ազդու եւ արդիական միջոցներուն, որպէս առաջնահերթութեանց մէջ առաջինը:  Նախ շեշտենք թէ Հայաստանը ունի պահանջուած բոլոր միջոցները որպէսզի ինքնապաշտպանութեան իմաստով իր ռազմական կարողութիւնը հասցնէ արդիական  բարձրագոյն մակարդակին: Այս մասին քանիցս  մանրամասնօրէն գրած ըլլալով աւելորդ կը գտնենք անգամ մը եւս այստեղ ներկայացնել այս իրականութիւնը առարկայական պատճառաբանուած տուեալներով հաստատող փաստարկումը:

          Անհրաժշտ է վճռականօրէն կրկնել թէ առանց

բարձրագոյն մակարդակով ինքնապաշտպանութիւն ապահովելու, մնացեալ վերեւը մեր նշած բոլոր արդար պահանջներու իրականացումը կը մնայ իտէալիստական ռոմանթիք երազի մակարդակին վրայ:

          Ալիեւին համար մեր Հայաստանը,  մինչեւ այսօր իր Արեւմտեան Ատրպէյճանն է…: Իսկ Եւրոմիութեան կամ Թրամփի Ամերիկային համար, մեզ համար թանկագին  մեր բազմադարեան հայրենիքը, պարզ անցողակի հետաքրքրութեան նոյնքան ալ դիւրաւ մոռցուելիք մանրամասնութիւն մըն է: 

          Պիտի եզրակացնե՛նք, յստակ կերպով յայտարարելով թէ Հայաստանի համապետական ընտրութիւններուն առնչութեամբ մենք յատուկ՝ ի սկզբանէ որեւէ  թեկնածուի  կամ քաղաքական խմբաւորումի նկատմամբ համակրանքով կամ հակակրանքով չենք ուզեր մօտենալ:

          Սակայն անվիճելի իրականութիւն է թէ Հայ ժողովուրդի անշահախնդիր եւ գերազանցօրէն գիտակից մասին մեծամասնութեան համակրանքը եւ զօրավիգը ուղղուած է այն, եզակի կամ յոգնակի, թեկնածուին կամ խմբաւորումին որ կը խոստանայ իր բոլոր միջոցներով ջանալ ապահովել այս յօդուածով բնորոշուած վերոյիշեալ անսակարկելի պահանջներու իրագործումը:

            Ի դէպ, ուշադրութեամբ կը հետևինք երթալով սաստկացող ներկայ ընտրարշաւին մէջ դրսեւորուող առարկայական զարգացումներուն: Արդէն իսկ ակնյայտ և տպաւորիչ են գլխաւոր խմբաւորումներէն՝ մանաւանդ, Սամւել Կաապետյանի գլխաւորած եւ հսկայական հետևողութիւն ապահռված՝ «Ուժեղ Հայաստանի» և բազմահազար մասակիցներով ծովածաւալ՝ ջահերդ գլխաւորած՝ «Հյայաստան Դաշինքի» վայելած ժողովրդականութիւնը: Անոնք նաև ակնյայտօրէն ջատագով են մեր վերևը թուած «պահանջներուն» իրականացման:

Հետևաբար այս պայմաններու տակ որոշապէս մաղթելի է որ միւս խմբաւորումները եւս, և մանաւանդ ՔՊ-ական շարժման մէջ եւս, դուրս գան ողջմիտ հայրնեասիրութեան հետևորդներու մեծ խումբեր , և բոլորը միացնեն իրենց ոյժերը որպէսզի նորընտիր իշխանութիւնները վայելեն ամբողջ Հայ ժողովուրդին՝ ներառեալ ամբողջ Սփիւռքին զօրավիգը:

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում