Ուրբաթ, 23 Յունուար, 2026-ին, ժամը 17:00-ին, բացառիկ հանդիսաւորութեամբ եւ շուքով կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատան նոր յարկին: Բազմաթիւ հրաւիրեալներ խմբուած էին Ձեռագրատան բակը, ուր նախ խօսք առաւ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ձեռագրատան նոր յարկաբաժնի նորոգութեան բարերաներ՝ Տիար Ճերալտ Տէմիրճեանի, Չարլզ Տէմիրճեանի եւ Ռիչըրտ Տէմիրճեանի եւ Տէմիրճեան ընտանիքի մասին, որոնց նուիրատուութեամբ կարելի դարձաւ Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատան նորոգութիւնը, յարդարումը եւ վերազարդարումը:

Տէմիրճեան ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ բարերաներէն Տիար Չարլզ Տէմիրճեան, ապա Նորին Ամենապատուութեան հետ միասին կտրեցին կարմիր ժապաւէնը՝ պաշտօնապէս բանալով Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատունը:
Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատունը 4000 հայերէն ձեռագիր մատեաններու իր հաւաքածոյով Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն յետոյ թուով երկրորդ է:
Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատան տեսուչն է Հոգեշնորհ Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան:





