Սուրբ Ծնունդի պատգամը “Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս` տան աւետիս աշխարհի։
Ծնաւ նոր արքայ ի Բեթղեհեմ քաղաքի, որդիք մարդկան օրհնեցէք…”
Հայոց պամահօր սոյն ստեղծագործութեան մէջ ամփոփուած է երկնային փրկչագործութեան ամբողջ խորհուրդը։
Հայերուս համար այս մեծ խորհուրդը դարեր շարունակ յոյսի, լոյսի եւ փրկութեան աղբիւր հանդիսացած է։ Մասնաւորաբար յոբելինական ընթացիկ տարուան հետ կապուած` խորիմաստ է “Զի վասն մեր մարմնացաւ”ը, քանզի Իր մարմնանալով` մեզ հայերուս նոր կեանք եւ աւիշ պարգեւեց։
Ուշագրաւ է, որ հայոց պատմութեան զարմանահրաշ թուականներէն մէկը հանդիսացող 1869-ին, յորժամ ազգը թրքական լուծի ճնշման ուժգնութեան տակ ընկրկած, իր գոյապայքարը կը մղէր,
Աստուածային նախախնամութեամբ մը` հայ մօր արգանդը արգասաբեր ըլլալով ծնունդ տուաւ երեք մեծ տիտաններու, որոնք իրենց նշանակալի աւանդը բերին հայ իրականութեան մէջ։
Ամենայն հայոց բանաստեղծ` Յովհաննէս Թումանեանը, ամենայն հայոց երգի վեհափառ` Կոմիտաս վարդապետն ու ընդհանրական եկեղեցւոյ Սուրբ` Իգնատիոս Մալոյեանը։
Տխրահռչակ 2023-էն 2025-ի Հոկտեմբեր 19, հայը այնպիսի իրավիճակ
մէջ յայտնուեցաւ, որ հայոց պատմութեան մէջ աննախադէպ եւ եզակի երեւոյթ չէր, բայց եւ այնպէս` ժամանակի փոշիներու ծածկոյթը զքօղեցին այդ էջերը։
Հայ ժողովուրդը, որ իր անցեալի հերոսական դրուագներով զօրացած եւ անկէ ստացած ներուժով գօտեպնդուած` կը փշրէր իր առջեւ ցցուած բոլոր պատնէշները եւ իր ազգային նկարագիրն ու պատկանելութիւնը կը պահէր սփիւռքեան ամենաանողոք պայմաններու մէջ իսկ, անգամ ուծացման վտանգն ու սպառնալիքը անտեսելով` հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ կը թիավարէր իր մակոյկը,
միշտ ի մտի ունենալով` Մովսէս Խորենացիի հայ ժողովուրդի անցեալի եւ ապագայի նկատմամբ բնութագրած մարգարէաշունչ խօսքը` “Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր, եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի”։
Վերջին տարիներուն դատապարտուեցաւ ամօթի խարանը իր ճակտին կրելու։ Հայը, որ հազարամեակներ շարունակ կը հաւատար, թէ ինք պատմութեան խորքէն եկած եւ դէպի յաւիտենականութիւն ընթացող ազգ է եւ այդպէս ալ պիտի գոյատեւէ, յանկարծ անել կացութեան դիմաց յայտնուելով` կորսնցուց իր ազգային պարծանքն ու արժանապատուութիւնը եւ խարխափած ելքեր որոնելու խնդիր ունեցաւ։
Ահա ճիշտ այդ պահուն է, որ
վերոյիշեալ եռեակէն` Ս.Իգնատիոս Մալոյեան,
2025 Հոկտեմբեր 19-ին, ի լուր աշխարհին եւ մեր երկրէն հազարաւոր մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող Վատիկանի Ս.Պետրոս տաճարի հրապարակէն` Հայկ Նահապետի խրոխտանօք գոչեց` ո’չ մէկ փոթորիկ, ո’չ մէկ հողմ կարողացած է եւ կարող է սասանել հազարամեակներու պատմական մեր երթը։
Ուր ան իր հեղինակաւոր ձայնով երկինքէն կ’ազդարարէ`
Ես այսօր, այս տաճարէն եւ համայն աշխարհի լուսարձակներու առաջ եկած եմ վկայելու, որ հայը ցեղասպանուած` սակայն վերընձիւղուած ազգ է։ Մեռած, սակայն մախիրներէն յարնած փիւնիկ է եւ իմ սրբադասումս անոր արգասիքն է։
Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութիւնը պատահական չէր, ան կուրօրէն չէ, որ մահուան ընդառաջ գնաց, ոչ ալ կապարի մը կրակոցին զոհը դարձաւ, այլ` ան իր սկզբունքներուն հաւատարիմ եւ համոզուած միաբանի ոգիով տոգորուած յանձն առաւ նահատակութիւնը։ Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի մօտ հոգեւոր եւ ազգային ճախրանքները խարսխուած էին միմեանց։ Ան իր ներուժը ստացած էր Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան հայրերէն, որոնց ներգործութիւնը ամենաէական ազդակն էր ապագայի Սուրբը կերտելու Աստուածահաճոյ դաստիարակութեան մէջ։ Զմմառու Մայրավանքի սրբատաշ եւ խնկաբոյր որմերուն ներքոյ եւ սրբակեաց եւ սրբակենցաղ ճգնակեաց եւ առաքեալ հոգեւորական հայրերու շունչին տակ կրթուած հաւատաւոր միաբանը` չէր կրնար չազդուիլ եւ չնմանիլ իր դաստիարակներուն։
275 տարիները բոլորած եւ դէպի 300 ամեակ ընթացող Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանները, Ս.Իգնատիոս Մալոյեանին առաջնորդեցին դէպի սրբութիւն եւ իր սրբադասմամբ մեծապէս նպաստեցին հայ դատի ներկայ հոլովոյթին, այսքանով չբաւարարուելով` հնամենի մայրավանքին մէջ, ուր Ս.Իգնատիոս Մալոյեան եւս իր խուցին մէջ ամփոփուած տքնած էր, միաբան հայրերը կը շարունակեն հայկական հոգեմտաւոր արգաւանդը` ի խնդիր ազգային արժէքներու պահպանման եւ սերունդներուն ըստ արժանւոյն փոխանցման։
2025-ի աւարտին, մանուկ Յիսուս ծնունդով` կը դիմենք Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան Ս.Իգնատիոս Մալոյեանին, որ երկնային օթեւանին մէջ` Տիրոջ աջակողմը բազմած, բարեխօսէ’ որ ճգնաժամային պահեր ապրած մեր հայրենիքը վերագտնէ իր խաղաղութիւնն ու անդորրը։
Ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնուի եւ եկեղեցին ծաղկի եւ բարգաւաճի։
Սոյն բարեմաղթանքներով կը շնորհաւորեմ Մանուկ Յիսուս ծնունդը։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս։
Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ.Զահթէրեան`Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր



