Կը Քննարկուին «Թրամփի Ճամբայ»ի Կառուցման Իրաւունքի 2 Բեմագրութիւններ՝ 99 Եւ 49 Տարիներու Համար. Փաշինեան

  • 17.11.2025
  • 0
  • 49 Views

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 14 Նոյեմբերին խօսեցաւ «Թրամփի ճամբայ» նախագիծի իրագործման մասին՝ դիտել տալով, որ առաջին գործողութիւնը, զոր «մենք կ՛անենք եւ աշխատում ենք դրա վրայ», որ նաեւ ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրականացուի նախագիծը, կանոնակարգման գրաւոր շտեմարան ստեղծելն է։ «Այդ բազայի ստեղծման առաջին փուլը Վաշինգտոնի հռչակագիրն է, որտեղ ընդհանուր շրջանակը նկարագրուած է», ըսաւ Փաշինեան՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ. զարգացնելով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները» խորագիրով համաժողովին ընթացքին:

«Յաջորդիւ ԱՄՆի ու ՀՀի կողմից համատեղ իրաւաբանական անձի ստեղծումն է լինելու, որը կը լինի ՀՀ-ԱՄՆ համատեղ հիմնադրուած ընկերութիւն, տնօրէնների խորհուրդ, որը կը կառավարի ընկերութիւնը, որում ներկայացուած կը լինեն Հայաստանը եւ Նահանգները: Ռազմավարական նշանակութեան հարցերի վերաբերեալ Հայաստանը կ՛ունենայ վճռական ձայնի իրաւունք», վստահեցուց Փաշինեան՝ նշելով, որ փորձագիտական ծիրին մէջ կը քննարկուի հետեւեալ հարցը` արդեօք Հայաստանի որեւէ կառոյց որեւէ սահմանափակում պիտի ունենա՞յ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ նախատեսուած այդ տարածքներուն վերաբերեալ, որոնցմէ պիտի անցնի «Թրամփի ճամբայ»ն, իր հարցուցած հարցումին Փաշինեան պատասխանեց «ո՛չ»ով:

Փաշինեան աւելցուց, որ կառուցման իրաւունքի ժամկէտի աւարտէն ետք, հողին վրայ գտնուող գոյքը պիտի դառնայ Հայաստանի սեփականութիւնը, իսկ հողը միշտ Հայաստանի սեփականութիւնն է: Այժմ, ըստ Փաշինեանի, կը քննարկուին կառուցման իրաւունքի 2 բեմագրութիւններ` 99 եւ 49 տարիներու համար: Փաշինեան ժամկէտը պայմանաւորեց ներդրումներով: «Եթէ մենք ասենք, որ 5 տարով ենք տալիս այդ հողը, ոչ մէկը ներդրում չի անի, որովհետեւ անիրատեսական է 5 տարում այդ ներդրումը հետ ստանալ», ըսաւ Փաշինեան, որ նաեւ տեղեկացուց, թէ Ատրպէյճանի նախագահին հետ Քոփենհակընի մէջ քննարկած են, թէ ուրկէ՛ պէտք սկսիլ նախագիծը, եւ նախնական քննարկումով հասած են այն ըմբռնումին, որ ամէնէն արագ իրականացուողը ելեկտրահաղորդակցութեան գիծերու եւ կազամուղի կառուցումն է: Սակայն, «դա նախնական ըմբռնում է», ըսաւ Փաշինեան:

Ասպարեզ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում