Հայ մամուլը 231 տարեկան է. Հոկտեմբերի 16-ը Հայ մամուլի օրն է. Տօքթ. Սարգիս Ատամ

  • 14.10.2025
  • 0
  • 677 Views

14 Հոկտեմբեր 1794 թուականին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքի մէջ լոյս տեսաւ հայկական առաջին պարբերականը “ԱԶԴԱՐԱՐ” ը , որով կ’սկսի հայ տպագիր մամուլի պատմութիւնը: “Ազդարար”ի  հիմնադիրն եւ գկխաւորխմբագիրն էր Յարութիւն քահանայ Շմավոնեան: Պարբերաթերթը լոյս տեսած է ամիսը մէկ անգամ մինջեւ Մարտ 1796 թուական ,ընդամէնը 18 թիւ ընդհանուր ծաւալով:

Հ.Հ կառավարութեան  22 Ապրիլ 2004 թուականի որոշումով 16 Հոկտեմբեր թուականը հաստատուեցաւ “Հայկական Մամուլի Օր”: Այդ  թուականէն  սկսեալ հայ հասարակութեան մէջ այս օրը կը նշուի  որպէս Հայ Մամուլի Օր :

Հայ մամուլը մինջեւ 20-դարու վերջաւորութեան ապրած է աննախադէպ զարգացում մը: 19-դարու առաջին կէսին հրատարակուած էր աւելի քան 30, իսկ երկրորդ կէսին 246 թերթ ու պարբերաթերթեր: 20-րդ  դարու սկզբին այս թիւնը հասած էր շուրջ 600 ի: 1794 թուականէն սկսեալ վերջին 231 տարիներու ընթացքին հրատարակուած է աւելի քան 4000 հայկական թերթ ու պարբերաթերթեր, որոնք իսկապէս անգնահատելի նպաստներ բերած են հայ հասարակութեան ,մշակոյթային,քաղաքական , սոցիալական կեանքի զարգացման մէջ:

Հայ մամուլի հիմնական կենդրոնները եղած են Թիֆլիս, Պէյրութ եւ Իսթանպուլ քաղաքները: Իսթանպուլի մէջ լոյս տեսած են “Մասիս”,”Մեղու”,”Արեւելք”, եւ այլ բազմաթիւ օրաթերթեր ու պարբերաթերթեր, նոյնպէս Թիֆլիսի մէջ ալ հրատարակուած են “Մշակ”,”Մուրճ”,”Փորձ”, “Արձագանք” եւ այլ  բազմաթիւ օրաթերթեր, ամասաթերթեր ու պարբերաթերթեր: Փարիզի մէջ լոյս տեսած է “Արեւելք”,”Արեւմուտք” այլ ուրիշ հայկական թերթեր եւ նաեւ Մոսկուոա, Զմիրնա եւ այլ քաղաքներու մէջ հրատարակուած են հայկական թերթեր ու պարբերաթերթեր:

20-րդ  դարու վերջին տասնամեակներուն  հրապարակ իջաւ նաեւ կուսակցական հայ մամուլը, Հնչակեան”Հնչակ”ը, Հայ հեղափախական դաշնակցութեան պաաշտօնական թերթը “Դրօշակ”ը եւ այլ թերթեր ու պարբերաթերթեր:

Մարքսիստական գաղափարախօսութիւնը ներկայացնող սոցիալ տէմօքրատ “Պրօլետարիատ”ը, “Կայծ”ը,”Նոր Խօսք”ը եւ այլ ուրիշ կուսակցական թերթեր ու պարբերէթերթեր:

Կուսակցական հայ մամուլը կը հրապարակէր, հայ ժողովրդի ազգային ու սոցիալական խնդիրները ու կը քարոզէր իրենց կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը.

Հայկական առաջին ամսաթերթ”Ազդարար”ին յաջորդեց Վենէտիկեան Մխիթարեան հայրերէն Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի  խմբագրութեամբ “Տարեգրութիւն”ը (1800-1802), “Եղանակ Բիւզանդեան”ը (1803-1820),”Դիտակ Բիւզանեան”(1812-1816) պարբերաթերթերը:

Վիէննայի մէջ լոյս տեսած է նաեւ “Եւրոպա”(1847-1863) քաղաքական թերթը: Մխիթարեան միաբանութեան “Բազմավէպ”(1843) եւ”Հանդէս Ամսօրեայ”(1887) պարբերաթերթերը ամենաուշագրաւ հայկական պարբերաթերթն եղած են ,անոնք, հայ մշակոյթային կեանքի մէջ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցան :

 Համաշխարհային առաջին պատերազմի տարեներէն վերջ ստեղծուաց քաղաքական լարուած դրութիւնը, միջազգային տնտեսկան անկումը, սոցիալական հարցերը ,մամուլի ազատութեան արգելադրութիւնը, հայերէն լեզուի նկատմամբ անտարբերութիւնը, հայ  ժողովրդի լայն խաւի մը ընթերցումի փափաքին պակասը ,հայ մամուլի զարգացման առջեւ լուրջ խնդիրներ բերաւ, այս խնդիրներու  հետեւանքով բազմաթիւ հայ թերթեր ու պարբերաթերթեր պարտաւորուեցան  կամ իրենց հրատարակութեան քանակը նուազեցնել եւ կամ թէ իրենց հրատարակութեան վերջ տալ, այսպէսով  հայ մամուլը ենթարկուեցաւ նահանջի եւ ապրեցաւ  ճգնաժամային 

շրջաններ : Իսկ աւելի վերջերը ինթէրնէդային ցանցի դրութիւնը , ելեկտրական թերթերու հրատակութիւնները ժխտական ազդեցութիւն ունեցան  տպագիր մամուլի զարգացման վրայ  հետեւաբար, շատ մը  թերթեր  ու պարբերաթերթեր պարտաւորուեցան իրենց տպագրական հրատարակութեան կեանքի վերջ տալ:  Մի քանի թերթեր ու պարբերաթերթեր այս կացութիւնէն   ազդուելով իրենց  տպաքանակը նուազեցուցին.

Այսօր,օրս օրին զանազան պատճառներով հետզհետէ  կը պակսին հայ թերթին ընթերցողները, հետեւաբար ի մասնաւորին սփիւռքի հայ կեանքի մէջ հայ թերթ եւ կամ պարբերաթերթ մը ապրեցնելը  գրեթէ մեծ հրաշք մըն է:

Պէտք չէ մոռնանք որ, հայ մամուլը շատ կարեւոր դեր կատարած է հայ մշակոյթի,միտքի,հասարական ,քաղաքական զարգացման ու արեւմտեան քաղաքակրթութեան արժէքներուն  հայ կեանքի մէջ տարածման գործընթացքին.

Հայ  տունին ամենամտերիմ ու անկեղծ ընկերը հայ թերթն է, որը կը կարօտի հայուն գուրգուրանքին:

Ներկայիս, հակառակ բոլոր ժխտական ու սահմանաբակ պայմաններու , կան   հայ թերթեր ,որոնք Մեսրոպեան ջահը վառ պահել ջանալով կը  շարունակեն իրենց սրբազան առաքելութիւնը:Այս կեդրոններէն Պոլսհայ մամուլը այժմու  ունի երկու օրաթերթեր Մարմարա եւ Ժամանակ,երկու շաբաթաթերթեր  Ակօս եւ Լոյս ,երկու ամսաթերթեր Սուրբ Փրկիչ եւ Փարոս եւ նաեւ Լոյս ԹՎ (Luys TV)  հեռուստատեսի  հայերէն կայարան , որոնք Պոլսահայ աշխարհէն ներս  կը բերեն հայ գիրը ու գգրականութիւն եւ նաեւ  հայ կեանքէն ու աշխարհի հասարակութիւնէն  լուրեր :

Սրտանց  կը շնորհաւորեմ հայ լրագրողները ,հայ մամուլի օրկանները, աշխատակից ու  գործակիցները մաղթելով խօսքի ու մտքի ազատութիւն եւ իրենց մասնագիտական ասպարեզին մէջ  ստեղծագործական եռանդ ու նոր մտայղացումներ:

Շնորհաւոր ըլլայ << Հայկական Մամուլի>> աշխատակիցներու օրը : Բարի, յաջող  եւ երկարաշունջ ծառայութիւն բոլորին:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

(Օգտագործուած Ակ: Հայ Մամուլի Պատմութիւն -Մարզական  Լրագրութեան եւ Շախմատի Ամպիոն)

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում