Աշխարհիս մէջ ներկայիս ընթացող հինգերորդ սերունդի “խառնածին” պատերազմները (ռազմականի կողքին` ինքնութեան խաթարման, քաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական եւայլն) անկասկած շատ աւելի բարդ եւ խոցելի կը դարձնեն իւրաքանչիւր ազգի ինքնապաշտպանական ունակութիւնները։ Այստեղ ազգային պաշտպանունակութիւնը կախուած չէ սոսկ ազգային գաղափարախօսութիւն քարոզելով, այլ` ազգի ողջ կառոյցները գործնական գետնի վրայ զօրաշարժի ենթարկելով, ինչպէս` կրթական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ բնագաւառները աշխուժացնելով։
Ուստի, իւրաքանչիւր ազգի` յատկապէս հայրենազուրկ ազգերու համար` վիճակը չափազանց զգայուն է` ինչպէս հայերուս պարագային, ուր ամենափոքր սայթաքումն իսկ յղի է անկանխատեսելի ծանր հետեւանքներու։
Այս պայմաններու մէջ` այսօրուայ սփիւռքահայ երիտասարդին որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը ամենեւին չի համապատասխաներ մեր ազգի եւ Հայրենիքի ազգային եւ համամարդկային իղձերուն եւ ձգտումներուն։
Ապազգային եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը ո’չ մէկ ձեւով կը նպաստէ ճգնաժամի յաղթահարմանն ու ազգային համերաշխութեան ամրապնդմանը։ Այս ամէնը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է ազգային արժէքները դաւանող առողջ ուժերու համախմբում։ Ազգային շահերը գերադասող ուժերու իւրաքանչիւր յապաղում, ազգին համար ճակատագրական կրայ ըլլալ։ Քաղաքական-գաղափարական տարակարծութիւնները մէկ կողմ թողած` գալիք պայծառ օրերու փրկութեան Սրբազան գործին լծուինք, քանզի դեռ ուշ չէ, քանզի դեռ կարելի է ազգը փրկել ուծացումէ։
Համաշխարհայնացման այսօրուայ յարձանուտին մէջ`
Ազգը կարիքը ունի իր լաւագոյն զաւակներուն, ժամ առաջ ազատելու ազգադաւ եւ ազգակործան խաւարամիտ օտարամոլ մակաբոյծներէ, որոնք կ’ապականեն ազգային բոլոր հոգեւոր արժէքները եւ կը մոլորեցնեն լաւագոյն տարրը։
Արդ` արշաւը պէտք է սկսիլ` առաջին հերթին զօրաշարժի ենթարկելով բոլոր գերադիական միջոցները` հայկականին ծառայեցնելով։
Երիտասարդներուն համար պարարտ հող պատրաստել` անկախ անոնց յարանուանական պատկանելիութենէն կամ կուսակցական թեքումէն։
Լուսաւորչական աշխատանք տանելու լաւագոյն եւ արդիւնաւէտ միջոցներէն կարեւորագոյնը` ստեղծել հայկական կեդրոն մը, ուր իւրաքանչիւր Երիտասարդ ստանայ իրեն նախասիրած ճիւղի ուսումը` հայերէնով, որու տրուի համապատասխան հաւաստագիր, որ ի զօրու է ամէնուր, իսկ ուսումը ըլլայ անշուշտ անվճար դրութեամբ։
Ամէնաէականը` ուսման աւարտին` տուեալ Երիտասարդին կեդրոնին կողմէ գործ հայթայթուի։
Ժամանակը կարող ենք ի նպաստ մեզի շրջել, եթէ միահամուռ ձեւով զօրաշարժի ենթարկենք ինքներս մեզ եւ մեր յոյսը դնենք բացառապէս մեր ազգի կամքին եւ ինքնագիտակցութեան վրայ։
Մարտահրաւէրները շատ են, բայց միաժամանակ կամքը անսասան։ Օրհասական պահին իր մէջ ոյժ գտած հայ ազգը, ընդունակ է այսօր եւս համախմբուելու եւ ի հեճուկս համաշխարհայնացման յորձանուտին` յաղթահարել դժուարութիւնները եւ ընթանալ դէպի խաղաղ ափեր, դէպի մշտնջենաւորութիւն։
Սօսէ Փիլաւճեան



