Երուսաղէմի Պատրիարքներն ու Եկեղեցիներու Հոգեւոր պետերը կը դատապարտեն Հայոց Պատրիարքութեան գոյքի բռնագրաւման անարդար որոշումը եւ անյապաղ միջամտութիւն կը պանաջեն

  • 19.02.2025
  • 0
  • 169 Views


«Երանի՜ անոնց, որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան»։ (Մատթ․ 5։6)

Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար, 2025-ին, Երուսաղէմի Պատրիարքներն ու Եկեղեցիներու Հոգեւոր պետերը Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ Հայոց Պատրիարքութեան գոյքի բռնագանձման որոշումը դատապարտող յայատրարարութեամբ հանդէս եկած են եւ պահանջած են անյապաղ միջամտութիւն։

«Մեծ մտահոգութեամբ մենք՝ Երուսաղէմի Պատրիարքներս ու Եկեղեցիներու Հոգեւոր պետերս մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դէմ՝ Երուսաղէմի քաղաքապետարանի արձակած անարդար բռնագանձման հրամանի առնչութեամբ՝ պահանջելով արդարադատութիւն։ Հայոց Պատրիարքութեան դէմ ձեռնարկուած գործողութիւնները, որոնք հիմնուած են գոյքահարկի չստուգուած եւ ահռելի հարկային պարտքի վրայ, իրաւաբանօրէն կասկածելի են եւ բարոյապէս անընդունելի։

Անհնար է երեւակայել, որ քրիստոնէական հաստատութիւնները, որոնց առաքելութիւնը դարեր շարունակ եղած է հաւատքի պաշտպանութիւնը, համայնքներուն ծառայելը եւ Սուրբ Երկրի սրբազան ժառանգութիւնը պահպանելը, այժմ կը բախուին գոյքի բռնագանձման սպառնալիքին Իսրայէլի վարչական միջոցներով, որոնք կ’անտեսեն պատշաճ ընթացակարգերը։ Յատկապէս տագնապալի է քաղաքապետարանին փորձը՝ պարտադրել պարտքի որոշումը՝ առանց դատական վերահսկողութեան, եւ ի հեճուկս այսօրինակ հարցերու շուրջ բարեխղճօրէն բանակցելու համար ստեղծուած կառավարական յանձնաժողովի։ Այս անխոհեմ քայլը կը վտանգէ Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ կը ստեղծէ վտանգաւոր նախադէպ, որը կարող է վտանգել նաեւ քրիստոնէական ողջ հաստատութիւնները Սուրբ Երկրին մէջ։

Սոյն գործողութիւնը կը խարխլէ կրօնի ազատութիւնը, որը միւս բոլոր իրաւունքներու հիմքն է, քանի որ գոյքի բռնագրաւումով փորձ կ’ընեն վտանգել Հայ եկեղեցւոյ գոյութիւնը՝ զրկելով անոր գործունէութեան անհրաժեշտ տնտեսական միջոցներէն եւ հայ համայնքին իր եկեղեցւոյ հովուական խնամքէն։

«Եթէ անդամ մը կը տառապէ, բոլորը միասին կը տառապին» (Ա Կորնթացիս 12։26)։ Եկեղեցւոյ մը թիրախաւորումը յարձակում է բոլորին վրայ, եւ մենք չենք կրնար լռել այնքան ատեն, որքան որ Սուրբ Երկրին մէջ Քրիստոսին ծառայելու՝ քրիստոնէական ներկյութեան հիմքերը սասանուած են։ Մենք կոչ կ’ընենք վարչապետ Պէնիամին Նեթանեահուի, Ներքին գործերու նախարար՝ Մոշէ Արպէլի եւ նախարար Ցախի Հանեկպիի անյապաղ միջամտել, չեղարկել բռնագրաւման բոլոր ընթացակարգերը եւ ապահովել բանակցութիւններու վերսկսումը վերոնշեալ կառավարական յանջնաժողովի շրջանակներու մէջ՝ արդարութեան ոգիով այս հարցի խաղաղ լուծման հասնելու համար։

Թող թագաւորէ արդարութիւնը եւ թող Սուրբ Երկիրը մնայ հաւատքի փարոս սերունդներու համար»,- ըսուած է Երուսաղէմի Պատրիարքներու եւ Եկեղեցիներու Հոգեւոր պետերու միասնական յայտարարութեան մէջ։

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում