2024 տարւոյ ամենէն տպաւորիչ երաժշտագիտական իրագործումը Հայ իրականութեան մէջ. Հայկ Աւագեանի հրատարակած կոթողային ու ստուար հունձքը

  • 27.12.2024
  • 0
  • 202 Views

Լուսանկարում՝ «Ալէլուիա» եւ «Խնկի ծառին» տաղի ծանր եղանակի սկզբնաւորութիւնը  

Ներկայ տարին իր աւարտին կը մօտենայ ահա, եւ երբ կը գնահատեմ Հայ երաժշտագիտութեան բնագաւառէն ներս տարւոյս նորութիւնները, պարտք կը համարիմ անդրադառնալու ականաւոր Եգիպտահայ երաժշտագէտ՝ Հայկ Աւագեանի հրատարակած պատկառելի հունձքին, որ կը բաղկանայ հինգ ստուար հատորներէ՝ – յաւելուածներ Ջահակիր շաբաթաթերթին, հատորներ 57-61, բոլորն ալ ի լոյս ընծայուած Գահիրէ, 2024 թուին։ Այս հնգագրութիւնը պատրաստուած է աշխատասիրութեամբ Աւագեանի, իր հմուտ ու մասնագիտական ներածականներով եւ հարուստ ծանօթագրութիւններով հանդերձ, եւ կը պարունակէ ամբողջական նմանատպութիւնները համապատասխան ձեռագիրներու պատճէններէն։ Տիպար եւ օրինակելի աշխատանք, որ ըստ իս պէտք է ներշնչէ հայրենեաց հաւաքածոյից պահապան-մասնագիտաց։ Նմանատպութիւնը եղած է պատճէններէ, զորս Հայկ Աւագեան բարեբախտաբար կատարած է նախքան որոշ բնօրինակներու կորուստը։ Հսկայական հետազօտական ջանուց արգասիք կը հանդիսանան այս հատորները, իսկ անտարակոյս ներկայացուած աղբիւրները հիմնարար բնոյթ ունին։

Հինգ հատորներն ալ կը բաղկանան Սահակ Քհնյ. Շաքարեանի պատկանած երաժշտական ձեռագիրներէն։ Սակայն ասոնց առաջին երկուքը ընդօրինակուած են տիրոջ իսկ ձեռամբ. արդ՝ հատորք 57 եւ 58՝ Պատարագի երգեր (եւ տաղեր) ընդօրինակած է Շաքարեան երբ սարկաւագ էր, յԵրուսաղէմ, 1914-1917 տարիներուն։ Մնացեալ երեք հատորները թէեւ Շաքարեանի սեփականութիւնը եղած են, սակայն ընդօրինակուած են անցեալին այլոց կողմանէ. կը բաղկանան հետեւեալ հատորներէն. թիւ 59՝ Ձայնագրեալ Շարական (որ կը թուի ըլլալ կէսը երկհատորեայ աշխատանքի մը, որուն միւս կէսին ճակատագիրը դժբախտաբար կը մնայ անյայտ). թիւ 60՝ Համբարձում Չէրչեանի աւանդէն էջեր՝ Գառնիկ Բապուչճեանի ընդօրինակութեամբ. եւ վերջապէս թիւ 61՝ Համբարձում Լիմոնճեանի աշխատութիւնները՝ Մերկեր Մելիքի ընդօրինակութեամբ, թարգմանութեամբ եւ ծանօթագրութեամբ։

Նախ՝ երկու խօսք Շաքարեանի ձեռամբ կատարուած ընդօրինակութեանց մասին (հատորք 57-58)։ Ինչպէս ծանօթ է, գիտենք, որ Երուսաղէմ ուրոյն երաժշտական աւանդութիւն մը ունէր, որմէ սակայն մեզի գրեթէ որեւէ նշոյլներ չեն հասած։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ինծի կը թուի, որ դժբախտաբար Տնտեսեանի օրօք, երբ տակաւին Երուսաղէմի յատուկ եղանակներ կ՚երգուէին, տեղւոյն երաժիշտները որեւէ ձայնագրական համակարգ չէին կիրարկեր, յենլով բերանէ-բերան աւանդական փոխանցման։ Սակայն եռուզերը, որ միշտ մեծ էր, ուխտաւորներու, եկեղեցական նուիրապետութեան ներկայացուցիչներու եւ այլոց կազմած դէպի Երուսաղէմ հոսանքին պատճառաւ, բնականաբար նաեւ նոր եղանակներ եւ ազդեցութիւններ կը բերէր։ Իսկ Համիտեան ջարդերը եւ մանաւանդ Մեծ Եղեռնը առաւել սաստկութեամբ խախտեցին տեղական երաժշտական աւանդութեան կայունութիւնը։ Գիտենք որ Պոլիսէն եւ այլ վայրերէ երաժիշտներ ապաստանեցան Երուսաղէմ։ Անոնցմէ ամենէն ծանօթը Լեւոն Չիլինկիրեանն է, որ բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ յԵրուսաղէմ, ուր 1922-1932 տարիներուն պաշտօնավարեց (տե՛ս Իւթիւճեան, Հ., «Սուրբ Ներսէս Շնորհալւոյ ժառանգի հետ առնչուած երաժշտական հարցեր», Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք, Նոր Շրջան, ԺԳ. տարի, 2024, էջ 221-264, յատկապէս էջ 260-261)։ Գիտենք, որ Չիլինկիրեանի կենդանութեան եւ այնուհետեւ իր աշակերտներու օրօք իր խմբագրած եղանակները (որոնց ծագումը ամենայն հաւանականութեամբ Պոլսական էր, գուցէ Թաշճեանի Վաղարշապատի գրառութեանց ակունքէն բղխող սակայն քիչ մը աւելի «կլորցած», «կոկիկցած» եւ Եւրոպականացած, եւ այլեւս Եւրոպական ձայնագրութեամբ արձանագրուած) տարածում գտան, եւ այլեւս կ՚երգուէին ոչ միայն Երուսաղէմ (տեղւոյն հնագոյն եղանակները մոռացութեան եւ կորստեան մատնելով), այլեւ այլուր (զոր օրինակ Անթիլիաս), եւ այնուհետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջոցաւ՝ ի սփիւռս աշխարհի։   

Արդ, հոս մեծ կարեւորութիւն ունի այն իրողութիւնը, որ Շաքարեան իր ընդօրինակութիւնները ըրաւ երբ տակաւին հաւանաբար Երուսաղէմ կը շարունակէին հնչել որոշ հին եղանակներ, որոնք այնուհետեւ դադրեցան երգուելէ։ Անշուշտ չենք գիտեր թէ ուսկից եկան այն սկզբնաղբիւրները որոնցմէ ընդօրինակեց Շաքարեան։ Իր գրութեանց քննութիւնը մեզի այն տպաւորութիւնը կու տայ, որ իր կատարածները գեղեցիկ ու կոկիկ ընդօրինակութիւններ են, այլ ոչ արձանագրութիւններ կատարուած իր շուրջիններուն անմիջական երգեցողութեան ունկնդրութեամբ։ Ուրեմն՝ եղանակներու ծննդաբանութիւնը մանրամասն քննութեանց կը կարօտի (եւ արժանի է անոնց), սակայն այդ հանգամանքը, որ ընդօրինակութիւնը եղաւ Երուսաղէմ եւ սկսաւ նախքան Մեծ Եղեռնը, բաւական խոստմնալից է։ Իմ տպաւորութիւնս, գէթ հարեւանցի ակնարկի մը հիման վրայ՝ բարդ է եւ ոչ միանշանակ։ Պոլսական ազդեցութենէն լիովին անկախ չեն թուիր ընդօրինակուած տարբերակներէն առ նուազն շատերը, սակայն Պոլսոյ մայր հոսանքէն դուրս գտնուող որոշ հնաբոյր եւ նոյնիսկ եզակի նմոյշներ առկայ են, ինչպէս նաեւ եղանակներ, որոնք ինծի ցարդ անծանօթ էին։ Կան նաեւ խիստ շահեկան նմոյշներ, որոնք «միջին» դիրք մը կը ներկայացնեն։ Այսպիսի օրինակ մըն է «Նոր ծաղիկ»ը, որ կը տարբերի Ս. Ղազարու, Արմաշու եւ Կոստանդնուպոլսոյ ինծի ծանօթ արձանագրութիւններէն, եւ որուն մասին անդրադարձած եմ այլուր (տե՛ս Իւթիւճեան, Հ., «Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ երեք տաղերու եղանակներն՝ ըստ Ս. Ղազարու աւանդութեան», Բազմավէպ, 2023(3-4), ընդ մամլով). տե՛ս էջ 372-377 (որ կը համապատասխանէ Քահանայ Հօր ձեռագրին էջ 882-887 -ին)։ Այս բոլորը երկար տարիներու համար օգտակար եւ ուսանելի ատաղձ կը յատկացնէ մեզի, եւ ինչու չէ՝ նաեւ մեր եկեղեցական արարողութեանց համար շատ պատշաճ եւ ըմբոշխնելի հարստութիւն մը, որ արժանի է վերակենդանացման եւ գործնական կիրարկութեան մեր եկեղեցեաց սրբազան կամարներուն տակ։

ԼումScreenshot

Լուսանկարում՝ Սկզբնաւորութիւն «Նոր Ծաղիկ» տաղի ըստ Շաքարեան Քհնյ. Հօր ընդօրինակութեան

Դառնանք հիմա Մերկեր Մելիքի հատորոյն։ Արդարեւ՝ Թիւ 61-ը գուցէ ամբողջ հաւաքածոյին ամենէն տպաւորիչ մասը կը հանդիսանայ։ Հոս կը գտնենք յոյժ արժէքաւոր նիւթեր. ի միջի այլոց՝ ընդօրինակութիւններ, թարգմանութիւններ եւ ծանօթագրութիւններ Պապա Համբարձում Լիմօնճեանի թուղթերէն քաղուած. բայց նաեւ ցարդ մեզի հասած ստուարագոյն ցանկը մեծանուն Պապայի ստեղծագործած տաղից, որ սոսկ ցանկ մը չէ, այլ բազմաթիւ էջերը բաղկացած ենթա-հաւաքածոյ մը, ուր որոշ տաղից երաժշտութիւնն ու բառերը կը գտնենք, իսկ այլ տաղից պարագային միայն բառերը (սակայն այսպիսի էջերը պարապ մասեր ունին, ուր գուցէ Մերկեր Մելիք կը յուսար աւելի ուշ եղանակներով ամբողջացնել)։ Մերկեր Մելիք (Պոլիս, 1854 – Հելուան Եգիպտոս, 1939) շատ կարեւոր երաժիշտ, երաժշտահան ու գործիչ մը եղած է, արժանի լուրջ ուսումնասիրութեան։ Չէ կրցած աշակերտած ըլլալ Պապա Համբարձումի, զի վերջինս արդէն վախճանած էր երբ Մելիք ծնաւ. սակայն միջավայրի ու ժամանակի մօտիկութիւնները մեծապէս գործին նպաստած են, եւ Մելիքի բացատրութիւնները տեղին են ու համոզիչ։ Իսկ՝ ինչպէս Աւագեան իսկ կ՚ըսէ իր յառաջաբանին մէջ, Լիմօնճեանի «ինքագիր բնագիրներու բացակայութեան պարագային, այս ձեռագիր ժողովածուն կը ստանայ առաջնային բնագիրի ուժ եւ կ՚ունենայ բացառիկ կարեւորութիւն» (նախաբան, էջ 3)։

Պապա Համբարձում Լիմօնճեանի յօրինմանց մասին միմիայն ցանկեր եւ կցկտուր մի քանի նմոյշներ ունէինք ցարդ, եւ հազիւ մի քանի տաղից ձայնագրութիւնները։ Մերկեր Մելիքի ցանկերը մեծապէս կ՚ընդլայնեն մեր գիտութիւնը Պապայի արտադրած ստեղծագործութիւններուն մասին։ Իսկ այս վերջին հրատարակութեամբ՝ մէջտեղ կու գան ցարդ անծանօթ եղանակներ, որոնք վստահելիօրէն վերագրելի են Պապայի գրիչին։ Այսպիսով, նախ՝ անհրաժեշտ կ՚ըլլայ զայն լուրջի առնել իբր մեր կարեւորագոյն երաժշտահաններէն մին։ (Յիրաւի՝ անձնապէս կասկած չունիմ թէ Պապա Համբարձում Լիմօնճեան ԺԹ. դարու մեծագոյն Հայ երաժշտահաննրէն մին է, եթէ ոչ մեծագոյնը։) Երկրորդ՝ Հայոց եկեղեցական երաժշտութեան ժառանգութիւնը հարստացած կ՚ըլլայ եղանակներու նոր խմբակով մը, որոնք իրենց տարողութեամբ եւ որակով կարեւոր վերարժեւորում մը կը պահանջեն, եւ նոր ուսումնասիրութեանց համար պտղաբեր գանձարան մը կը կազմեն։ Եւ երրորդ՝ այս վաստակէն գէթ մէկ մասը կրնայ վերակենդանանալ, եկեղեցական եւ, ինչու չէ՝ նաեւ համերգային կատարմանց շնորհիւ։ Բազմաթիւ տաղեր կը ներկայանան՝ խիստ արժէքաւոր ձայնագրութեամբ հանդերձ։ Այսպիսի օրինակ մըն է «Խնկի Ծառին» տաղի ծանր եղանակն մը, որուն սկիզբը «ալէլուիա» մը կայ՝ թէկուզ փակագիծերէ ներս – (էջ 259, որ խնդրոյ առարկայ ձեռագրի էջ 451-ը կը վերարտադրէ)։ Նոյնիսկ երբ տաղերուն բառերը միայն կան, այլեւս հնարաւոր կը դառնայ զանազան դիւաններու եւ թղթածրարներու մէջ ցարդ շատերու ուշադրութենէն վրիպած անանուն ձայնագրութիւններ հաւաստիօրէն վերագրել Պապային, այդպիսով «որբ» կտորներ հեղինակով մը օժտելով, եւ նոյնաժամանակ մեծանուն հեղինակին արժանիքը ըմբռնելու կարեւոր նախապայմաններ գոհացնելով։ Բարեբախտութիւնը ունեցած եմ այլ հաւաքածոյից մէջ որոշ ձայնագրութեանց հանդիպելու եւ այժմ՝ Հայկ Աւագեանի ներկայ հրատարակութեան շնորհիւ Լիմօնճեանի հեղինակային վերագրութիւնը կատարելու։ Այսպիսի մի քանի օրինակներ տուած եմ՝ յառաջիկային լոյս տեսնելիք Կոմիտասեան Երաժշտանոցի Երաժշտական Հայաստան հանդէսի աւելի ընդարձակ յօդուածոյս մէջ, եւ յոյս ունիմ, որ ապագային շատ մը ուրիշ եղանակներ եւս յայտնաբերուին։

Իսկ Մերկեր Մելիքի բացատրութիւններն ու ծանօթագրութիւնները մեզի կը նպաստեն, որ Լիմօնճեանի ձայնագրութեամբ արձանագրուած տաղից եւ շարականաց հնագոյն նմոյշներուն մէջ առկայ որոշ նշաններու իմաստը աւելի լաւ ըմբռնենք (մանաւանդ ատոնք, զորս Հ. Մինաս Բժշկեան չէ պարզաբանած բաւարարօրէն)։ Այս մասին դարձեալ՝ մանրամասն օրինակներ տուած եմ յառաջիկային լոյս տեսնելիք Երաժշտական Հայաստան հանդէսի յօդուածոյս մէջ։

Իբր եզրակացութիւն՝ կրնանք հաստատել, թէ յոյժ կարեւոր իրագործում մըն է այս հնգամասնեայ հրատարակութիւնը հայկական երաժշտագիտութեան բնագաւառին մէջ, եւ վերջին տասնամեակներու կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին՝ ապահովաբար։

Նախ եւ առաջ՝ մեր խոր գնահատանքը, երախտագիտութիւնը եւ յարգանաց տուրքը պարտինք մատուցանել Պրն Հայկ Աւագեանի, իր այս հսկայ ներդրման համար, որուն աշխատանքը վստահաբար հայկական երաժշտագիտութեան ընդհանուր ուղղութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Պրն Աւագեանի ներածականները եւ ծանօթագրութիւններ խիստ օգտակար են, իսկ մեծ քաջութիւն էր դժուար պայմաններու տակ պատճէններ պատրաստելը, քիչ ժամանակի մէջ եւ գաղտնի, նաեւ իմաստութիւն ու կանխատեսութիւն. աւա՜ղ, հիմա որ նիւթերէն ոմանք արդէն կորստեան մատնուած են, բոլորս առաւել եւս երախտապարտ ենք. եւ վերջապէս՝ այս ամէնը բոլորին ազատօրէն տրամադրելի ու մատչելի ընելը թէ՛ առատաձեռն տեսլականի մը առհաւատչեան է, եւ թէ անսովոր բարոյական մակարդակի մը մասին կը վկայէ։ Երանի թէ ուրիշներ ալ ներշնչուին։

Երկրորդ՝ ապահովաբար այս ժառանգութեան հրատարակումը վերջապէս առաջքը պիտի առնէ այն ոչ-գիտական, նախապաշարեալ ու այլամերժ կեցուածքին՝ հանդէպ Պոլսահայ մեծ – պիտի ըսէի նաեւ անզուգական – եկեղեցական երաժշտաց ստեղծագործութեանց, որոնք ոմանք կը շարունակեն կասկածելի եւ ոչ-«տոհմիկ» կարծել որոշ շրջանակներէ ներս: Մեր Եւրոպականացած եւ Եւրոպաբաղձ ականջներուն անախորժօրէն «Արեւելեան» հնչող Հայկական երաժշտութեան ուրացումը, դրժումն ու լքումը հայրենասիրութիւն չեն՝ այլ սոսկ ապերախտութիւն մեր ստեղծագործ նախնեաց եւ անոնց կտակած ժառանգութեան կարեւոր համամասնութեան հանդէպ։ Մերկեր Մելիքի ձեռագիրը մեզի բաւական աւելի կը մօտեցնէ Լիմօնճեանի ժառանգութեան՝ իբր առաջնակարգ Հայ յօրինողի, արժանի մեր անվերապահ գուրգուրանաց իբր հարազատ ժառանգութիւն։

Երրորդ՝ սրտի կսկիծ կը պատճառէ մեզի թէ Եգիպտոս գտնուող թանկարժէք նիւթերէն ոմանք անդառնալիօրէն կորստեան մատնուեցան, ոմանց ճակատագիրը անյայտ է, իսկ ոմանք տասնամեակներէ ի վեր կը մնան անմատչելի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Եգիպտոսի դեսպանութեան շէնքէն ներս. սոյն կացութեան բարելաւման համար այսու կոչ կ՚ուղղեմ Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան: Գուցէ այս առթիւ պարտինք կրկնել մեր համոզումը, թէ որեւէ տեսակի քանքարաթաքոյց ու շահամոլ կեցուածք խիստ պախարակելի ու կործանարար է, ըլլայ անհատներու կամ հաստատութեանց պարագային, եւ ուշ կամ կանուխ յառաջիկայ սերունդը հաշիւ պիտի պահանջէ անոնցմէ, որոնք կը վարանին ամբողջ մարդկութեան պատկանող այսպիսի գանձեր բոլորին տրամադրելու անկաշկանդ՝ առանց խոչնդոտի եւ առանց նիւթական շահի ակնկալութեան: Մեր ազգը քիչ կորուստներ չէ ունեցած. մեծ մեղք եւ անխղճութիւն է մե՛ր իսկ ձեռամբ այլ վնասներ բարդել արդէն եղեռնային անողոք պարագայից արիւնոտ մանգաղի պատճառած վնասուց վրայ։ Ահա Հայկ Աւագեան կու գայ շինիչ ոգիով՝ լուսաւոր եւ օրինակելի դրական տիպար մը հանդիսանալու, որ ըստ մեր կարծեաց ուսանելի է մէկէ աւելի գիտական ու բարոյական մակարդակներու վրայ։ Հայ եւ միջազգային երաժշտագիտութիւնը երախտապարտ կը մնան իրեն։

Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան

Centro de Estudos de Sociologia e Estética Musical (CESEM), Universidade NOVA de Lisboa

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում