Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր կաթողիկէ համալսարանի հայագիտական ամպիոնը, կրթական ծրագրի կողքին տարեկան մէկէ աւելի ուսումնական գիտարշաւներ կը կազմակերպէ՝ նպատակ ունենալով ուսանողին տանիլ պատմական անցեալի շօշափելի հետքերով։
Թէեւ, վերջին հինգ տարիներուն ուսանողներու թիւը հասած է քառասունի, ամպիոնը կը շարունակէ այսպիսի գիտարշաւներ կազմակերպել՝ ստեղծելով ոչ միայն ուսանողներուն, այլ նաեւ դասախօսակազմին համար մեծ հետաքրքրութիւններով եւ նորութիւններով հարուստ փորձառութիւններ։ Դասախօսներն ու ուսանողները գիտարշաւի ընթացիքն հանդէս կու գան մէկ տասնեակ զեկոյցներով եւ դասախօսութիւններով, որոնք առիթ կ՛ընծայեն ծանօթանալու ժամանակակից հայագիտութեանը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու տեղի ժառանգութեան պատմութիւնը։ Այսպիսով հայագիտական բաժինը հաւաքական յիշողութեան աշխատանք կը տանի՝ անցեալը ներկային կապելով կ՚ուղղուի դէպի ապագայ։
2024 թուականի ուսումնական տարուան սկիզբը` 21-25 Հոկտեբերին, տեղի ունեցաւ ուղեւորութիւն դէպի Լեհաստանի հարաւ արեւելք, ամպիոնի լեհ դասախօս՝ կրօնի մարդաբան, հայագէտ՝ դոկտ․ Կոնրադ Սիեկերսկու կազմակերպութեամբ եւ ուղեկցութեամբ։ Այս ճամբորդութեան ուրախ էինք, որ մեզի կ՚ուղղեցէր նաեւ Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան՝ Պուտափեշթի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետը։
Հայերը այս տարածքի վրայ հաստատուած են ուշ միջնադարի եւ վաղ արդիականութեան շրջանին՝ Ղրիմէն անցնելով Մոլտովա, Դրանսիլվանիա եւ Լեհաստան։ Ընդհանարպէս զբաղուած են առեւտուրով, ապրած են մեծ քաղաքներու մէջ։ Հիմնած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, պահած են ձեռագրային մշակոյթ ։ Մեծ, ծաւալուն եւ հայկականութեամբ հարուստ այս տարածաշրջանը՝ ԺԶ-ԺԸ դարերուն եղած է Լեհ-Լիտուական համաթագաւորութեան տիրապետութեան տակ, պատերազմներու պատճառով ենթարկուած է մեծ բաժանումներու՝ ազդելով նաեւ լեհահայերու անդորրին վրայ։
Մեր ուղեւորութիւնը սկիզբ առաւ պատմական Լեհաստանի կայսրութեան մայրաքաղաք Կրակուվէն (Kraków), որ այսօր ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կը կազմէ։ Հին քաղաքի ճարտարապետութիւնը՝ թէեւ բազմաթիւ արհաւիրնքներէ անցնելով, պահպանած է իր շքեղութիւնը։ Բախտաւոր եւ հազուագիւտ հանգամանք է Լեհաստանի համար։ Խումբը այցելութիւն ունեցաւ դէպի Վաւել թագաւորական ամրոց եւ անոր պարիսպներէն ներս կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ արժանիքներէն է նաեւ դամբարանը, ուր կը գտնուին թագաւորական եւ այլ հռչակաւոր մարդկանց գերեզմանները։ Կրակուվ քաղաքին մէջ մինչեւ վերջերս Յագելոնեան Համալսարան հայագիտական հետազօտական կեդրոն կը գործէր՝ հրատարակելով «Լեհահայեր» գիտական պարբերականը։
Կրակուվէն մէկուկէս ժամ հեռաւորութեան վրայ խումբը այցելեց Աուշվից (Օսվենցիմ)-Պիրկենաու՝ համակեդրոնական եւ մահուան ճամբարներ։ Ֆաշականութիւնը միլիոնաւոր կեանքեր խլած է, այս եւ այլ ճամբարնրեու մէջ։ Հրէաներէ բացի նաեւ գնչու, լեհ եւ այլ ժողովուրդներ, ինչպէս նաեւ միասեռականներ եւ անդամալոյծներ։ Համաշխարհային Բ պատերազմը եղած է մարդկութեան պատմութեան մէջ դաժանագոյներէն մին, իր ետին ձգելով ծանրագոյն հետեւանքներ։ Մինչեւ մեր այցելութեան վայր հասնիլը, այս մասին մանրամասն մեզի պատմեց ամպիոնի դասախօս հայագէտ, կրօնի եւ ազգայնականութեան մասնագէտ դոկտ. Անատոլիի Տոկմանցեւը։ Այցելութեան աւարտին ուղեցոյցը հարց տուաւ, ո՞ր ազգէն է խումբը, ըսինք մեծամասնութիւնը հայ է, պատասխանը եղաւ. «Այս ամէն տառապանքը ձեր ժողովուրդը անցած է 20-րդ դարուան սկիզբը, այնպէս որ վստահ դուք շատ աւելի կը զգաք այս ցաւը»։ Անշո՛ւշտ, մեր միտքերուն մէջ կրկնեցինք, մեզմէ ոմանք յուսալքուած մտածումներով՝ որ մինչ օրս դժբախտաբար նոյն պատմութիւնն է։
Մեր յաջորդ ուղեւորութիւնը եղաւ Ժեշուվ (Rzeszów)՝ ներկայիս տարածաշրջանի ամենամեծ քաղաքը։ Սակայն նախքան Ժեշուվ (Rzeszów) հասնիլը, յետկէսօրէին կանգ առինք Կալվարիա Զապժիդովսկա (Kalwaria Zebrzydowska) գաւառական քաղաքը։ Անոր անտառապատ բլուրները Արցախահայ մեր ուսանողներուն յիշեցուցին իրենց հայրենի հողը։ ԺԸ դարուն կառուցուած ուխտավայր մըն է, որը նոյնպէս ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կը կազմէ։ Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ Պապը բազում անգամ այցելած է այս ուխտավայրը։ Ընդհանրապէս Կալվարիա կը համարուի Երուսաղէմէն ոչ շատ հեռու այն բլուրը, ուր խաչուած է Յիսուս Քրիստոս։
Պատմութիւնը մեզ կը յուշէ, որ Ժեշուվ քաղաքը տարբեր ժամանակներ ձեռքէ ձեռք անցնելով տարածքը ենթարկուած է մեծ կորուստներու, ինչպէս նաեւ այս ծանր պատմութիւնը մեծ ազդեցութիւն ձգած է տեղի հայերու վրայ։ Լեհահայութիւնը այս տարածաշրջանի վրայ մէկէ աւելի տեղափոխութիւններու ենթարկուած է։
Ժեշուվ այցելութեան ընթացքին մեզի միացաւ ուղեցոյց մը, որը փորձեց համայնքին այսօրուան պատկերը նկարագրել։ Աւելի տպաւորիչ էր, երբ երեկոյեան մեր պանդոկ այցելեց տարեց հայուհի մը՝ Մարին, որը կը նկատուի Ժեշուվ քաղաքի հայ արմատներ ունեցող ամենավերջին հայուհին։ Մարիի օրինակով՝ Լեհաստանի այսօրուան հայերը կը փորձեն նոր շունչ տալ համայնքին, ապրելցնել անցեալին մնացած ժառանգութիւնը։ Զոր օրինակ՝ Մարիին ուղեկցող Սուրէն Վարդանեան՝ գիրքերու յաջողակ ձեւաւորող ով Խորհրդային Միութեան անկումէն ետքը Լոռիէն Լեհաստան հաստատուած է։ Մարին՝ թէեւ յառաջացած իր տարիքին, բայց հայկական կեանքով եւ պատմութիւնով լեցուն, փորձեց մեզ ներկայացնել իր ընտանքին անցեալի յուշերը, թէ ինչպէս պատերազմներու եւ քաղաքէ քաղաք տեղափոխութիւններու հետեւանքով իր ընտանենական փաստաթուղթերը մի քանի սերուդ ձեռքէ ձեռք անցնելով այսօր հասած է իրեն։ Այսօր Ժեշուվ քաղաքի հայկականութիւնը պահող եւ հետեւողը փորձեց մեզի հետ կիսուիլ իր ապրումներով։ Հայուհին երկար երկար ներկայացուց իր ընտանիքին մասին։ Պահ եկաւ, երբ մեր սիրելի լեհ դասախօս դոկտ․Կոնրադ Սիեկերսկի լեհերէնով պատմուած յուշերը փորձեց մեզ ամփոփ թարգմանել (լուսանկար 1)։
Ժեշուվ ձգելէ ետք առիթը ունեցանք այցելելու 1806էն գործող Զվեժինեց (Zwierzyniec) գարեջուրի գործարան։ Ուսուցողական եւ ինչու չէ նաեւ ուրախ ժամեր էին՝ գարեջրի գործարանին, ինչպէս նաեւ շրջակայ անտառապատ բնութեան հետ ծանօթանալը։
Ժեշուվ քաղաքը եւ իր շրջակայ տարածքները հարուստ են նաեւ նաւթահողերով։ Այստեղ խումբը այցելեց Պոպրկա (Bóbrka)։ Չքնաղ կանաչ անտառով եզերուած այս հողատարածքի վրայ է, որ աշխարհի առաջին քարիւղի հանքը սկսած է գործել 1854էն ի վեր, մինչեւ օրս։ Այստեղ աշխատանքի իր մեծ տարիները անցուցած է Իգնացի Լուկասեւիչը (Ղուկասեան) (1822-1882)։ Անոր անունը յայտնի է լեհ ժողովուրդի համար, որպէս քարիւղի արդիւնաբերութեան հիմնադիր, որը 1853ին կէրոսինով լամպի գիւտը ըրաւ՝ լուսաւորելով ոչ միայն Լեհաստանը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհը։ Իգնացի Լուկասեւիչի հայրը եղած է հայ։ Այցելելով իր աշխատանքային գործարանը՝ որը այսօր թանգարանի վերածուած է, Լուկասեւիչի յայտնագործութիւններու մասին լսելը եւ տեսնելը մեր բոլորին համար մեծ հպարտութիւն էր։ Ամպիոնի դասախօս, արդի Սփիւռքի մասնագէտ, դոկտ. Կարէն Ջալլաթեան՝ թանգարանի աշխատակիցի արտօնութեամբ ու ի հեճուկս դժուարութիւններու՝ պատմական հորերէն մէկէն, փոքր շիշով քարիւղ առաւ՝ որպէս այցելութենէն նմուշ յիշատակ։
Յաջորդ քաղաքի այցելութիւնը եղաւ Զամոշչ (Zamość)։ Պարիսպներով շրջապատուած, ան իտալական Մուրանօ քաղաքի գոյներն ու Վերածնունդի ճարտարապետութիւնն ունի։ Քաղաքի հիմնադրումէն հինգ տարի անց՝ 1585ին, հայ առեւտրականներ գործելու եւ բնակութեան արտօնութիւն ստացած են։ Զամոշչի գլխաւոր հրապարակի վրայ կը գտնուի այն ժամանակ ապրող եւ արարող հայերու տուները (լուսանկար 2)։ Փողոցը կը կոչի՝ Հայերու փողոց։ Փողոցի վերջաւութեան եղած է իրենց եկեղեցին, որը յետագային քանդուած է։ Զամոշչ քաղաքի մէջ ընդօրինակուած է հայկական ամենահին ձեռագիրը։ Այսօր՝ ի յիշատակ հայերու ներկայութեան եւ ձգած իրենց ժառանգութեան համար, տեղադրուած է խաչքար (լուսանկար 3), իսկ իրենց բնակարան շէնքերը ազգային թանգարաններ են։ Ներսի պատերը տեղ-տեղ պահպանուած են հայկական զարդաքանդակներով։
Զամոշչ քաղաքը Սիմէոն Լեհացիին (1584-1639) ծննդավայրն է։ Լեհացին յայտնի է յատկապէս իր «Ուղեգրութիւն»ը՝ երկասիրութիւն մը զոր արդիւնք է անոր ընդարձակ ճամբորդութեան՝ Եւրոպա, Միջին Արեւելք, Օսմանեան Կայսրութիւն, պատմական Հայաստան եւ Երուսաղէմ։ Ուխտագնացութեան բնոյթ կրող այս աշխատութիւնը բազմաշերտ տեղեկութիւն կու տայ լեհահայերու, Լեհաստանի ինչպէս նաեւ բովանդակ տարածաշրջանի մասին։ Դարերու կորուստէ ետք՝ Լեահցիի «Ուղեգրութիւն»ը պատահմամբ գտած է Մխիթարեան Միաբանութեան Հայր Ներսէս Ակինեանը, ով զայն ընդօրինակած եւ 1936-ին հրատարած է Վիեննա՝ նախքան ձեռագիրին վերստին կորսուիլը։ Առաջացած դոկտորական ուսանողներէն Լիլիթ Մնացականեանը ներկայացուց Լեհացիին աշխատութիւնը եւ գործունէութիւնը։
Յատկանշական է Լեհաստանին առնչուող հայ հեղինակի մը գրիչէն դուրս եկած մէկ այլ կարեւոր ուղեգրութիւն։ Այս մէկը Մխիթարեան Վենետիկեան Հայր Մինաս Բժշկեանի (1777-1851) «Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան եւ յայլ կողմանս բնակեալս ի հայկազանց սերելոց ի նախնեաց Անի քաղաքին» (1830) հատորն է՝ Սուրբ Ղազար հրատարակուած։ Ծնունդով Տրապիզոնէն՝ Հ. Բժշկեան՝ իմաստասէր Մարկ Նշանեանի բառերով «Արեւմտահայերէնի առաջին աշխատաւորներ»էն է։ Հ. Բժշկեան՝ ըստ Նշանեանի, ի շարս այլ հայ մտաւորականներու, արդի բանասիրական կրթանքը բերած է հայերուն՝ ազգային յիշողութեան նորելուկ վերծանողական-կերտողական գործին լծուելով։
Պուտափեշտի Փազմանի Փիթըր հայագիտական բաժինի ուսանողները քաջածանօթ են Լեհաստանը ներառող երկու կարեւորագոյն հայերէն ուղղեգրութիւններուն։ Իսկ դոկտ. Պալինտ Քովաչ՝ ամպիոնի վարիչը, Գրիգոր Գրիգորեանին հետ 2019ին խմբագրած է Հ. Բժշկեանի «Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան» ուղեգրութեանը գերմաներէն թարգմանութեան հրատրակութիւնը։
Վերադառնալով պատմութեան, գիտենք որ հայերու առաջին մեծ գաղթը դէպի Լեհաստան տեղի ունեցած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք՝ 14-րդ դարուն։ Կազիմիր Գ Մեծ թագաւորը յատուկ հրովարտակով հայերուն արտօնած է հաստատուիլ իր իշխանութեան ներքոյ։ Լեհաստան հայերը նշանակալի դեր խաղցած են երկրի քաղաքական, հասարակական, արդիւնաբերական կեանքին մէջ, իսկ կարեւորագոյն ազդակը դարձած է մշակոյթը, ուր հայերը իրենց հետ բերած են այն ամէնը ինչ, որ կտակած էին պատմական երկրէն։
Հին լեհահայերու պատմական անկիւնադարձային դէպքը կը համարուի, երբ Լեհաստանի թեմը Վատիկանի հետ դաշինք կը կնքէ, ընդունելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ դաւանանքը, թէեւ պահպանելով հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծիսակարգի մեծ մասը։ Կարելի է մտածել որ այս իրադարձութիւնը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ հայ համայնքի դանդաղօրէն անհետացման վրայ։
Լեհաստանը նաեւ եղած է հայ մատենագրութեան կարեւորագոյն կեդորններէն մէկը։ Գրչագրութեան արուեստը հասած է իր գագաթնակէտին, որը Լեհաստանի գրական հարուստ ժառանգութեան մաս կը կազմէ։ Այստեղ գրուած են առաջին բառարանները՝ հայերէն լատիներէն եւ լատիներէն հայերէն։ Հարուստ ժառանգութիւն կը կազմեն հայատառ լեհերէն ու հայատառ ղփչաղերէն, ինչպէս նաեւ լեհատառ հայերէն եւ լատիրներէն արտադրուած աշխատութիւններ։
Հայկական ձեռագիրները, որոնք ստեղծուած, ընդօրինակուած եւ պահուած են Լեհ-Լիտուական թագաւորութեան հայաշատ կեդրոններու մէջ, այսօր կը գտնուին աշխարհի տարբեր գրադարաններուն կամ հաւաքածուներու մէջ, ներառեալ անշուշտ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը։ Մատենագրութեան կողքին ստեղծուած եւ գրուած են հարուստ գրականութիւն՝ փիլիսոփայութիւն, աստուածաբանութիւն, ուղեգրութիւն, թարգմանչութիւն՝ հայերէն լատիներէն եւ լատիրներէն հայերէն, ինչպէս նաեւ լեհերէն հայերէն եւ հայերէն լեհերէն թարգմանութիւններ։
Ի դարուն՝ Համաշխարհային Բ պատերազմի ժամանակ, Լեհաստանը կը կորսնցնէ պատմական տարածքներ, ներառեալ Լվով քաղաքը, որը հռչակուած էր որպէս հայոց եպիսկոպոսանիստ քաղաք եւ միաժամանակ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհիկ կեդրոն։ Յայտնի է Լվովի Սուրբ Աստուաածածնի Վերափոխման տաճարը, որուն շինարարութիւնը՝ հայ վաճառականներու օժանդակութեամբ, սկսած է 1363ին։ Այսպիսով մեր ուղեւորութիւնը անցաւ ոչ ամբողջական, առանց Լվով՝ լեհահայերու պատմութեան մէջ ամենակարեւոր կեդրոնը այցելելու, այս անգամ մեր ընթացիկ պատերազմական իրավիճակի հետեւանքով։
Վերադարձին այցելեցինք նաեւ ԺԴ տարու Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման փայտեայ լեհ Գոթական եկեղեցի՝ Հաչուվ (Haczów) գիւղին մէջը։ Մեր ուղեւորութիւնը իր աւարտին հասնելով, վերադարձնաք Պուտափեշտ հետներնիս բերելով հարուստ պատմութեան հետքեր։
Այս զեկոյցը ուրեմն թող նկատուի որպէս համեստ շարունակութիւնը Լեհաստանը ներառող ուղեգրութիւններու։ Դարերը կը փոխուին, մշակութային նոր կենցաղ կը ստեղծուի, հետազօտական արշաւներ կը կազմակերպուին։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս օր մը տեսնենք աւելի կայուն հայագիտական ամպիոն մը Լեհաստանին մէջ, ուր լեհ, հայ եւ աշխարհի տարբեր ծայրերէն հաւաքուած ուսանողներ եւ մասնագէտներ պատշաճ կերպով կ՚ուսումնասիրեն եւ հանրութեանը կը ներկայացեն լեհահայերու շերտաւոր եւ տակաւին միայն մասամբ պեղուած փորձառութիւնը։
Յաւելեալ ընթերցանութեան ընտրանի
Սիմէնոն Լեհացի, «Ուղեգրութիւն։ Տարեգրութիւն եւ յիշատակարանք,» ուսումնասիրեց եւ հրատարակեց Հ. Ներսէր Վ. Ակինեան, Վիեննա, Մխիթարեան Տպարան, 1936։
Simeon of Poland, The Travel Accounts of Simēon of Poland, annotated translation and introduction by George Bournoutian. Costa Mesa, CA: Mazda Publishers, 2007.
Մինաս Բժշկեան, «Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան եւ յայլ կողմանս բնակեալս ի հայկազանց սերելոց ի նախնեաց Անի քաղաքին», Ի Վանս Սրբոյ Ղազարու, 1830։
Der Reisebericht des Minas Bžškeancʻ über die Armenier im östlichen Europa (1830), übersetzt und kommentiert von Bálint Kovács und Grigor Grigoryan, Armenier im östlichen Europa – Armenians in Eastern Europe – Band 005, Böhlau Verlag GmbH & Cie, Köln, 2019.
Փիրուզ Մնացականյան, «Լեհահայեր. Ձեռագրության ժառանգություն Ormianie Polscy. Spuścizna Rękopiśmienna,» Հրատարակվել է Հայաստանի Հանրապետությունում Լեհաստանի Հանրապետության դեսպանատան ֆինանսական աջակցությամբ, Երեւան, 2017.
Սօսի Սուսանի
Հայերէնի ուսուցիչ
Կարէն Ջալլաթեան
Դասախօս
Հայագիտական ամպիոն
Փազմանի Փիթըր կաթողիկէ համալսարան
Պուտափեշտ, Հունգարիա
Դեկտեմբեր, 2024
orer.eu