COP29-ի ընդառաջ, Հայ Դատի յանձնախումբերը աշխոյժ աշխատանք կը տանին միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռելու Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վրայ եւ կը պահանջեն ապօրինաբար պահուող հայ պատանդներու եւ ռազմագերիներու վերադարձը:
Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան «Ապառաժ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:
«Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը եւ «Եւրոպացիներ յանուն Արցախի» հարթակը COP29-ը կը նկատեն միջոց` միջազգային ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ, Արցախի ռազմական եւ քաղաքական պատանդները, պատերազմի գերիները ազատ արձակելու համար: Այդ ուղղութեամբ թէ՛ քարոզչական աշխատանքով եւ թէ տարբեր հանդիպումներով մեծ աշխատանք կը կատարուի, նաեւ միջազգային մամուլով ներկայացնելով Ատրպէյճանի իրական պատկերը:
«Այս օրերուն Հայ Դատի յանձնախումբը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ սկսած է ստորագրահաւաքի եւ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գայ երեք կարեւոր հարցերու վերաբերող` գերիներու եւ պատանդներու վերադարձ, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ Ատրպէյճանը՝ իբրեւ սպառնալիք Հայաստանի համար: Մեր յայտարարութեան միացած են Եւրոպական խորհրդարանի մեծ թիւով պատգամաւորներ:
«Նոյեմբեր 5ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կը նախատեսենք կազմակերպել մեծ խորհրդաժողով, որ հիմնականօրէն նուիրուած պիտի ըլլայ ռազմական եւ քաղաքական գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակմանը, կ՛ակնկալենք նաեւ անոնց ընտանիքներուն ներկայութիւնը: Անշուշտ ներկայ պիտի ըլլան եւրոպացի պատգամաւորներ, քաղաքական այլ անձեր, ընկերային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ», նշեց Կարապետեան:
Ան դիտել տուաւ, որ յանձնախումբը աշխատանք կը տանի նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերուն մէջ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցը արծարծելու ուղղութեամբ: «Մեր ամբողջ քարոզչական մեքենան այս ուղղութեամբ կը գործէ, տարբեր երկիրներու մէջ մեր յանձնախումբերը իրենց երկիրներու պատգամաւորներուն հետ հանդիպումներ կ՛ունենան, կ՛ակնկալենք, որ որոշ պատուիրակութիւններ Պաքուի մէջ այդ հարցերը կը բարձրացնեն: Շատ կարեւոր է, որովհետեւ Ատրպէյճան կը փորձէ տարբեր երես ցոյց տալ, արդէն մեր ամբողջ քարոզչական աշխատանքով կը փորձենք ցոյց տալ, որ Ատրպէյճան այսօր այն չէ, ինչ որ կը ներկայանայ եւ միջազգային գրեթէ բոլոր կարեւոր լրատուականներուն միջոցով կը ներկայացուի, թէ մարդկային իրաւունքներու տեսակէտէն Ատրպէյճան ի՛նչ մակարդակի վրայ է եւ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ինչ վերաբերմունք ունի», նշեց ան։
Կարապետեան աւելցուց, որ COP29-ով կանգ պիտի չառնեն այս ուղղութեամբ աշխատանքները եւ Հայ Դատի գրասենեակները իրենց ունեցած քաղաքական բոլոր լծակներով աշխատանք պիտի տանին, որպէսզի Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներն ու պատանդները վերադառնան:
orer.eu