Վարշաւայի մէջ «Ազերպայճանի բազմամշակութային ինքնութեան» ցուցահանդէսը եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ այրերու ապիկարութիւնը

  • 04.09.2024
  • 0
  • 345 Views

Փրոֆ Արա Սայեղ

         «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազերպայճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին [1] բացումը կատարուեցաւ 24 Մայիս 2024-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք՝ Վարշաւայի կեդրոնը, զբօսաշրջիկներով լեցուն պատմական ամենապանծալի Քրաքովսքիէ բժէտմիէշչէ Krakowskie Przedmieście թաղամասին մէջ գտնուող (L’église des Visitandines – St. Joseph of the Visitationists) եկեղեցւոյ մայր մուտքին դիմաց, որ աչքագրաւ վայր մըն է քարոզչական ծրագիրներ եւ ցուցադրական արշաւներ իրագործելու, հանրային տեսանելիութիւնը հրապուրելու ու հասարակութեան ուշադրութիւնը ներգրաւելու:

Պատկերակալներու վրայ ներկայացուած լուսանկարները՝ անոնց վրայ գտնուող լուսաբանական տեղեկութիւններն ու պատմական մանրամասնութիւնները յաջորդող երկու շաբաթներու ընթացքին՝ մինչեւ 7 Յունիս բացօթեայ երկինքի տակ հետաքրքրուող անցորդներուն, եկեղեցւոյ այցելուներուն եւ մանաւանդ զբօսաշրջիկներուն առիթ ընծայեցին ծանօթանալու այդ երկրի քրիստոնէական մշակոյթի ժառանգութեան:

Խաբուսիկ վերնագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը ներկայացուած էր  պատմական անվաւերականութեամբ եւ ահռելի անպարկեշտութեամբ՝ անվստահութեան եւ կասկածի տրամադրութիւններ առաջացնելով արցախեան պատմամշակոյթի եւ հայու կրօնամշակութային ինքնութեան նկատմամբ։ Այս ցուցահանդէսը կանխամտածուած  յարմարագոյն քարոզչական ծրագիրն է մոլորեցնելու (manipulation) ու հաւատացնելու Լեհաստանի հասարակութիւնը, որ  ընդհանրապէս անտեղեակ է վերոնշեալ ցուցահանդէսի վերնագրի պատմական բովանդակութենէն։

Ակնառու էր լուսանկարներու տեղեկութիւններուն ընդմէջէն ներկայացուած քրիստոնէական այդ ժառանգութիւնը՝ եկեղեցիները եւ կրօնական վայրերը իբր թէ կը պատկանին՝ ալպանացիներու, աղուանական արմատներով, ուտիական քրիստոնէական մշակոյթին։ Իսկ կազմակերպիչներու միտումով՝ ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ այդ երկրի քրիստոնէական պատմական հնագոյն հոգեւոր կապերու հարազատ արտացոլումը: Մէկ խօսքով պատմական խեղաթիւրում է՝ յօրինուած կեղծիքի ու խաբէութեան, խեղկատակութեան նախերգանք մը։

Գիտական ապացոյցերէ եւ հիմքերէ հեռու այս ցուցահանդէսը, հիասթափեցնող  պատմակեղծարարութիւնը լայնածիր անարգական բաց մը կը թողէր: Ոտնահարուած էր իսկական իրաւատիրոջ եւ տեղացի հայ բնակչութեան  անվիճելի դարաւոր ներկայութիւնը, անտեսուած էին հայ հոգեւոր ինքնութեան խորհրդանիշերը, հոգեբարոյական արժէքները եւ մանաւանդ՝ հայ քրիստոնէական հոգեւոր եւ մշակութաբանութեան, ստեղծագործութիւններու դարախորհուրդ ժառանգը։ Այս ծրագիրը Ազերպայճանի կողմէ որդեգրուած օրէցօր ընդլայնուող «աղուանականացման» քաղաքականութեան փոքրածաւալ մէկ մանրանկարն է Լեհաստանի մէջ։ Նպատակ ունէր հերքելու, ուրանալու եւ աղաւաղելու հայու հոգեւոր պատկանելիութեան պատմական իրողութիւնը, միջազգայնացնելու պատմական կեղծիքները, ուր արուեստագէտ ու մշակութակերտ հայ ժողովուրդը այդ հողի դարերու իրաւատէրն ու սեփականատէրն է։

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչներն են՝ Վարշաւայի մէջ Ազերպայճանի հակահայ ծրագիրներու հմուտ դեսպանուհին՝ Նարկիզ Գուրպանովան, որ վարժութիւնը ունեցած էր նոյնպէս հակազդելու, խոչնդոտելու ու յատկապէս արգիլելու նախընթաց այլ հայանպաստ ծրագիրներ [2][3], եւ Պաքուի բազմամշակութային միջազգային կեդրոնի գործադիր տնօրէն՝ Ռավան Հասանովը եւ «Հայտար Ալիէւ»ի հիմնադրամը։ Ցուցահանդէսի բացման՝ վերոյիշեալներու կողքին ներկայ եղած է ազերիական պատուիրակութիւնը, այսպէս կոչուած՝ ալպանա-ուտիական քրիստոնէական համայնքի նախագահ՝ Ռոպերթ Մոպիլին, Քրիստոնէական կրօնական համայնքի նախագահ Ռասիմ Խալիլովը եւ այլք։

Պատմական աղաւաղումի կողքին հակահայ քարոզչական ժխոր մը ստեղծելու միտումը զգալի էր կրօնական (ան)հանդուրժողութիւններով ունակ այդ երկիրը. «Ազերպայճանի մէջ մենք հպարտ ենք այն փաստով, որ ազգային բոլոր փոքրամասնութիւններու  ներկայացուցիչները կ’ապրին խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ, ինչպէս ստուար  մէկ ընտանիք մը», ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումին ընդգծած է Լեհաստանի մէջ Ազերպայճանի դեսպանուհին [1]։

Բնականաբար լեհական եւ հայկական մամուլը անդրադարձաւ Վարշաւայի մէջ  կազմակերպուած հակահայ այս ցուցահանդէսին։ Լեհական լրասփիւռներէն մէկը «Agencja Informacyjna» [4] հրապարակած էր մշակութաբան, «Բնօրրան» պատմամշակութային կազմակերպութեան փորձագէտ, Երեւանի Պետական Համալսարանի դասախօս, monumentwatch.org կայքի աշխատակից Արմինէ Տիգրանեանի յօդուածը, ուր Ա․ Տիգրանեան խստօրէն դատապարտած էր այս ցուցահանդէսին նպատակը, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացումն է, միջազգային բազմալեզու հարթակներու վրայ ապատեղեկատւութեան տարածումը, եւ մանաւանդ Ազերպայճանի կողմէ հայկական ժառանգութեան հակահայ քաղաքականութեան բացայայտումը։ Ա․ Տիգրանեան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած էր, որ գործնական քայլերու ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ։ Մամուլի գործակալութիւններու, լրատուական հարթակներու վրայ լոյս տեսան լեհերէնով զանազան վերնագիրներ ինչպէս՝ «Ազերպայճանը կը վերաշարադրէ պատմութիւնը, հայկական եկեղեցիները վտանգուած են» [5] եւ այլն։

ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ։

Ազերպայճանի իշխանութիւններու հայկական պատմական փաստերը շահարկելու, հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումը, բռնաիւրացումը եւ սեփականացնելու քաղաքականութիւնը, ծրագրուած չարաշահումներու ուղեծիրը վաղեմի է բոլորիս, ծանօթ է նաեւ, Լեհաստանն ալ հակահայ քարոզչութեան հերթական արգաւանդ շուկայ մը դարձնելու նախագիծերն ու նուաստ  միտումները։ Կարելի է այդ մէկը կռահել ցուցահանդէսի բացման հրաւիրեալներէն, ի միջի այլոց՝ կաթոլիկ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան այրերու եւ Լեհաստանի խորհրդարանի ազերամէտ երեսփոխան՝ Բաւէլ Քովալի ներկայութենէն։

Հրատապ կարիքը կը զգանք լուսարձակի տակ առնելու անհամատեղելի, անբացատրելի ու յատկապէս հանելուկային, մրոտ օղակ մը՝ Լեհաստանի կաթոլիկ հոգեւորականներու եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներգրաւումը այդ հակահայ շահարկման մէջ։

  • Անմեկնելի է լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ վերնախաւի, իշխանաւորներու օժանդակութիւնը, համագործակցութիւնը եւ եկեղեցւոյ տարածքը տրամադրելու պատրաստակամութիւնը: Ինչպէ՞ս ընկալել Լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Վարշաւայի առաջնորդին՝ ծիրանաւոր Քաժիմիէժ Նիչի օգնական Միխալ եպս․ Յանոխայի ներկայութիւնը։
  • Տեղին է յիշել, մօտ ութ տարի առաջ Միխալ եպս․ Յանոխան խումբ մը լեհ հոգեւորականներու հետ այցելած է Արցախ՝ սրբավայրերու մէջ պատարագներու մասնակցած է [6]։ Ցուցահանդէսի համագործակցութենէն կարելի է կռահել թէ այդ հոգեւորականները զաւեշտային սեւ ցանկի վրայ չեն, ներում ստացած ըլլալու են այդ երկրի իշխնութենէն, հայկական Արցախ իրենց «ապօրինի այցելութեան յանցանք»-ին համար «անբաղձալի անձերու» ցուցակին մէջ ընդգրկուած չըլլալով։
  • Անըմբռնելի է հոգեւորական՝ Փրոֆ․ հայր Վալտեմար Չիսլոյի մասնակցութիւնը։ Քանիցս Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Յորդանան եւ այլուր այցելած այս լեհ հոգեւորականը, որ «Կարիքաւոր եկեղեցւոյ օգնութիւն» ծրագրի ղեկավարն է՝ քաջածանօթ է Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու տագնապներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Նոյն այս հոգեւորականը Վարշաւայի մէջ «կարտինալ Ստեֆան Վիշինսքիի անուան Աստուածաբանական կաթոլիկ համալսարան»-ի կրօնական ազատութիւններու հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէնն է։ Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին Չիսլօ իր խօսքին մէջ ըսած է՝ «Ազերպայճանը կը փորձէ տարբեր կրօններու միչեւ երկխօսութեան օրինակ դառնալ։ Մենք կը խօսէինք  Լիբանանի մասին՝ այդ գեղեցիկ երկրի մասին, ուր քրիստոնեաներն ու մահմետականները իրարու հետ ներդաշնակ կ՛ապրին, այսօր Ազերպայճանը մեզի ցոյց կու տայ այդ ներդաշնակութեան հանգամանալից օրինակը» [1]։

Վարշաւայի մէջ «Կարտինալ Ստեֆան Վիշինսքիի անուան Աստուածաբանական կաթոլիկ համալսարան»-ին մէջ իրենց կրօնական ուսումը կը ստանան Հայաստանէն ժամանած չորս հիանալի հայ երիտասարդներ, որոնք ապագային հայրենիքի մէջ պիտի նուիրուին հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Այդ նոյն Աստուածաբանական կաթոլիկ համալսարանի մէջ դասախօս է նաեւ Փրոֆ․ հայր Յուզեֆ Նաումօվիչը, որ միեւնոյն ժամանակ լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հոգեւոր հայրն է։

  • Մասնաւորաբար աննախատեսելի եւ տխուր է տեսնել խաբուսիկ վերնագրով այս ցուցահանդէսի մասնակիցներուն մէջ «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի անդամ  Հայր Ալեքսանտր Սենիուքի անունը։ Իսկ նշեալ հիմնադրամի խորհուրդի նախագահն է նոյնինքն Լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Վարշաւայի առաջնորդ՝ կարտինալ Քաժիմիէժ Նիչը։ Հայր Ալեքսանտր Սենիուքի կազմակերպչական օժանդակութեան համար Ազերպայճանի դեսպանուհին իր շնորհակալական խօսքին մէջ վկայած ու դրուատած է այդ հոգեւորականը։
  • Անհասկնալի է հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգատարութեան կոչուած բարձրաստիճան հոգեւորականներու վարմունքը, որ կարողացած են նման կեղծաւոր միտումով ցուցահանդէսի մը կազմակերպիչներուն հետ համագործակցելով պատմական կեղծիքի սատարողներն ու այդ կեղծիքներու տարածման մասնակիցները դառնալ։

Եթէ այդ հոգեւորականները անտեղեակ են պատմական ճշգրիտ իրողութիւններէն, արդէն այդ մէկը, բարեկրթութեան բացակայութիւն է՝ անվայելչութեան սահման: Իսկ եթէ անոնք կը փափաքին նման կեղծ ու անհեթեթ կրօնական երկխօսութեան մը համագործակցողները դառնալ, կամ ըստ իրենց՝ հաւասառակշռուած էքումենիզմի մէջ դերակատարներ ըլլալ, նախ այդ մէկը պէտք է իրատեսութեան, կշռադատող եւ իրաւացի հիմքերով ու խոհեմութեամբ հիմնաւորուած ըլլայ։

  • Կաթոլիկ հոգեւորականներու այս անվայելուչ արարքը, ոչ միայն խորապէս վիրաւորած է իրաւատէր՝ արցախահայութիւնը, համայն հայութիւնը, այլեւ արհամարհած է լեհահայ համայնքի բազմադարեայ ներկայութիւնը Լեհաստանի մէջ։

ԼԵՀԱՀԱՅ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցին պատմականօրէն իբրեւ հայ կաթոլիկութեան առաջին անկախ կառոյց, հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ թեմի ինքնանկախ կարգավիճակ ունեցած է, այլ խօսքով հայ կաթոլիկ պատրիարքութեան թեմերու մաս չէ կազմած։ Սակայն լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ իրողութիւնը կը շրջուի երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք։ Մանաւանդ Լվովի մէջ լեհահայ կաթոլիկ վերջին թեմակալ առաջնորդին, երկարատեւ գահակալութեամբ յատկանշուող (1901-1938), բարեհամբաւ Յուզեֆ Արք․ Թէոտորովիչի (1864-1938) մահէն ետք, երբ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմանները փոփոխութեան կ’ենթարկուին, փոփոխութեան ենթարկելով նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները։ Ուստի ինչպէս բոլոր լեհերը, նոյնպէս տեղւոյն լեհահայերն ալ կը լքեն Լվովն ու յարակից շրջաններու լեհահայ կաթոլիկ թեմի բազմաթիւ եկեղեցիները, կալուածները ու կը հաստատուին ներկայ Լեհաստանի զանազան քաղաքներուն եւ մարզերուն մէջ։

Նկատի առնելով որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Լեհաստանի նոր սահմաններու տարածքին վրայ հաստատուած հայ կաթոլիկ եկեղեցին, իբրեւ արեւելեան ծիսակատարութեան պատկանող հաւատացեալներու կառոյց, զրկուած էր սեփական առաջնորդութենէն, ինչպէս էր պարագան բոլոր արեւելեան ծիսակարգերու պատկանող հաւատացեալներուն։ Հռոմի աթոռը, առաջնորդութիւն չունեցող բոլոր ծիսակարգերուն, ինչպէս՝ լեհահայ կաթոլիկ ծիսակարգին պատկանող հաւատացեալներուն հոգատարութիւնը կը վստահի Լեհաստանի տեղական Հռոմէապատկան եկեղեցւոյ առաջնորդութեան խնամքին եւ վարչական խնամատիրութեան։ Ուստի լեհահայ կաթոլիկ ծիսակարգն ալ անմիջականօրէն կ՛ենթարկուի տեղւոյն լեհ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան։

Պատմական հերթականութեամբ լեհահայ կաթոլիկ ծիսակարգի խնամատարութիւնը վստահուած էր լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն, ծիրանաւորներ՝ Աուկուսթ Հլօնտ (August Hlond), Սթեֆան Վիշինսքի (Stefan Wiszyński – 1957-1981), Յուզեֆ Կլեմբ (Józef Glemp – 1981-2007) եւ 2007 Յունիս 9 էն սկսեալ Վարշաւայի կաթոլիկ առաջնորդ ծիրանաւոր՝ Քաժիմիէժ Նիչ (Kazimierz Nycz) ։

«Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ը ստեղծուած է Լեհաստանի կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ կարտինալ Յուզեֆ Կլեմբի հրամանագրով 2006 Ապրիլ 7 թուականին։ Կարտինալ Յ․ Կլեմբ եզակի այն հոգեւորականներէն էր, որ կարողացաւ պահպանել եւ համախմբել լեհահայութեան պատկանող ձեռագրերն ու լեհահայութեան պատմական թանկարժէք նիւթեղէն մշակոյթը վաճառաշահութեամբ հետամուտ հոգեւորականներէն․ ի վերջոյ սփիւռքի մշակութային հայկական ժառանգութեան պահպանութիւնը լուրջ մղձաւանջ մըն է։ Այլ խօսքով Յ․ Կլեմբ օգտաբեր ներդրում ունեցաւ այդ ժառանգութիւնը մշտապէս փրկելու, ուշադրութեան եւ հոգատարութեան հովանիի տակ պահելու մէջ, «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի միջոցով։

ԱՌՆՉԱԿԻՑ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐ

Արդեօ՞ք պարտք է յիշեցնել կաթոլիկ այդ հոգեւորականներուն, որ Լեհաստանի ընդունուած պաշտօնական ինը փոքրամասնութիւններուն մէջ քրիստոնեայ լեհահայութիւնը հնագոյններէն է։ Իսկ եթէ այդ հոգեւորականները պատահմամբ, ձեւական կամ խորհրդանշական հանգամանքով նշանակուած են «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի անդամ, ուրեմն այդ մէկը շատ խղճալի է. մերժելի նման վարմունք մը խաւիարային գարշահոտութիւն կը յուշէ։  

Ազերպայճանի  «կրօնական հանդուրժողականութեան» մասին խօսելէն առաջ, պարտք է սոյն  քրիստոնեայ հոգեւորականներուն յիշեցնել, թէ այդ երկրի բռնակալ վարչակարգը քրիստոնեայ հայ ժողովուրդի հանդէպ ինչպիսի վայրագութիւններ իրագործած է։  Մանաւանդ այդ երկրի խաղաղ քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ ջարդեր ու զանգուածային բռնատեղահանումներ գործադրած է։

Շատ մօտիկ անցեալէն կարելի է յիշել՝ Խոճալիի բռնարարքներն ու սպանութիւնները, որ տեղի ունեցան տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ 22 Փետրուար 1992 թուին Արցախի Իվանեան (Խոճալի) գիւղին մէջ։ «Խոճալիի ջարդը» կը նկատուի 20-րդ դարու ամենէն սարսափելի ողբերգութիւններէն մէկը: Նմանապէս պէտք է յիշեցնել նաեւ 1997-էն մինչեւ 2006 Նախիջեւանի տարածքին ականահարուած, ջարդուած եւ քարակոյտերու վերածուած ու ապա մաքրագործուած 89 հայկական եկեղեցիները, 5840 խաչքարերը եւ աւելի քան 22 հազար հայ քրիստոնէական գերեզմանաքար-խաչքարերը, որոնց վերջին խմբաքանակը 2006-ին, մաքրագործուեցաւ հին Ջուղայի միջնադարեան գերեզմանատան մէջ [7], եւ տակաւին քրիստոնեայ Արցախահայերու ցեղային զտումները, սպանդային եւ արմատախլման սպառնալիքի տակ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին իրականացած բռնագաղթը։ Ինչպէս կարելի է մոռնալ 27 Սեպտեմբեր 2020 թուականի Ազերպայճանի կողմէ սկսած պատերազմի եւ գոյաբանական սպառնալիքներու պատճառով այդ տարածքէն դէպի Հայաստան բռնի տեղահանուած, Լեռնային Ղարաբաղի քրիստոնեայ հայ բնակիչներու ցաւոտ սոսկումները, անսպիացած խոցը ։

Կարելի՞ է չյիշել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կոչերը՝  յարգելու Արցախի հայ քրիստոնէական սրբազան վայրերը եւ մշակութային ժառանգութիւնը։  2020 թուի պատերազմէն ետք, Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ օրէ օր կը կործանին հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կառոյցները, որոնց շարքին` եկեղեցիներ, յուշարձաններ, խաչքարեր, գերեզմանատուներ, արձաններ, իսկ հայկական արձանագրութիւնները կը ջնջուին հայկական եկեղեցիներու պատերէն եւ տապանաքարերէն, իսկ որոշ այլ պարագաներուն ալ՝ այդ եկեղեցիները մզկիթներու վերածուած են։ «Caucasus Heritage Watch»ը (CHW) 24 Յունիս 2024 թուին հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման 7-րդ զեկոյցը: Զեկոյցը ցոյց կու տար, որ Արցախի մէջ Ազերպայճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերուածութիւններուն թիւը 2023-ի աշունէն ի վեր աւելցած է 75 տոկոսով, (CHW)-ի մշտադիտարկման սկիզբէն ի վեր, արբանեակային պատկերները կը բացայայտեն Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը:

         Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած վիճայարոյց վերնագրով եւ բովանդակութեամբ զաւեշտական ցուցահանդէսի առնչութեամբ բողոքներ տեղի ունեցան, մամուլի մէջ զոր օրինակ՝ գրաւոր բողոք ներկայացուեցաւ հետեւեալներու կողմէ ստորագրուած՝ Լեհաստանի Հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովիւ Փրոֆ․ հայր Յուզեֆ Նաումօվիչի, Յակելոնեան համալսարանի վաստակաւոր հայագէտ Փրոֆ․ Անտժէյ Փիսովիչի, լեհահայ պատմութեան քաջածանօթ Փրոֆ․ Անտժէյ Ժիէմպայի եւ նոյն համալսարանէն՝ «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի նախագահ Փրոֆ․ Քժիշտօֆ Սթօբքայի:

Գործնական արձագանգը չուշացաւ Վարշաւայի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութենէն։ Վարշաւայի Տնտեսագիտութեան համալսարանի մէջ սոյն տարուայ Յունիս  26-ին տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած «Արցախ՝ վտանգուած ժառանգութիւն» լուսանկարներու ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն համադրողն ու հիմնական հեղինակն է Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն, դեսպան՝ Վահէ Գաբրիէլեանը:

Այս ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Վարշաւայի Տնտեսագիտութեան համալսարանի ռեկտոր Բիոթր Վախովիաքը, Լեհաստանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանը եւ դեսպան Վահէ Գաբրիէլեանը:

Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը մէկ ամսուայ տեւողութեամբ հանրութեան ցուցադրեց արցախահայերու կողմէ դարերու ընթացքին պատմական իրենց հայրենիքի մէջ ստեղծուած, պատմամշակութային, կրօնական ժառանգութիւնը ներկայացնող վանքերը, եկեղեցիները, ամրոցները, թանգարաններն ու կամուրջները, այդ կառոյցները ներկայիս կը գտնուին ոչնչացման աղէտի եւ կամ վերափոխման ծանրակշիռ վտանգի տակ։

ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Լայնատարած թուային գերարդիական հաղորդամիջոցները անընդմէջ կը փոխակերպեն դասական հասարակութեան, ընկերութիւններու, դասակրգերու կենցաղը, մտածելակերպը եւ գործելակերպը։ Քրիստոնէութիւնը անմասն չէ այդ մշտափոփոխութենէն, աւելի ճիշդ՝ եկեղեցական արդարամիտ ղեկավարութիւնները ներկայիս ծանրա­գոյն մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած են, սահմռկեցուցիչ իրողութիւններ կը  դիմագրաւեն։ Եկեղեցւոյ երդիքին տակ ծուարած պատեհապաշտ  որոշ հոգեւորականներու կողմէ չարաշահումները, անպարկեշտ կենցաղի վարմունքները, եկեղեցականի սրբակենցաղ վարքագիծէն շեղումները, հոգեւորականի դիմակի տակ իրագործուած յանցագործութիւնները, սեռային անբարոյականութիւնները, մանկապղծութիւնները եւ տարատեսակ ապիկար ու պղծահամբաւ արարքները, բարոյախօսական արժէքներու անկումը, անմարդկային բնազդի կոպիտ եւ աններելի դրսեւորումներ են։ Որոշ հոգեւորականներու մերժողական ընթացքին դիմաց քրիստոնէութեան նկատմամբ ընդվզեցուցիչ եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ ժխտական, կեցուածք գոյացած է։

Լեհաստանի մէջ հաւատացեալներու ջախջախիչ մեծամասնութիւն ունեցող Կաթոլիկ եկեղեցին ալ զերծ չէ այդ բուռն տագնապներէն, որոնք աւելի բարձրաձայն ու աղմկոտ կը դառնան, հոգեւորականներու հիւանդագին եւ անճարակ ընթացքէն, որոնց խայտաբղէտ վարքը որքան պարսաւելի է, նոյնքան ծանրակշիռ ու սայթաքեցնող է այդ կեղտոտ վարմունքի պարագաներու թուաքանակն ալ։ Իսկ եթէ այդ մարտահրաւէրներուն վրայ աւելնան նման պատմական անիմացութեամբ, դիւրախաբ ընկալումներով, անպարկեշտ արտայայտութիւններով ու շահամոլ մասնակցութեամբ կաթոլիկ հոգեւորականներու նոր անուններ, ազերամէտ նոր ծրագրեր, այդ ժամանակ քրիստոնէադաւան երկխօսութիւնը դատարկ լոզունգի կը վերածուի, անարդար էքումենիզմի պիտակի տակ ձախաւեր չարաշահութիւն կը դառնայ։

Ազերպայճան նախագծուած անպարկեշտ ու աշխուժ ճիգերով, նենգամիտ ու հեռատես ծրագիրներով կարողացած է խաւարել, “ուղեղներու լուացում”-ի ենթարկել Կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչական կառոյցի իշխանաւորներու միտքերը, անոնց ողջ կազմերէն ներս թափանցել եւ ներսէն կրծել, չարաշահիլ Արցախի եւ հայու կրօնամշակութային ինքնութիւնը։ Յաջողած է բոլոր պատեհ առիթներով, մշակութային թէ գեղարուեստական ու կրօնական հակահայ յայտագրերով, ցուցադրական ու քարոզչական արշաւներով աղաւաղել հայ կրօնապատմական ժառանգութեան իսկական էութիւնը։

Գերհրամայական է, որ հայ զգաստ եւ կարող հոգեւոր պետերը իրենց միջկրօնական հանդիպումներուն, հաղորդակցութիւններուն, երկխօսութիւններուն անյապաղ բարձրաձայնեն հարցը եւ դատապարտեն կաթոլիկ հոգեւորականներու վատառողջ նման արարքները, համակարգուած աշխատանքով եւ վճռակամութեամբ հակադարձեն ազերական կեղծ հրապարակումներուն, մոլորեցնող պնդումներուն, յանձնառութեամբ պաշտպանեն հայապատկան հոգեւոր նիւթեղէն դարաւոր ժառանգութիւնը, աշխատանքային յայտագրերու վրայ մնայուն հրատապ օրակարգ ունենան արցախահայութեան քրիստոնէական կրօնամշակութային խեղաթիւրումներու արդարախոհութեան առաջնակարգութիւնը, մանաւանդ հայ հոգեւոր ինքնութեան՝ սրբազան վայրերու, մշակութային բազմադարեայ պատմութեան, հոգեւոր ժառանգութեան արդարացի պաշտպանութիւնը, կանխելու համար Նախիջեւանի մէջ կատարուած նիւթեղէն ժառանգութեան նկատմամբ բարբարոսութիւններու կրկնութիւնը։

Հայաթափուած Արցախի մէջ, ինչպէս արեւմտահայաստանի, Նախիջեւանի եւ այլուր, հայկական ներկայութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ ժառանգութիւնները, հայկական ճարտարապետութեան դարավաստակ վանքերու, եկեղեցիներու գմբէթներն ու անոնց վրայ հաստատուած ժառանգաբուխ հաւատքի խաչերը՝ սեփականատէր հայ ժողովուրդի ներկայութեամբ եւ տոկունութեամբ դիմագրաւած, խիզախած եւ ականատես վկաները եղած են յաղթանակներու՝ պանծալի դափնիներով պսակուած եւ հաւատքի ղօղանջներով հիւսած են հայ հոգեմտաւոր ինքնութեան մատեանները։

Սակայն այսօր անոնք հեռու են իրենց մշտնջենաժառանգ ու սեփականատէր հայութենէն՝ կ՛ենթարկուին բարբարոսական կողոպուտի, վանդալութիւններու, հիմնայատակ ու առյաւետ կործանումներու, ենթակայ են բնաջնջումի, կը կարօտին մեր անյապաղ ու ծրագրուած օժանդակութեան եւ միջամտութեան։ Իսկ տակաւին որոշ եկեղեցիներու գմբէթները պարտադրաբար կը խոնարհին բռնագրաւողի բիրտ կապանքներուն, բազմադարեայ խաչերը կը զիջին նուաճող խառնածին ասպատակողներու վայրագութիւններուն ու անոնց մահիկաձեւ, խաւարաժառանգ հաւատքի խորհրդանիշերուն, մանաւանդ երբ անարժան ասպատակողներ կանխագծուած կը փորձեն, չարամտօրէն վերաշարադրել իրենց անպարկեշտ սեփական պատմութիւնը։

[1] https://centrumwolnosci.uksw.edu.pl/2024/05/28/wystawa-dziedzictwo-chrzescijanskie-w-wielokulturowej-tozsamosci-azerbejdzanu-na-krakowskim-przedmiesciu/

[2] https://www.aztagdaily.com/archives/546067  

[3] https://hairenikweekly.com/?p=20636   

[4] https://agencja-informacyjna.com/dziedzictwo-zawlaszczone-azerbejdzan/  

[5] https://portal-informacyjny.com/azerbejdzan-przepisuje-historie-ormianskie-koscioly-zagrozone/

[6]https://www.aravot.am/2024/06/04/1424086/?fbclid=IwZXh0bgNhZW0CMTEAAR17Ok2OP_tCDlI9kfyh07ICdp9x2oAW7kZ36mbjfBvNBFNqSLuu9KhGt00_aem_AeZomzIDJeBCK9_FdEePCuBTMTQYMCCf4IpU9PQHe0kHj3mW5Be-_zu7i7DzOfWshK1uIqiAeD-IFaZKWdM0zS2S

[7] https://www.rferl.org/a/armenia-azerbaijan-julfa-cemetery-destruction-unesco-cultural-heritage/30986581.html   

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում