Ուրուկուէյի Ծերակոյտը 7 Մայիսին միաձայնութեամբ թեր քուէարկեց ամէն տարի Ապրիլ 24ը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակող օրէնքի նախագիծին, որ պետական բոլոր պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ 24ին անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումով՝ Ուրուկուէյի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «Ֆէյսպուք»ի էջը կը տեղեկացնէ, որ նիստին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող ծերակուտականները, որոնք վերահաստատեցին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ իրենց բարեկամական վերաբերմունքը, մարդկութեան դէմ գործուած նման յանցագործութիւնները մոռացութեան չմատնելու կարեւորութիւնը, լուսարձակի տակ առին յարգուած եւ սիրուած հայ համայնքի հանգամանքը:
Ծերակուտականները նաեւ նշեցին, որ Հայաստանը այսօր ալ ապահովական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած է եւ յիշեցուցին, որ 2022ին Ծերակոյտը նաեւ միաձայնութեամբ դատապարտեց Բերձորի միջանցքին փակումը եւ իր համերաշխութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին: