Մեծն Բրիտանիա Ապօրինի Գաղթականներ Ուղարկելու Գծով Կը Բանակցի Հայաստանի Հետ. «Թայմզ»

  • 16.04.2024
  • 0
  • 433 Views

Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի, Քոթ Տ՛Իվուարի, Քոսթա Ռիքայի եւ Պոցուանայի ներկայացուցիչներուն հետ կը բանակցի համաձայնագիրի մը շուրջ, որուն ծիրին մէջ կը նախատեսուի ապօրինի գաղթականներ ժամանակաւորապէս նշեալ երկիրները տեղափոխել։

Այս մասին կը տեղեկացնէ բրիտանական «Թայմզ» թերթը՝ իբրեւ հիմք ունենալով Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն իր տրամադրութեան տակ գտնուող փաստաթուղթեր՝ մանրամասնելով, որ Մեխն Բրիտանիան արդէն 18 ամիսէ ի վեր կը փնտռէ երկիրներ, որոնք պատրաստ են ընդունելու ապօրինի գաղթականներ։

Ըստ նշեալ փաստաթուղթին՝ ապօրինի գաղթականները պէտք է այդ երկիրներուն մէջ մնան, այնքան ատեն որ բրիտանական իշխանութիւնները տակաւին կը քննարկեն ապաստան տրամադրելու վերաբերեալ անոնց դիմումները։

Լոնտոն կ՛ակնկալէ վերոնշեալ չորս երկիրներուն հետ կնքել Բրիտանիոյ եւ Ռուանտայի միջեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնագիրի համարժէք համաձայնութիւն մը։

Կը նշուի նաեւ, որ Հայաստան կ՛ակնկալէ այս գործարքէն առնուազն 290 միլիոն սթերլինկ ստանալ։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ քննարկուած է համագործակցութիւն Էքուատորի, Փարակուէյի, Փերուի, Պրազիլի եւ Քոլոմպիոյ նման երկիրներու հետ, սակայն անոնք, ըստ բրիտանական իշխանութիւններուն, համաձայնագիրին նկատմամբ նուազ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, իսկ Մարոք, Թունուզ, Նամիպիա եւ Կամպիա «ակնյայտօրէն մերժած են» հարցը քննարկել։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հայաստանի, Քոթ Տ՛Իվուարի, Քոսթա Ռիքայի եւ Պոցուանայի հետ բանակցութիւններուն մէջ, յառաջընթացը կանգ առած է Ռուանտայի համաձայնագիրին գծով շարունակական հարցերու պատճառով, սակայն բրիտանական կառավարութիւնը յոյս ունի, որ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ, երբ Ռուանտայի ծրագիրը գործարկուի։

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան, արձագանգելով «Թայմզ»ի հրապարակման՝ «Սփութնիք Արմէնիա»ին  ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Մեծն Բրիտանիան քաղաքական երկխօսութեան լայն օրակարգ մը ունին, իսկ նշեալ հրապարակման մէջ արծարծուած հարցով բովանդակային կամ թեքնիք բանակցութիւններ չեն եղած։

Մեծն Բրիտանիա Ապօրինի Գաղթականներ Ուղարկելու Գծով Կը Բանակցի Հայաստանի Հետ. «Թայմզ» – Asbarez – Armenian

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում