Լեհաստանի մէջ 2023 թուականի վերջաւորութեան լեհերէնով հրատարակուեցաւ „Ludność cywilna wobec wojny w Górskim Karabachu. Antropologia straty i cierpienia”, «Քաղաքացիական բնակչութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի կացութեան դիմաց. Կորուստի եւ տառապանքի մարդաբանութիւն» խորագրով հատորը, 160 էջ ծաւալով։ Հրատարակութիւնը իրականացած է Լեհաստանի ակադեմական փոխանակման ազգային գործակալութեան դրամաշնորհի շնորհիւ։ Գիրքը հրատարակուած է Լեհաստանի՝ Կտանսք քաղաքի Եւրոպական քաղաքականութեան գիտահետազօտական հիմնարկի Riep հրատարակչատունէն։ Այս գիրքին հրատարակութենէն առաջ լոյս տեսած էր հատորին ելեկտրոնային տարբերակը 2022 թուին:
Գիրքին հիմնատաղձը նուիրուած է 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հայ խաղաղ բնակչութեան ճակատագրին, զինուած հակամարտութեան մղձաւանջին, հայ բնակչութեան գոյապայքարին, պատերազմի բազմատեսակ կորուստներուն եւ մանաւանդ դաժան վայրագութիւնները դիմակայելու Արցախահայութեան փորձառութիւններուն, պատերազմի ահ ու սարսափով լեցուն տառապանքներու մարդաբանութեան։ Լրջախոհ այս գիտաշխատութիւնը, լեհերէն լեզուով առաջին գիտաշխատութիւններէն կը համարուի։
Հատորին համահեղինակներ են՝ Լեհաստանի Բոզնան քաղաքի Ատամ Միցկիեվիչի անուան պետական համալսարանի գիտաշխատողներ՝ ընկերային մարդաբանութեան դասախօս փրոֆ. Ատամ Փոմիեչինսքի եւ քաղաքագիտութեան դասախօս փրոֆ․ Քշիշթոֆ Ֆետորովիչ եւ Հայաստանէն մշակութային մարդաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ Աղասի Թադեւոսեան եւ մշակութաբանութեան մագիստրոս՝ Գոռ Օրտեան։ Հատորին գիտական քննարկումը կատարած են՝ Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանէն փրոֆ․ Ռենաթա Քրուլ – Մազուր եւ Վարշաւայի համալսարանէն փրոֆ․ Աննա Մալեվսքա – Շաուիկին։
Այս հատորի բովանդակութիւնը արգասիքն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեղւոյն պայմաններու մէջ իրականացած դաշտային ուսումնասիրութիւններու ծրագրի մը, որ կատարուած է Լեհական պետութեան նիւթական դրամաշնորհի ամբողջական ֆինանսաւորումով, արտակարգ իրավիճակներու, ներխուժումներու յատուկ ուսումնասիրութեան դրամաշնորհի (intervention grant) շնորհիւ։ Այդ դրամաշնորհի նախաձեռնողներն ու նախագիծը իրականցնողներն են վերը յիշուած լեհ գիտաշխատողներ՝ Ատամ Փոմիեչինսքի եւ Քշիշթոֆ Ֆետորովիչ։
Սոյն ծրագրին համագործակցած է, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան Ազգային Ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժամունքը, համագործակցութեան իր ներդրումը ունեցած է շրջագայութիւններու, կազմակերպչական եւ հայերէն լեզուի օգնութեան ծիրին մէջ, որոնք իրագործուած են գիտաշխատողներ՝ Աղասի Թադեւոսեան եւ Գոռ Օրտեանի աջակցութեամբ ։
Հատորի ներածականին կը յաջորդեն գլխաւոր հինգ գլուխներ, որոնք գլխաւորաբար կ՛ընդգրկեն Ա) Մարդաբանը պատերազմի դէմ յանդիման, Բ) Հակամարտութեան ակունքներէն մինչեւ 44 օրուայ պատերազմը, Գ) Լեռնային Ղարաբաղի նոր պատերազմ․ անձնական պատմութիւններ, Դ) Պատերազմը որպէս աղէտ. Կորուստի եւ տառապանքի անվերականգնելիութիւնը, Ե) Պատերազմի փախստականները Հայաստանի մէջ։ Գիրքը համալրուած է վերջաբանով, մատենագիտական աղբիւրներու ցանկով, յաւելուած կայքէջերու բաժինով եւ տեղեկագիրներու ցանկով, գիրքին մէջ տեղ գտած են 18 լուսանկարներ եւ երկու քարտէզներ։
Յատկանշական է, որ հետազօտական կուռ բնոյթով բնորոշուող այս գիրքի բովանդակութեան մէջ, հեղինակները նպատակադրած են հեռու մնալ պատմական ու քաղաքական հարցերու արժեւորումներէն, խուսափած են ռազմական եւ ռազմաքաղաքական դիտարկումներ կամ վերլուծումներ մէջբերելէ, զգուշացած են տեղական եւ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները, տրամադրութիւնները, տեսակէտները բնութագրելէ։
Հիմնականօրէն, առաջին հերթին ներկայացուած են Արցախի բնակչութեան, մարդ անհատի իրավիճակներն ու հասարակութեան ճակատագիրը, մարդաբանութիւնը։ Բնիկ ժողովուրդի լայն խաւի բնակչութիւնը, որուն համար աշխարհը փլուզուած է, պատերազմի մղձաւանջը անընդհատ կ՛ուղեկցի անոնց կեանքի ընթացքին, իսկ ապագայի մասին մտածելն անգամ հոռետեսութեամբ եւ հեռանկարներու բացակայութեամբ կը շեշտաւորուի։ Մարդիկ, որոնք տառացիօրէն տառապած են պատերազմի տանջանքներով, պատերազմի թոհուբոհի մէջ կորսնցուցած են իրենց ընտանեկան հարազատները, նահատակուած սիրելիները, ունեցուածքը, ենթարկուած են պատերազմական բռնութիւններու, զանգուածային հարձակումներու, ջարդի, թալանումի, տեղահանումի, սպանութիւններու, հողազրկումի եւ մանաւանդ հայրենազրկումի։ Գիրքի բովանդակութեան մէջ առանցքային դեր ունեցած է վտանգներով լեցուն պատերազմի ճգնաժամային կացութեան ընթացքին մարդկային տառապանքի հիմնախնդիրը, հաւաքական կենսագոյութեան, դժբախտութեան շրջապատկերը, մշակութային ժառանգութեան առանցքային եւ անվերականգնելի կորուստներու, փճացումի հիմնահարցը:
Ուշագրաւ է, որ հեղինակները փորձած են կեդրոնանալ բնակչութեան գոյատեւման ռազմավարութիւններու, տեղահանումներու եւ պատերազմի փախստականներու ընկերային եւ տնտեսական իսկական իրավիճակին, անոնց գոյատեւութեան մարտահրաւէրներուն վրայ։ Այն մասին, թէ արցախահայերը ինչեր կորսնցուցած են պատերազմի եւ բռնի տեղահանութեան եւ իրաւազրկումի հետեւանքով, պատերազմի ողբերգութեան, տագնապի խուճապի ընթացքին բնակիչներու խզուած ընկերային կապերու եւ արմատախլման սպառնալիքի տակ իրականացած բռնագաղթի պատճառներով։
Պրպտումներու նախագիծի հիմնական մասը հիմնուած է տեղւոյն իրավիճակի պայմաններու դաշտային հետազօտութիւններու վրայ, որոնք իրականացած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, 15 հոկտեմբեր 2021 թուականէն մինչեւ 15 փետրուար 2022 թուական։ Ուսումնասիրութեան այս ժամանակին մէջ, տեղի ունեցած են 83 խորացուած հարցազրոյցներ (57-ը՝ կանանց եւ 26-ը՝ տղամարդկանց հետ): Կատարուած հարցազրոյցները բաժնուած էին երեք խումբերու՝
1) Պատերազմի փախստականներ՝ Արցախցիներ, որոնք մինչեւ 27 սեպտեմբեր 2020 թուական ապրած են իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներ, սակայն 27 սեպտեմբերի պատերազմի գոյաբանական սպառնալիքներու պատճառով այդ տարածքէն բռնի տեղահանուած եւ կամ փախած են դէպի Հայաստան։
2) Տուեալ ժամանակշրջանի Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներ, այդ խումբին մէջ են հայրենադարձներ, այսինքն այն բնակիչները, որոնք որոշած են ծանր մարտերէն ետք դարձեալ Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալ։
3) Այսպէս կոչուած փորձագէտներ, այսինքն՝ փախստականներուն աջակցող եւ օգնութիւն տրամադրող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ռազմական օգնութիւններով զբաղուող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատակիցներ, պետական ծառայութիւններու պաշտօնեաներ եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի խնդիրներու լուծման հետ ներգրաւուած անհատներ (օրինակ՝ խորհրդարանականներ, գիտնականներ, լրագրողներ եւլն․):
Լուսանկարում՝ Ռազմական գրոհներու պատճառով քանդուած բազմաբնակարան՝ Ստեփանակերտ, դեկտեմբեր 2021 թ.
Հարցազրոյցները գլխաւորապէս կեդրոնացած են առաջին խմբակին՝ պատերազմի փախստականներու հետ (57 հարցազրոյց), փորձագէտներու հետ եղած են (16 հարցազրոյց), իսկ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու հետ (10 հարցազրոյց):
Ուսումնասիրութեան վայրերը խնամքով ընտրուած են: Բնականաբար այդ ընտրութիւնը առնչուած էր տարածաշրջանի մէջ առկայ եղող քաղաքական անկայուն իրավիճակով, հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծի մագլցումներով, վիճելի տարածքներու շուրջ հակամարտութեան մշտափոփոխ զարգացումներով։
Հետազօտութիւնները տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի՝ հիմնականօրէն Ստեփանակերտի եւ Ասկերանի շրջանի Բերձորի գիւղերուն մէջ, Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու մէջ՝ Վարդենիս քաղաքի (Գեղարքունիքի մարզ), Գորիս քաղաքի (Սիւնիքի մարզ), Հարթաշենի գիւղի (Գորիսի համայնք) (Սիւնիքի մարզ), Վերիշեն գիւղ, (Գորիսի համայնք) (Սիւնիքի մարզ), Դեբետ եւ Դսեղ (Լոռի մարզ), Ծաղկաձոր, Չարենցաւան, Նոր Հաճըն (Կոտայքի մարզ) եւ Երեւան։
Պատերազմի փորձանքի գեհենային պայմանները ապրած արցախահայերու հետ հարցազրոյցներ իրականացնելը հեշտ գործ չէ, անոնց ապրած հոգեխոցի զրուցակից դառնալը մասնագիտական հմտութիւն եւ համբերութիւն կը պահանջէ։ Մանաւանդ, որ այդ զրուցակիցներէն շատեր պատերազմական պայմաններու կրկնակի ականատեսներ են, նախ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը 1992–1994, ապա 2016 թուականին, եւ անգամ մը եւս 2020 թուականին պատերազմներու փորձառութիւն ունեցողներ են։ Նկատի պէտք է առնել նաեւ հարցազրոյցներու խօսակցական լեզուն որ ընդհանրապէս հայերէն լեզուով եւ ռուսերէնով էր։
Գիրքի բովանդակութեան առընթեր, դաշտային գիտահետազօտական առաքելութեամբ Արցախ եւ Հայաստան այցելած գիտահետազօտողներէն եւ գիրքի համահեղինակ Փրոֆ․ Քշիշթոֆ Ֆետորովիչի հետ հեռաձայնային քանիցս հաղորդակցութիւններու, զրոյցներու միջոցաւ կը միտէի յաւելեալ մանրամասնութիւններ քաղել, լսել անոր տպաւորութիւնները, ականատեսի վկայութիւնները, հաստատումները։ Տեղեկանալու համար իրագործուած գիտահետազօտական հանգամանքներու նշանակալից առնչութիւններուն, Ք․ Ֆետորովիչ հաստատեց՝ «Շատ յաճախ, արցախահայ զրուցակիցները լսելով, որ ռուսերէն ալ կը խօսինք, ինքնակամ կը խնդրէին իրենց հետ աւելի երկար մնալ ու զրուցել։ Ռուսերէնի շնորհիւ, յաճախ մենք շատ կարեւոր տեղեկութիւններ կը ստանայինք մեր զրուցակիցներէն։ Ռուսերէնի ճանաչողութեան շնորհիւ անոնք աւելի սրտբաց եւ վստահութեամբ մօտեցան մեզի եւ մեր հարցումներուն։ Շատ էական դեր ունեցաւ մեր եւ արցախահայերու ռուսերէնի ճանաչողութիւնը, մենք աւելի հաղորդակից կրցանք դառնալ փախստականներուն հետ, կասկածանքի եւ վերապահութեան մթնլոլորտը անէացաւ մանաւանդ մեր պարագային, երկու լեհ օտարականներու ներկայութիւնը անորոշութիւն եւ շփոթ մը ստեղծած էր իրենց համար։ Զարմացած էին, որ այս հետազօտութեան նախագիծը լեհական է, եւ պատերազմի տագնապէն վերջ առաջին օտարներն էինք, որ մեծ հետաքրքրութեամբ եկած ենք, յատկապէս իրենց հետ զրուցելու, իրենց հետ կիսելու պատերազմի ողբերգութիւնները, լսելու իրենց վիշտն ու տառապանքը եւ յատկապէս գիտահետազօտական ուսումնսաիրութիւն կատարելու համար։ Մեր կատարած զրոյցները հոգեկան հանդարտութիւն փոխանցող, պատերազմի հետեւանքներու բեռումով անոնց ապրած ցաւերը ամոքող, վէրքերը սպիացնող, հոգեկան անդորրութիւն մը ներշնչեցին, սփոփանքի եւ մխիթարութեան սպեղանի մը հանդիսացան։ Մենք դարձանք բարեկամներ, ջերմ ու հիւրընկալ էին, յատկանշական էր անոնց հիւրասիրութիւնը, շուարած էին ինչպէ՞ս մեզ հիւրասիրել։ Յաճախ կ՛ուզէին մեզ իրենց տունը պահել եւ վայելել մեր ներկայութիւնը։ Մենք ալ իւրաքանչիւր ընտանիքի նուէրներ պատրաստած էինք, մանաւանդ բազմանդամ եւ երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն։ Մեզմէ կը խնդրէին իրենց տառապանքները փոխանցել բոլորին, տարածել ողջ աշխարհին, յուսալով, որ մարդիկ կ’իմանան իրենց ողբերգական ճակատագրի մասին, այնքան կը վախնային, որ աշխարհ զիրենք յանկարծ չյիշէ եւ կամ պահ մը մոռնայ արցախահայութեան ողբերգութիւնը»։
Լուսանկարում՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու առաջին զանգուածային ժողովին նուիրուած ցուցանակ , Ստեփանակերտ Հոկտեմբեր 2021, Լուսանկար՝ Քշիշթոֆ Ֆետորովիչ
Հետազօտողները հարցազրոյցի իւրաքանչիւր յօժարակամ մասնակից կողմին կանխաւ տեղեկացուցած էին եւ առած էին անոր համաձայնութիւնը։ Հարցազրոյցներու մասնակիցներուն անվտանգութիւնն ու գաղտնապահութիւնը ապահովելու համար՝ «Մենք որոշած էինք բոլոր հարցազրոյցներու մասնակիցիներուն անուններն ու ազգանունները չհրապարակել» աւելցուց զրուցակիցս` Ք․ Ֆետորովիչ։
Գրեթէ բոլոր զրուցակից արցախահայերը՝ 27 սեպտեմբեր 2020 թուականի պատերազմը կը համեմատէին 2016-թուի ապրիլեան պատերազմի հետ ընդգծելով՝ 2016 թուի պատերազմ ուրիշ էր, նուազ լարուած էր։ Իսկ այս անգամ խաղաղ բնակչութիւնը այս տարողութեամբ պատերազմի պատրաստ չէր, նման պարտադրուած պատերազմ, յարձակում չէր նախատեսած, անոնք կը հաւատային որ ապահով են, զիրենք պաշտպանողներ ունին։ Նոյնիսկ երբ ազերիական յարձակումները ուժեղացան, մեծ մասը ինքնավստահ էր, որ հիմնական գործողութիւնները բազմաշերտ չեն, տեղի կ՛ունենան առաջնագիծի վրայ գտնուող զօրքերու միչեւ, եւ օրերու ընթացքին գրոհները կ՛աւարտին, եւ շուտով կը կարողանան իրենց բնականոն կեանքին վերադառնալ, ինչպէս պատահեցաւ 2016 թուականի ապրիլեան կարճատեւ չորս օրուայ պատերազմին։ Այդ պատճառով իրենց հետ չտարին սեփական թէ հաւաքական գոյքեր, իրեղեններ, փաստաթուղթեր, դեղօրայք եւ այլն։
Քշիշթոֆ Ֆետորովիչ հաստատեց նաեւ՝ «Մեր զրուցակիցները շատ յաճախ կ՛օգտագործէին «Մեր տունը», «մեր բնակարանը», բազմիցս կրկնուող «տուն», «ընտանիք», «ընտանիքի անդամ»…բառերը, Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն համար, եւ մանաւանդ մշակութային ժառանգութեան հետ աղերսուած, յատկապէս՝ հաւատքի, քրիստոնէական կրօնքի աւանդութիւններու հետ կապը շատ զօրեղ է, արցախահայերու համար այդ չափորոշիչները ազգային ինքնութեան հիմնական բաղադրիչներն են, անոնց համար գոյապայքարի եւ հայրենասիրական ամէնակենսական եւ անհրաժեշտ տարրեր են»։
Իրաւացի է լեհ ակադեմականին, գիտահետազօտողին խորիմաստ հաստատումը, բնականաբար կարելի է հաստատել, թէ հայու ազգային ընկալման մէջ «տուն»-ը հայ մարդու անվտանգութեան հիմքն է, որ կը միաձուլուի հողին հետ, կը նոյնանայ ընտանիքի ամբողջականութեան հետ։ Հայու տունի կորուստը, այս պարագային եւ հողի կորուստը, հայ ընտանիքի անվտանգութիւնը եւ յատկապէս տնազուրկ, հողազուրկ եւ մանաւանդ հայրենազուրկ դառնալը ոչ միայն ցնցած է արցախահայութեան հաւաքական կայունութիւնը, ապահովութեան զգացումը, այլեւ պատուհասած է անոր լինելիութիւնը, խաթարած է անոր գոյատեւութիւնը։
Գիրքին մէջ ակնյայտ են տարաբախտ ու խղճալի մարդկային բազմատեսակ իրավիճակներու բնութագրութիւններ։ Օրինակ մը յիշելու համար՝ հայր ու ամուսին կորսնցուցած ընտանիքի մը մէջ, այնքան զգացական ու ներգործող ուժեղ տպաւորութիւն թողած է հետազօտող խմբակի անդամներուն վրայ իրավիճակ մը, ուր
հայրը նահատակուած երեք տարեկան երեխան գրկած է զրուցավար եւ գիրքին համահեղինակ՝ Գոռ Օրտեանը ու երկար ժամանակ անոր կողքին մնալով չէ ուզած հեռանալ անկէ։ Անհերքելի ապացոյց է, թէ որքան ծանրաբեկ է երեխայի մը համար մարտական գործողութիւններէն ետք տուն չվերադառձող հօր կորուստը։ Հետազօտող խմբակի անդամները իբրեւ՝ ականատեսներ, զրոյցի ունկնդիրներ յատկանշական ձեւով վկայած, արձագանագած եւ ամրագրած են նման զգայացունց մարդկային իրավիճակներու ճշմարտութիւնները։
Հայրը նահատակուած երեք տարեկան երեխան զրուցավար եւ գիրքին համահեղինակ՝ Գոռ Օրտեանին կողքին, Լուսանկար՝ Ատամ Փոմիեչինսքի, Հոկտեմբեր 2021
Լեհ ակադեմականներու նախաձեռնութեամբ նախագծուած ծրագրով եւ հայ գիտաշխատողներու համագործակցութեամբ իրականացած այս աշխատանքը եւ մանաւանդ լեհական պետութեան դրամշնորհի նիւթական ամբողջական ֆինանսաւորումով իրագործուած փաստավաւերագրական այս ուսումնասիրութիւնը, արգասաւորուեցաւ գիրքի մը հրատարակութեամբ։ Ուսումնասիրութիւնը ունի յատկանշական վաւերականութիւնը, որ կատարուած է 2020 թուի պատերազմէն անմիջապէս ետք, ուր տակաւին արցախահայութեան ցաւն ու վիշտը չէին սպիացած, չէր ցամքած տակաւին անողորմ պատերազմի խոցն ու վէրքը, պատերազմի արհաւիրքը, անձկութիւնը պապանձեցուցած էր արցախահայութիւնը։
Փխրուն խաղաղութեան պայմաններու մէջ գիտական յանձնառութիւնը իբրեւ առաքելութիւն համարող լեհ ակադեմականներու այս ծրագիրը, տագնապի անապահով վայր ժամանումը նման գիտական աշխատանք մը իրագործելու համար, տուեալ իրավիճակը բնութագրելու, ականատեսի յոյժ կարեւոր վկայակոչում մըն է, պայմանները ապացուցող հաւաստի ատաղձ մըն է, երախտապարտ եւ բարձր գնահատականի արժանի է։ Օտար մասնագէտներու նիւթաբարոյական մատակարարումով իրագործուած եզակի եւ օրինակելի վաւերական հիմք ունեցող այս ուսումնասիրութիւնն ու ներբողելի հրատարակութիւնը, յատուկ հնչեղութիւն ունեցող շահեկան աշխատասիրութիւն մը ըլլալով մէկտեղ, գլխաւորաբար՝ գիտավաւերական ամրագրում, ժողովրդագրական հաստատագրում մըն է արցախահայութեան եւ արցախեան 2020 թուի պատերազմի մարդաբանութեան։ Շատ ցանկալի է, որ այս գիրքին՝ հայերէն եւ այլ լեզուներու թարգմանութիւնը՝ անարգելք, հեզասահ եւ մատչելի դառնայ։
Պարտք է յիշել նաեւ, որ Արցախի ցաւալի կորուստէն եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն ետք, լեհ ակադեմականներու եւ մասնագէտներու կողմէ Արցախի եւ արցախահայութեան նուիրուած շարժապատկերները, զրոյցները, գիտաժողովները, հրատարակութիւնները վաւերագրական իրենց հիմքով գնահատելի պատմափաստագրական ներդրում են Արցախի եւ Արցախեան հիմնախնդրին, տուեալ պատմական ժամանակահատուածի իրազեկութիւնը կը ներկայացնեն։ Լեհ գիտաշխատողներու գիտաուսումնասիրական այս աւանդը, ներկայիս ալ կը շարունակուի, յատկապէս երբ խումբ մը լեհ գիտաշխատողներ՝ յանդգնութեամբ, անդրդուելի համոզումով, հաստատակամ կը շարունակեն տակաւին ուսումնասիրել Արցախի իրավիճակը, արցախահայութեան հիմնահարցը՝ թարմացուած ուսումնասիրութիւններով, զրոյցներով եւ գիտաժողովներու միջոցառումներով։
Գերազանցօրէն գնահատելի է 8 Մարտ 2024 թուականին Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի Միջազգային հետազօտութիւններու բաժամունքին մէջ եւ նոյն համալսարանի գիտաշխատող՝ փրոֆ․ Ռենաթա Քրուլ – Մազուրի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ կայացած՝ «Չճանաչցուած հանրապետութիւններ միջազգային իրողութիւններու համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի վիճակ» վերնագրով գիտաժողովը։ Հրաւիրուած փորձագէտ լեհ ակադեմականներ քննարակած են Լեռնային Ղարաբաղի փլուզման կանխատեսելի հետեւանքները։
Երկու կլոր սեղանի շուրջ, ուր մին կը մէկտեղէր՝ միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, իսկ միւսը կը համախմբէր՝ քաղաքագէտներ, ընկերաբաններ եւ մշակութային մարդաբաններ, որոնք ուսումնասիրած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։ Ի հարկ է, նման գիտաժողովներ տեղի կ’ունենան հակառակ ազէրիական բոլոր տեսակի ճնշումներուն, հակադարձութիւններուն եւ բուռն խոչընդոտներուն հետ զուգահեռ, եւ մանաւանդ խաւիարային ախտի գարշելի քաղաքականութեան դրսեւորումներով։ Եթէ անցեալին այդ քաղաքականութիւնը կը կատարուէր անաղմուկ եւ թաքուն երդիքներու տակ, այսօր բացայայտօրէն կը կատարուի նիւթական ընծաներու խոստումներով, շեշտակի նիւթական առաջարկներու ուրոյն ոճով, անհիմն գիտական որակումով կեղծ ու զրպարտիչ ծրագիրներ իրականացնելու դրամաշնորհներու խրախուսանքով։
Փրոֆ․ Արա Սայեղ
Վրոցլավ, Լեհաստան
orer.eu