Դասախօսութիւն՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մեծի Պահոց պաշտամանց մասին

  • 02.03.2024
  • 0
  • 276 Views

22 Փետրուար 2024-ին Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան, ընդառաջելով Հայր Դր. Radek Tichý-ի հրաւէրին, Կարոլեան Համալսարանի Կաթողիկէ Աստուածաբանական Բաժանմունքի հովանւոյ ներքեւ դասախօսութիւն մը տուաւ Չեխերէն լեզուաւ՝ նուիրուած Մեծի Պահոց պաշտամանց ըստ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աւանդութեան: 2009 թուականէն ի վեր Իւթիւճեան սարկաւագ մերթ ընդ մերթ Կաթողիկէ Աստուածաբանական Բաժանմունքէն ներս դասախօսութիւններ տուած է, Հայոց Ս. Պատարագի, Ժամակարգութեան, Մխիթարեան Միաբանութեան, Ս. Ներսէս Շնորհալւոյ աւանդին եւ այլ յարակից նիւթոց մասին:

Այս առթիւ՝ դասախօսը իբր ներածութիւն նախ ներկայացուց Հայոց Ժամակարգութիւնը եւ Ս. Պատարագը ընդհանուր գիծերով, որպէսզի այնուհետեւ կարելի ըլլար ներկայացնել այն փոփոխութիւնները որոնք յատուկ են Մեծի Պահոց շրջանին: Գոց վարագոյրի կիրարկումը, խաչելութեան վրայ դրուած շեշտը, «Այսօր անճառ» եւ «Նայեաց սիրով» երգերու կիրարկումը, պակաս ծանր եղանակներու եւ կամ թիւ ասմունքի նախընտրութիւնը եւ շարք մը այլ առանձնայատկութիւններ բացատրուեցան՝ նշելով որ Մեծ Պահքը ժամանակաշրջան մըն է որուն ընթացքին զղջման եւ ապաշխարութեան խորհուրդներուն յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայուի: Նոյնպէս՝ այս ժամանակաշրջանին բարեպաշտ ժողովրդեան շատ սիրելի Արեւագալի եւ Խաղաղական ու Հանգստեան ժամերգութիւնները կը կատարուին, իսկ իւրաքանչիւր Կիրակի կը մականուանուի ըստ օրուայ Աստուածաշնչային ընթերցմանց՝ զոր օրինակ «Արտաքսման», «Անառակին», «Տնտեսին», «Դատաւորին», եւայլն:

Իւթիւճեան յատուկ ուշադրութիւն ընծայեց Շնորհալւոյ վերագրելի Կանոններուն, որոնք Կիրակի օրերու Գիշերային եւ Առաւօտեան ժամերգութեանց ընթացքին կ’երգուին: Բարեշնորհ սարկաւագը ցոյց տուաւ թէ ինչպէս Օրհնութիւն շարականները օրուայ խորհուրդը կը մեկնաբանեն, իսկ Հարց շարականները զայն քիչ մը տարբեր լոյսի տակ դնելով կը շեշտաւորեն ու հարստացնեն: Այս բոլորին ընկերակցեցան գեղեցիկ գրչագիր շարակնոցներէ քաղուած պատշաճ մանրանկարչութեան նմոյշներ, Հայկական եկեղեցիներու եւ խորանի գեղեցիկ վարագոյրներու նկարներ. դասախօսի երգեցողութեամբ կատարուած փոքրիկ նմոյշներ՝ քաղուած Պոլսոյ, Վենետկոյ, Վիեննայի, Զմմառու, Վաղարշապատի եւ Անթիլիասի երաժշտական աւանդութիւններէն. եւ որոշ շարականներու, ժամագրոց երգերու եւ աղօթքներու Չեխերէն թարգմանութիւնները՝ գրաբար բնագրէն կատարուած դասախօսին կողմանէ: Իսկ բոլոր ներկաներուն տրամադրուեցան լուսահոգի Եւգէն Քինդլերի կատարած «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւգէն Քինդլերի, Հայկ Իւթիւճեանի եւ (ներկայիս Կարմելեան քոյր) Բարբորա Թուրքովայի կատարած «Մատեան ողբերգութեան» երկի այն աղօթքներուն թարգմանութիւնները, որոնք կը կիրարկուին Մեծի Պահոց Հանգստեան ժամուն ընթացքին:

Դասախօսութեան բացման խօսքը կատարեց Հայր Tichý, իսկ փակումը գրաբարով կատարեց Իւթիւճեան սարկաւագ՝ Տէրունական աղօթքով, Հայր Tichý-ի խնդրանաց ընդառաջելով: Մէկ ժամնոց դասախօսութեան այնուհետեւ յաջորդեց կէս ժամուայ հարց ու պատասխանի նուիրուած նիստ մը, որմէ յայտնի եղաւ, որ ներկաները (որոնք լայն հանրութենէն ինչպէս նաեւ ուսանողական շրջանակներէ եկած էին, դահլիճը լեցնելով) իսկապէս կը հետաքրքրուէին ներկայացուած նիւթով, եւ ծարաւի՛ էին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ իւրայատուկ հոգեկանութեան եւ մշակոյթի մասին իրազեկ դառնալու եւ ատոր օրհնաբեր աւանդէն օգտուելու:

Դասախօսութիւնը նաեւ կենդանի հեռասփռման արժանացաւ՝ իւ-խողովակի Liturgie.cz կայանի միջոցաւ, եւ թողարկումը զետեղուած է նոյն կայանին վրայ, ինչպէս նաեւ Հայկ Իւթիւճեանի անձնական կայանին վրայ, հետեւեալ հասցէներուն վրայ: Վերջինս կը պարփակէ նաեւ բազմաթիւ Հայագիտական, երաժշտագիտական եւ երաժշտական նիւթեր:

Սեփ. Թղթ.

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում