Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերացիան ամփոփած է Հայաստանի 2023 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիսթի քուէարկութեան արդիւնքները։ Հաւաքելով 81 միաւոր՝ 2023 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիսթ ճանչցուած է իտալական «Ինթըր»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը։
Երկրորդ հորիզոնականը 48 միաւորով զբաղցուցած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Քրասնոտար»ի կիսապաշտպան Էդուարդ Սպերցեանը։ 21 միաւորով երրորդ հորիզոնականը զբաղցուցած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ «Ալ Ֆաթըհ»ի կիսապաշտպան Լուքաս Սելարաեանը: Քուէարկութեան արդիւնքներուն ամբողջութեամբ կրնաք ծանօթանալ այստեղ։
Նոր աշխարհ



