Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքության տնօրեն ժողովի հայտարարությունը

  • 12.05.2023
  • 0
  • 300 Views

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

12 Մայիս, 2023-ին հրատապ հրաւիրուած Տնօրէն ժողովը իր խոր մտահոգութիւնը յայտենց Մայիս 11-ին սոցիալական կայքերու միջոցաւ շրջանառութեան մէջ դրուած, ապա շարք մը Յորդանանեան եւ Պաղեստինեան օրաթերթերու մէջ լոյս տեսած այն լուրի առնչութեամբ, ըստ որու Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութիւնը եւ Պաղեստինեան կառավարութիւնը որոշած են սառեցնել Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք՝ Ամեն․ Տ․ Նուրհան Արք․ Մանուկեանի պատրիարքական ճանաչումը։

Առաւել զարմանալին եւ մտահոգիչն այն է, որ այս լուրը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Կովերու պարտէզի» խնդրի հիմնական պատասխանատու Կալուածոց տեսուչ նախկին Պարետ Ծ․ Վարդապետ Երէցեանը պաշտօնէն հեռացնելէ եւ Տնօրէն Ժողովի կողմէ անոր կարգալույծ հռչակելու եւ վանքէն արտաքսելու որոշումէ ետք։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Տնօրէն Ժողովը իրենց կարելին կ’ընեն անվթար պահելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքի շահերը։

ԴԻՒԱՆ ՏՆՕՐԷՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Հիշեցնենք, որ «Ճորտըն Թայմզ»ի համաձայն, Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան հարցին արձագանգները կը շարունակուին։

Արդարեւ, Յորդանան եւ Պաղեստինեան իշխանութիւնները 11 Մայիսին յայտարարեցին, որ կը սառեցնեն Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի ճանաչումը, նշեալ կալուածին գծով անոր որդեգրած որոշումներուն համար, «որոնք կրնան ազդել քաղաքի ապագային վրայ»։

Յիշեցնենք նաեւ, որ վերջերս Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ կարգալոյծ հռչակուեցաւ վերոյիշեալ կալուածին շուրջ համաձայնութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան, որ նախապէս կալուածոց տեսուչի պաշտօնը կը վարէր։ Նշուած էր, որ որոշումը կապ ունի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի համաձայնագիրին վերաբերեալ անոր «շարք մը խարդախութիւններուն եւ խաբեբայութիւններուն» հետ։

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում