
Տարածաշրջանային Ժողովներով Կը Վերսկսին Մամուլի Խմբագիրներու Համախմբումները
Խմբագիրներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ին «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութեան Երեւանի կեդրոնին մէջ:
Նիստին մասնակցեցան Սաթիկ Սէյրանեան, Նարինէ Նազարեան, Արամ Անանեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Շահան Գանտահարեան, Սեւակ Յակոբեան, Միքայէլ Հաճեան -Արցախ եւ Յակոբ Ասատրեան -Չեխիա/ վերջին երկուսը՝ հեռակապով /:
Ժողովականները ընդգծեցին շրջափակուած Արցախի մասին հայկական բոլոր լրատուական միջոցներուն առօրեայ արձագանգումներուն կարեւորութիւնը, միջազգային հանրային կարծիքին օտարալեզու թողարկումներով տեղեկացնելու հարցին էութիւնը, Ազրպէյճանի ցեղական զտման քաղաքականութեան մերկացումին անհրաժեշտութիւնը:
Նիստը կարեւոր նկատեց նաեւ այսօրուան պայմաններուն մէջ տեղեկատուական հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը վերարժեւորելու եւ լրատուական ցանցային համակարգը նպատակաուղղուած աշխատցնելու հրամայականը:
Որոշուեցաւ յետհամավարակային ներկայ ժամանակահատուածին համախմբումի հանդիպումներու ձեւաչափը վերականգնել եւ աշխատանքներուն հարթակները վերաձեւաւորել: Այս շրջածիրին մէջ արծարծուեցաւ տարածաշրջանային համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնը:
Առաջին տարածաշրջանային համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ: Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին համար նախատեսուած այս համաժողովին մանրամասնութիւնները կը հրապարակուին շուտով:
Համակարգող խորհուրդը իր հերթական նիստերը պիտի շարունակէ գումարել թէ՛ առցանց, եւ թէ ֆիզիքական ներկայութեամբ հանդիպումներու դրութիւններով: Լրատուամիջոցներու խմբագիրները իրենց առաջարկները կրնան յղել panarmenianmediaforum@gmail.com հասցէին:
orer.eu