Տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի 2022 թ․ հերթական Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը
29 եւ 30 Հոկտեմբեր 2022 շաբաթավերջին Առաջնորդարանի յարկի ներքոյ ի Քէօլն
տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմական-Պատգամաւորական հերթական Ժողովը`
նախագահութեամբ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ Եպս․
Իսախանեանի եւ ատենապետութեամբ Տոքթ. Խաչիկ Կազէրի: Ժողովին ներկայ էին
Թեմի հովանիի ներքոյ գործող 16 համայնքներու շուրջ 30 աշխարհական
պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Թեմին մէջ պաշտօնավարող 6 եկեղեցականներ:
Ժողովը բացուեցաւ Առաջնորդ Սերովբէ Սրբազան Հօր կողմէ արտասանուած
Տէրունական աղօթքով եւ հոգեւոր կարճ խորհրդածութեամբ, որմէ ետք Առաջնորդ
Սրբազանը աղօթեց նաեւ Թեմական Խորհուրդի ի Տէր ննջած երկար տարիներու
անդամ եւ վերջին ատենապետուհի տիկին Սօսի Շայէր-Ալթըպարմաքեանի հոգւոյն
խաղաղութեան համար։
Երկօրեայ նիստերու ընթացքին Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը քննարկեց
Թեմը եւ իր հովանիի ներքոյ գործող համայնքները յուզող այլազան օրակարգային
զանազան հարցեր, մանրամասն ներկայացուեցաւ Առաջնորդարանի նիւթական
հաշուետուութիւնը, տրուեցան տրուեցան նաեւ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ:
Համայնքներու վարչութեանց ատենապետները եւ ընտրեալ պատգամաւորները առիթ
եւ ժամանակ ունեցան խօսելու իրենց համայնքներու գործունէութեան, ունեցած
դժուարութիւններու եւ մտահոգութիւններու մասին:
Քննարկուեցան գերմանահայ
ժողովուդրի հոգեւոր խնամատարութեան, երիտասարդական աշխատանքներու եւ
երեխաներու հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած հարցեր։
Երկօրեայ նիստերու օրակարգը կը ներառնէր նաեւ կարեւոր այլ հարցեր եւս, ի
մասնաւորի՝ Թեմական-Պատգամաւորական-Ժողովի արդիւնաւէտւութիւնը
բարձրացնելուն միտուած քննարկումներ, Գերմանիոյ Հայոց Թեմին եւ գերմանահայ
կազմակերպութիւններու եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան
դեսպանութեան միջեւ փոխհամագործակցութիւն եւ այլն։
Առաջին օրուան վերջին նիստերու վերջին բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երկու խորհրդականներ՝ տիկին Ազատուհի
Սիմոնեան (Սփիւռքի հարցերով խորհրդական) եւ տիկին Լուսինէ Ղարախանեան
(Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի հարցերով խորհրդական), որոնք այս օրերուն
Առաջնորդարանի հրաւէրով կը գտնուին Գերմանիա։
Երեկոյեան Քէօլնի «Սբ․ Սահակ-Սբ․ Մեսրոպ» եկեղեցւոյ մէջ Արցախի նախագահի
երկու խորհրդականները ներկայացուցին երկու բանախօսութիւններ՝ «Արցախն
այսօր» ընդհանուր խորագրի ներքոյ։ Տիկին Սիմոնեան խօսեցաւ «Ետպատերազմյան
Արցախի մարտահրաւէրները. կորուստներ եւ անելիքներ» նիւթով, իսկ տիկին
Ղարախանեան՝ «Արցախի բռնազաւթուած պատմամշակութային ժառանգությունը.ներկայ իրավիճակ եւ սպառնալիքներ» նիւթով։ Երկու խորհրդականները
պատասխանեցին նաեւ ներկաներու հարցումներուն։
Բանախօսութիւններու աւարտին տիկին Ազատուհի Սիմոնեան ներկաներուն
տեղեկացուց, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան,
գնահատելով 2020 թ․ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ ադկէ ետք Գերմանիոյ
Հայոց Թեմի եւ իր հովանիին ներքոյ գործող համայնքներու Արցախին ցուցաբերած
նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը, Արցախի մէջ բարեգործական կարգ մը
ծրագրերու բարեյաջող իրականացումը, ետպատերազմեան ժամանակաշրջանին
Թեմիս Առաջնորդին բազմիցս Արցախ այցելելու եւ արցախահայութեան նեցուկ ըլլալու
փաստը, Հայ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպս․
Իսախանեանին պարգեւատրած է Արցախի Հանրապետութեան «Վաչագան
Բարեպաշտ» մեդալով եւ ներկաներու ծափահարութեանց ներքոյ պարգեւը եւ
հաւաստագիրը փոխանցեց Սերովբէ Սրբազան Հօր։ Սերովբէ սրբազան
յուզումնախառն երախտագիտութեամբ ընդունեց մեդալը՝ այն նկատելով ոչ թէ իր
անձին, այլ Թեմին եւ իր համայնքներուն հանդէպ ցուցաբերած գնահատանք, եւ երկու
խորհրդականներուն խնդրեց իր շնորհակալութիւնները փոխանցել Արցախի
նախագահին։
Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, հոգեւոր դասը, պատգամաւորական
ժողովի մասնակիցները մէկտեղուեցան Քէօլնի «Սբ․ Սահակ-Սբ․ Մեսրոպ»
առաջնորդանիստ եկեղեցի, ուր Սերովբէ սրբազանին հանդիսապետութեամբ տեղի
ունեցաւ «Արեւագալ»ի ժամերգութիւն, որուն աւարտին նաեւ հոգեհանգստեան աղօթք
վերառաքուեցաւ առ Աստուած Արցախեան գոյամարտի բոլոր նահատակ
զինուորներու եւ խաղաղ զոհերու համար։ Արարողութեանց աւարտին Թեմիս
հոգեւորականներէն Տ․ Հրաչ Քհնյ․ Պիլիճեան ներկայացուց կարճ հոգեւոր
խորհրդածութիւն ըստ օրուան աւետարանական ընթերցման։
Այնուհետեւ Սրբազան Հօր աղօթքով շարունակուեցաւ Թեմական-Պատգամաւորական
Ժողովը։ ԹՊԺ-ի արդիւնաւէտւութեան բարձրացման առնչութեամբ քննարկումներու
որպէս արդիւնք կազմուեցաւ աշխատանքային խումբ մը, որ մինչեւ գալ տարուան
փետրուարի վերջը առաջարկութիւններու փաթեթ մը պէտք է ներկայացնէ առաջնորդ
Սրբազան Հօր։
Թեմական Խորհուրդի անդամի մէկ թափուր տեղի համալրման համար տեղի ունեցաւ
փակ-գաղտնի քուէարկութիւն, եւ պարոն Նորայր Պօյաճեան ընտրուեցաւ ԹԽ-ի
անդամ։
Օրակարգի վերջին երկու նիւթերը նուիրուած էին Թեմիս եւ գերմանահայ
կազմակերպութիւններու եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան
դեսպանութեան միջեւ փոխհամագործակցութեան։ Քննարկումներու առաջին բաժնին
իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի
ատենապետ պարոն Յովնաթան Շբանէնպէրկ։ Երկուստէք նշուեցաւ Գերմանահայ
երկու կարեւոր հաստատութիւններու փոխհամագործակցութեան կարեւորութիւնն ու
օգտակարութիւնը։
Այնուհետեւ ԹՊԺ-ի վերջին նիստին առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով
մասնակցեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պարոն
Վիկտոր Ենգիբարեան։ Սերովբէ սրբազան բարի գալուստ մաղթելով մեծայարգ
դեսպանին իր ուրախութիւնն արտայայտեց, որ ինչպէս անցեալին այսօր ալ ջերմ եւ
սիրալիր յարաբերութիւններ են հաստատուած Առաջնորդարանի եւ Դեսպանութեան
միջեւ։ Բարի գալստեան խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը դեսպանին
ներկայացուց թեմական եւ համայնքային կառոյցն ու մարմիններու կազմութեան եւ
ընտրութեան կերպերը։ Դեսպան Ենգիբարեան ողջունելով բոլորին՝ շնորհակալութիւն
յայտնեց հրաւէրի համար եւ իր ուրախութիւնն արտայայտեց ԹՊԺ-ին ներկայ ըլլալու
հնարաւորութեան համար եւ ընդգծեց Դեսպանութեան պատրաստակամութիւնը
համագործակցելու Առաջնորդարանի եւ գերմանահայ միւս կառոյցներու հետ եւ
կարեւորեց այդ կառոյցներու հզօրացումն ու փոխադարձ համագործակցութիւնը։
Այնուհետեւ ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Երկօրեայ ժողովը փակուեցաւ ԹՊԺ-ի ատենապետ տոքթ․ Խաչիկ Կազէրի փակման եւ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով, որուն յաջորդեց «Պահպանիչ» աղօթքը
եւ միասնական արտասանուած Տէրունական Աղօթքը:
Թեմիս Առաջնորդը պարգեւատրուեց Արցախի Հանրապետութեան «Վաչագան
Բարեպաշտ» մեդալով
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, գնահատելով 2020
թ․ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքում եւ դրանից յետոյ Գերմանիայի Հայոց Թեմի եւ իր
հովանու ներքոյ գործող համայնքների Արցախին ցուցաբերած նիւթական ու
բարոյական աջակցութիւնը, Արցախում բարեգործական մի քանի ծրագրերի
բարեյաջող իրականացումը, ետպատերազմեան ժամանակաշրջանում Թեմիս
առաջնորդի բազմիցս Արցախ այցելելու եւ արցախահայութեան նեցուկ լինելու
փաստը, Հայ Եկեղեցու Գերմանիայի Թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպս․
Իսախանեանին պարգեւատրել է Արցախի Հանրապետութեան «Վաչագան
Բարեպաշտ» մեդալով։
«Վաչագան Բարեպաշտ» մեդալը եւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի
համապատասխան հրամանագիրը 29 Հոկտեմբեր 2022-ին Թեմիս առաջնորդին
յանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական
տիկին Ազատուհի Սիմոնեանը, որ այս օրերին Արցախի նախագահի Կրթութեան,
գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերով խորհրդական տիկին Լուսինէ Ղարախանեանի
հետ Թեմիս հրաւէրով գտնւում է Գերմանիայում։ Արցախի նախագահի երկու
խորհրդականները այս օրերին այցելում են Գերմանահայ զանազան համայնքներ եւ
բանախօսութիւններ ունենում «Արցախն այսօր» խորագրի ներքոյ։
Դիւան Առաջնորդարանի
31 Հոկտեմբեր 2022