Հայոց ցեղասպանությանը նվիրված նոր ֆիլմ՝ «Նրանք ինձ Զարկո էին ասում»

  • 09.05.2022
  • 0
  • 2604 Views

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Արդէն հրապարակի վրայ է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակ՝ Ղազարոս Տէմիրճեանի, կեանքի պատմութեան նուիրուած՝ «They Call Me Zarko: The Ghazaros Demirdjian Story» ֆիմլը, «Էմի» մրցանակին արժանացած Ռան Սմոլի բեմադրութեամբ։

Ֆիլմին համահեղինակը, պատմողը եւ գործադիր արտադրողն է Ղազարոս Տէմիրճեանի դուստրը՝ Միմին, որ ծանուցումներու ոլորտին մէջ աշխատած է շարք մը հեղինակաւոր ընկերութիւններու հետ։

Ղազարոս Տէմիրճեան ծնած է Պուլկարիա, 1927ին, եւ իր ապագայ յաջողութիւններուն գաղտնիքը կը համարէր ռումանացի գնչուներէն «ժառանգած» իր «վեցերորդ զգայարան»ը, որ զինք Իրանի, Իրաքի վրայով եւ շարք մը արկածախնդրական միջադէպերէ ետք (ներառեալ՝ թուրքի մը սպանութիւնը եւ «մաֆիա»ի հետ բախումները) հասցուցած է Միացեալ Նահանգներ։

Աղբահաւաքի ընկերութեան մը հաստատումով, Ղազարոս Տէմիրճեան յատկանշական յաջողութիւն ապահոված է՝ իրականացնելով «ամերիկեան երազը», հակառակ անոր, որ տեղացիները իր անունը չէին կրնար արտասանել եւ զինք Զարքօ կոչած են։

Ֆիլմը կարելի է գնել «Ամազոն» կայքին միջոցաւ։

Աղբյուր՝ Yerepouni Daily News (yerepouni-news.com)

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում