Տեառնընդառաջի պատարագ Պրահայում

  • 13.02.2022
  • 0
  • 2570 Views

Մեր սուրբ եկեղեցին այս երեկոյ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայումը կը նշէ՝ այսինքն Տեառնընդառաջը։ Տօնը անշարժ է, միշտ 14 Փետրուարին ըլլալով, եւ շատ սիրուած է յատկապէս նախօրեակի երեկոյեան նախատօնակը, որ կը կատարուի ուր որ Հայազգի հաւատացեալներ գտնուին՝ ի սփիւռս աշխարհի։ Մայրաքաղաքիս Ս. Հոգի Եկեղեցին եւս սոյն գեղեցիկ եւ դիպուկ արարողութիւնը կատարեց, պարտ ու պատշաճ կերպիւ՝ հանդիսապետութեամբ Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Բարսեղ վրդ. Փիլաւչեանի, որ ժամերգութեան «Լոյս զուարթ» երգն ալ անձամբ երգեց։ Երեկոյեան ժամերգութեան Համբարձի շարականը («Մարմնացեալդ ի կուսէն») եւ յաջորդ օրուայ սարքը երգեց Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան՝ Տնտեսեանի շարակնոցէն։

Յաջորդեցին մեր հայրերուն տնօրինած եւ յոյժ իմաստալից Աստուածաշնչային բոլոր ընթերցումները (քաղուած Ղեւտացւոց եւ Առակաց գիրքերէն, Եզեկիէլ եւ Մաղաքիա մարգարէներէն եւ Պօղոս առաքեալի Գաղատացւոց գրած նամակէն) եւ Աւետարանը (որ ըստ Ղուկասու)՝ անյապաւ եւ գրաբար բնագրով, որուն համար օգտագործեցինք Կիւրեղեան Սրբազանի հիանալի «Ժամակարգութիւն» հատորի պատճէնը (Վենետիկ, 1898): Յաջորդեց անդաստանի արարողութիւնը (որով աշխարհի չորս կողմերը մի առ մի օրհնուեցան): Հայկ Սրկ. շատ սիրուած «Քրիստոս փառաց թագաւոր» գողտրիկ տաղը երգեց՝ դարձեալ Տնտեսեանի արձանագրութեամբ՝ եւ փոքրիկ մոմակիր կանթեղիկներ բաշխուեցան հաւատացելոց խուռն բազմութեան։ Յաւարտ նախատօնակիս՝ իր հոգեթով պատգամով Հոգշ. Հայր Սուրբը պարզաբանեց Տեառնընդառաջի խորհուրդը եւ խորհրդոյս այժմէականութիւնը շեշտեց։

Բարեպաշտ ժողովրդեան շարքերուն մէջ տեսանելի էին Ազնուաշուք դեսպան Հ. Հայրապետութեան՝ Տիար Աշոտ Յովակիմեան հանդերձ իր կողակից Տիկնոջ, «Օրեր» հանդէսի արգոյ խմբագրապետ՝ Տիար Յակոբ Ասատրեան եւ շատ ուրիշ անձնաւորութիւններ։ Հաւատացելոց բազմութիւնը հաղորդակից դարձաւ այս յուզիչ, օրհնաբեր, Աստուածահաճոյ, հոգեպարար եւ լիակատար արարողութեան, եւ ներքին հրճուանօք, ազնիւ մտասքանչութեամբ եւ երախտագիտական զգացումներով բաժնուեցաւ եկեղեցւոյս սուրբ յարկէն։

Դր. Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան,

13 Փետրուար 2022

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում