Փետրուար 2023-ին ամբողջացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին ղեկը ստանձնելուս տասը տարին։ Այս առիթը, առօրեայ աշխատանքիս կողքին, կարելիութիւնը ընձեռեց յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցեալին եւ մտածելու ապագային մասին: 2023 թուականը կը համընկնի բովանդակ...
Փետրուար 2023-ին ամբողջացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին ղեկը ստանձնելուս տասը տարին։ Այս առիթը, առօրեայ աշխատանքիս կողքին, կարելիութիւնը ընձեռեց յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցեալին եւ մտածելու ապագային մասին: 2023 թուականը կը համընկնի բովանդակ Հիմնարկութեան նոր ռազմավարական ծրագիրի մեկնարկին: Մայիս 2022-ին, Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժօն ստանձնեց Հիմնարկութեան նախագահութիւնը եւ իսկոյն...
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ Շողեր Մարկոսեանին նշանակումը որպէս Բաժանմունքի Օգնական Տնօրէն: Ան Հիմնարկութեան հետ կը գործակցի որպէս խորհրդատու՝ 2018 թուականէն ի վեր: Շողեր Մարկոսեան ուսանած է Լիբանան եւ ապա Անգլիա ու Պելճիքա, մասնագիտանալով անգլերէն գրականութեան եւ մշակութային գիտութիւններու մէջ: Աշխատակցած է հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ մշակոյթի, կրթութեան, արուեստի եւ այլ միջգիտակարգային ոլորտներու մէջ: Մշակած է նոր ռազմավարութիւններ ու...