Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Երեքշաբթի, Ապրիլ 14ին քաղաքապետ ընտրեց Արտաշէս «Արտի» Քասախեանը, որ Ապրիլ 21ին պիտի յաջորդէ քաղաքապետ Արա Նաճարեանին։
Քասախեան, որ 2022-2023 տարեշրջանին եւս ստանձնած էր Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը, իր քաղաքական ասպարէզին ընթացքին նաեւ նահանգային, շրջանային եւ քաղաքային մակարդակի շարք մը այլ պաշտօններ ստանձնած է եւ ծանօթ է նաեւ իր հայանպաստ կեցուածքներով։ Ան նաեւ Կլենտէյլի մէջ բազմակարծութեան նեցուկ կանգնած է եւ ջատագոված է կառավարման թափանցիկ մօտեցումը։
Քասախեան ծնած է Պոսթըն, 1976ին. 1986ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Կլենտէյլ՝ յաճախելով քաղաքի հանրային վարժարանները, իսկ համալսարանական ուսումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն՝ Պսակաւոր արուեստից վկայական ստանալով պատմութեան ճիւղին մէջ: Ան հանրային քաղաքականութեան եւ վարչութեան մարզին մէջ Մագիստրոսի վկայականին արժանացած է Իլինոյի «Նորթուեսթըրն» համալսարանէն: Քաղաքական ասպարէզին նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնները սկսած են զարգանալու համալսարանական տարիներուն: Ան 2001էն 2004 եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավարը: Քասախեան առաջին անգամ 2005ին ընտրուած է Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար՝ հանդիսանալով այդ պաշտօնը ստանձնող ամէնէն երիտասարդ անձը: Ան 2020ին ընտրուեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։
Աղբյուր՝ Արտաշէս Քասախեան Կլենտէյլի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ – Asbarez – Armenian


