Փաշինեան Արցախահայութեան Վերադարձի Հարցը Կը Նոյնացնէ Պաքուի «Արեւմտեան Ատրպէյճան» Անհիմն Թէզին Հետ

  • 12.12.2025
  • 0
  • 5 Views

ԱՍՊԱՐԷԶ- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին անընդունելի առաջարկը եղաւ՝ Ատրպէյճանին առաջարկել զուգահեռաբար փակել Ղարաբաղի հայերու վերադարձի եւ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի նիւթերը՝ իրարու հետ ոչ մէկ ձեւով համատեղելի այս հարցերը նոյնացնելով, արցախահայութեան իր հարազատ հողերը արդար վերադարձը նոյնացնելով ատրպէյճանական յերիւրանքներուն հետ: 

Գերմանիոյ մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Փաշինեան Ատրպէյճանին առաջարկեց միասին ճամբու քարտէս մը մշակել եւ զուգահեռաբար փակել Լեռնային Ղարաբաղ հայերու վերադարձի եւ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի թեմաները: 

Ան այս մասին խօսելով՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, որ կը վերաբերի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի փաստաթուղթին, որուն վերաբերեալ Պաքու դժգոհութիւն յայտնեց, որովհետեւ հոն օգտագործուած է «Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններէն ետք գաղթական դարձած Ղարաբաղի հայեր ձեւակերպումը»: 

Ըստ Փաշինեանի՝ ստեղծուած է վիճակ մը, երբ Ատրպէյճան մէկ կողմէ կը շարունակէ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի խօսոյթը կիրարկել, միւս կողմէ կը բողոքէ, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական օրակարգի փաստաթուղթին մէջ ներառուած է այդպիսի ձեւակերպում մը: Փաշինեան, փորձելով «յանցանքը» մեղմացնել, ըսաւ որ ինք արդէն նշած է, որ «Ղարաբաղ հայերի վերադարձի թեման վտանգաւոր է»:

«Եւ ես ուզում եմ հիմա բաց եւ հրապարակային առաջարկ անել Ադրբեջանին, որովհետեւ որքան նրանք այդ թեմաներով խնդիր ունեն, այնքան էլ մենք խնդիր ունենք: Ես առաջարկում եմ, որ մենք ընդունենք համատեղ ճանապարհային քարտէզ այս երկու թեմաները զուգահեռ փակելու ուղղութեամբ: Ես Ղարաբաղի մեր ժողովրդին էլ եմ ասել, որ նրանց վերադարձը իրատեսական չէ: Եթէ մենք շարունակենք վերադարձի օրակարգը, դա նշանակում է, որ մենք նորից սկսում ենք Ղարաբաղի շարժումը, բայց ես ասել եմ, որ մենք պէտք է չշարունակենք ղարաբաղեան շարժումը:

Ղարաբաղեան շարժումն աւարտուել է, եւ այն սկսելու փորձերը օգտակար չեն, բայց միւս կողմից Հայաստանում էլ տեսնում են, որ Ադրբեջանն անընդհատ օգտագործում է «Արեւմտեան Ադրբեջան» անհասկանալի տերմինաբանութիւնը: Հիմա պէտք է հասկանալ, թէ որը որի պատճառն է, որն է պատճառ եւ որը հետեւանք: Հիմա ուղիղ առաջարկ եմ անում՝ եկէք նստենք, ճանապարհային քարտէզ մշակենք, թէ ոնց ենք այս թեման հանում, որովհետեւ այս թեման հանելը նշանակում է երկարաժամկէտ ռազմավարական առումով ընդհանրապէս բառացել որեւէ կոնֆլիկտային (հակամարտութեան) իրավիճակ», յայտարարեց Փաշինեան:  

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանագիրի կնքման կը խանգարեն՞ Ատրպէյճանի դրած պայմանները՝ Սահմանադրութիւնը փոփոխելը՝ Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստան պայմաններ չունի, իսկ յստակ չէ՝ եթէ Ատրպէյճան ունի, թէ ոչ:  

«Եթէ Ադրբեջանը մտածում է, որ մեր Սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջներ կան, այդ խնդիրը լուծելու ամենակարճ ձեւը Խաղաղութեան համաձայանգիրը ստորագրելն է: Որովհետեւ երբ-որ Խաղաղութեան համաձայանգիրը ստորագրի, մենք մեր օրէնսդրութեանը համաձայն պարտաւոր ենք, ստիպուած ենք, չեն կարող չուղարկել Սահմանադրական դատարան, որպէսզի դատարանը ստուգի այդ համաձայանգրի համապատասխանութիւնը Հայաստնաի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Այսօր ես չունեմ լեգիտիմութիւն ՀՀ ժողովրդին ասել, եկէք Սահմանադրութիւնը փոխենք: Ինչու, որովհետեւ ՀՀ ժողովուրդը ինձ կասի, 2024 թուականի սեպտեմբերին մեր Սահմանադրական դատարանը որոշում է կայացրել, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրը համապատասխանում է մեր Սահմանադրութեանը, հետեւաբար ինչու փոխենք մեր Սահմանադրութիւնը, կը ստացուի որ մենք քմահաճոյքի համար ուղղակի փոխում ենք, բա որ դրանից յետոյ 2րդ կամ 3րդ քմահաճոյքը ի յայտ եկաւ, ինչ ենք անելու»։

Փաշինեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանի հետ չեն քննարկեր Սահմանադրութեան հարցը, որովհետեւ այդ մէկը ներքին հարցն է:

Իսկ 11 Դեկտեմբերին, Փաշինեան Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ողջունեց Ատրպէյճանի նախագահին որոշումը՝ Ատրպէյճաի տարածքով Հայաստան ուղարկուող ապրանքներու տարանցումը ապաշրջափակելու:

«Սա մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման շրջանակներում ձեռք բերուած կարեւոր նուաճումներից մէկն է», ըսաւ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ երթեւեկի հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու այլընտրանքայնութիւնը կրնայ յաւելեալ խթան հանդիսանալ առեւտրական-շրջանառութեան աճին: Ըստ Փաշինեանի՝ «տարածաշրջանում տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւնները բացում են տնտեսական համագործակցութեան խորացման նոր հնարաւորութիւններ, եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակումը կարող է կարեւոր գործօն դառնալ տարածաշրջանային կապերի ընդլայնման եւ տարածաշրջանի բոլոր երկրների տնտեսական կայունութեան ամրապնդման գործում»:

Նշենք, որ Մոսկուայի մէջ Փաշինեանը դիմաւորեցին Հայաստանի դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած հանրահաւաքով մը, հաղորդեց «Baza»ն:

Շուռջ 300 անձեր, որոնց կարգին հոգեւորականներ, գործիչներ եւ յատուկ նշանակութեան զօրքերու զինուորներ հաւաքուած էին Հայկական նրբանցքի շէնքի մօտ: Ցուցարարները հակասահմանադրական նկատեցին հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հոգեւորականներուն եւ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութիւնը: 

Իր հերթին, Վարդան Օսկանեանը գրել է, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնը վտանգաւոր է Հայաստանի պետական շահերուն համար։

ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան կը գրէ․ «Նիկոլ Փաշինեան այսօր այնպիսի յայտարարութիւն մը ըրած է, որ վտանգաւոր է Հայաստանի պետական շահերուն ու հայ ժողովուրդի ապագային համար։ Ինչպէս 2019-ին «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը հիմք ստեղծեց կործանարար պատերազմի համար, այնպէս ալ այսօր իր ըրած յայտարարութիւնը ապագային կրնայ հիմք հանդիսանալ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ նոր ոտնձգութիւններ արդարացնելու համար։ Թէեւ այս իշխանութեան օրօք դիւանագիտութեան եւ ազգային շահի տեսանկիւնէն վտանգաւոր, անտեղեակ, անգրագետ, անզգոյշ եւ յաճախ նաեւ հակասահմանադրական ու անօրինական յայտարարութիւնները բազմաթիւ են, բայց այսօրուանը անոնց ամենէն ցայտունն է։ Պարզապէս անհաւատալի է, թէ ինչ «կ՚առաջարկէ» Փաշինեան ազերիներուն․ կը յորդորէ զիրենք հրաժարին Հայաստանի տարածքը «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կոչելէ եւ այնտեղ ատրպէյճանցիներ բնակեցնելու ծրագիրէն՝ փոխարէնը խոստանալով, որ հայկական կողմը «փակէ» «Ղարաբաղի հայերու վերադարձի» հարցը։

Դիւանագիտական կրթութիւն չունենալն իսկ բաւական է հասկնալու համար, որ այս երկու նիւթերուն միջեւ ոչ մէկ զուգահեռ կրնայ գոյանալ՝ ո՛չ միջազգային իրաւունքի, ո՛չ միջազգային ընկալման, եւ ո՛չ ալ պարզ տրամաբանութեան տեսակէտէն։ Կան տասնեակ միջազգային պայմանագրութիւններ եւ միջազգային իրաւունքի դրոյթներ, որոնք իրաւունք կու տան նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն ինքնավարութիւն ունեցած ժողովուրդներուն վերադարնալ իրենց բնօրրաններ, բնակած շրջաններ, որոնցմէ անոնք բռնի վտարուած են։ Վերադարձը՝ նվազագոյնը։ Ինքնավարութեան որեւէ աստիճան՝ դարձեալ նվազագոյնը։ Տասնեակ միջազգային հարթակներ, համաձայնագրեր, պայմանագրութիւններ եւ նախադէպեր իրաւունք կու տան հայ ժողովրդին ոչ միայն վերադառնալ մեծ մասամբ հայերով բնակեցուած նախկին ինքնավար միաւոր, այլեւ այդ միաւորի կարգավիճակին շուրջ քննարկում ծաւալելու միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ ինքնիշխանութեան հարց։

Այս նիւթերուն միջեւ հաւասարութեան նշան դնելով՝ Փաշինեան այսօր միայն մէկ «ձեռքբերում» ունեցած է․ ան Ատրպէյճանի համար ճանապարհ բացած է՝ Հայաստանի հանդէպ ոտնձգութիւն մը օրակարգ բերելու՝ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն լիովին անօրինական քայլ մը»։

orer.eu

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում