Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական Ընդհանուր Ժողով – ԺԶ նիստ

  • 06.12.2025
  • 0
  • 17 Views

Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր, 2025-ին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք, Ամենապատիւ Տ․ Նուրհան Արքեպս․ Մանուկեանի հրաւէրով, Սուրբ Երկրի մէջ ծառայող միաբան հայրերու ներկայութեամբ գումարուեցաւ արտահերթ Միաբանական Ընդհանուր ժողով (ՄԸԺ)՝ օրակարգի նիւթ ունենալով «Մայր Աթոռ Ս․ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի շուրջ կատարուող իրադարձութիւնները»։

ՄԸԺ-ը, առաջնորդուելով Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնադրութեամբ, հաւատքի անխախտ սկզբունքներով եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնութեան անշեղ հոգածութեամբ, իր լիակատար աջակցութիւնն ու անսակարկ նուիրումը կը յայտնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ազգային-եկեղեցական Ժողովով ընտրուած Ամենայն Հայոց Հայրապետին: Վեհափառ Հայրապետի անուան յիշատակումը Ս. Պատարագներու ընթացքին նոյն ժողովի իրաւական պահանջն է:

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան՝ ինքնակառավարուող հաստատութիւն է եւ անջատ պետութենէն: Ներկայ կառավարութեան միջամտութիւնը Եկեղեցւոյ գործունէութեան կը հակասէ Սահմանադրական կարգին:

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցիին վերաբերող իւրաքանչիւր խնդիր պէտք է լուծուի համաձայն անոր կանոններու: Ըստ այդ կանոններուն՝ միակ մարմինը, որ իրաւասու է այդ խնդիրները քննելու եւ որոշում կայացնելու, Ազգային-եկեղեցական Ժողովն է:

Վերոնշեալները նկատի առնելով՝ ՄԸԺ-ը կը խնդրէ Վեհափառ Հայրապետէն հրաւիրելու տարիներէ ի վեր ծրագրուող Ազգային-եկեղեցական Ժողովը (հրաւիրուած Եպիսկոպոսական Ժողովէն զատ)՝ Եկեղեցւոյ եւ իր անձին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու համար:

ՄԸԺ-ի յորդորն է հեռու մնալ ըմբոստութեան ոգիէն ու հակառակութիւն ծնող քայլերէն, եւ միայն եղբայրասիրութեան ոգիով ու բարեխորհուրդ միասնութեամբ ամրապնդել մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ առաջնորդել զայն դէպի խաղաղութիւն, ճշմարտութիւն եւ հոգեւոր վերածնունդ։

Թէոդորոս Եպս․ Զաքարեան Սիոն Աբղ․ Թաքուշեան

Բ․ Ատենապետ Մ․ Ը․ Ժողովոյ Ա․ Ատենադպիր Մ․ Ը․ Ժողովոյ

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում