Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 11-ին, Զմմառու մայրավանքի “Փոխման Ս.Կուսի” մայր եկեղեցւոյ մէջ` Հայրապետական Ս.եւ Անմահ պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` ՆԱԳՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետ, առընթերակայութեամբ` Գեր.Կարապետ Վրդ.Գլընճեանի եւ Գեր.Վարդան Վրդ.Ճալլուֆեանի։
Պատարագի ընթացքին երեք ժառանգաւորներ` Պօղոս Էմիշեան, Յակոբ Ժամկոչեան եւ Աբրահամ Իսահակեան ստացան դպրութեան կարգը, իսկ Պօղոս Էմիշեան Կիսասարկաւագութեան տուչութիւնը եւս։
Հոգեւոր Տէրը Իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ եղբայրսիրութեան վրայ եւ այդ ոգիով հաղորդութեան մօտենալու անհրաժեշտութեանը։
Հոգեպարար արարողութենէ ետք` ընծայարանի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ։
Ժառանգաւորները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։
Ընծայարանի քայլերգ “Օն Դու ակումբ”ը եւ Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած “Բազմաչարչար” շարականը հնչեցուցին սաները, ղեկավարութեամբ` Բարեշնորհ Նշան Սրկ. Հաննէշեանի։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Ժամկոչեան։
“Տիրոջ կամքով” ստեղծագործութիւնը` Աբրահամ Իսահակեանի կատարողութեամբ ունկնդրուեցաւ։
Ապա ընծայարանի վերակացու` Հ.Կարապետ Վրդ.Գլընճեան իր սրտին խօսքը արտասանեց, ըսելով` “Սիրելի նորընծաներ եւ ժառանգաւորներ` դուք
պէտք չէ բաւարարուինք եւ հպարտանանք ձեր արձանագրած յառաջընթացով, այլ ընդհակառակը` այս բոլորը նոր սկիզբ եւ նոր մեկնակէտ պէտք է ըլլայ ձեր ապագայ ծրագրերու իրագործման։

Ս.Իգնատիոս Մալոյեան լաւագոյն օրինակը պէտք է հանդիսանայ ձեզի, որովհետեւ ան մեծ նուիրումով , Քրիստոսասիրութեամբ, ազգասիրութեամբ նոյնիսկ անձնազոհութեամբ` դարձաւ Միաբանութեան դափնին։
Ան իր ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ Զմմառեան սկզբունքներուն եւ գաղափարականին, որու պտուղները այսօր իսկ կը քաղենք”։
Հայր Սուրբը խօսքի աւարտին ըսաւ` “Որպէս Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբաններ` համայն աշխարհի աչքերուն առաջ` 19 Հոկտեմբերի, մենք զմեզ խոյացած զգացինք”։
Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց`
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ.Զահթէրեան, ըսելով`
“Այսօր Դպրեվանքի տօնը առիթ մըն է, որ մեր բերկրանքն ու հրճուանքը արտայայտենք եւ ըսենք` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանները` պատմութեան ընտանիք բազում- բազմապիսի սխրանքներ գործած են, որոնք պսակուեցան Մալոյեանի Սրբադասմամբ։
Թող Սուրբին պանծալի օրինակը ձեր գաղափարականը դառնայ եւ անոր ուղիով հունաւորէք ձեր ապագայ առաքելութիւնը”։
Մեծաւոր հայրը խօսքը եզրափակեց, ըսելով`
“Այժմ թոյլ տուէք շնորհաւորեմ` Ամեն.եւ Գերերջ.հոգեւոր Տիրոջ անուանակոչութիւնը, թող անսասան մնայ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետական գահը։
Կը շնորհաւորեմ Դպրեվանքի տօնը, որ զմեզ տարին անգամ մը կը համախմբէ իր յարկին տակ` յիշեցնելով մեզ մեր ուսումնական տարիները եւ խրախուսելով այժմու նորընծաներն ու ժառանգաւորները` հաստատ մնալու իրենց կոչմանը մէջ։
Կը շնորհաւորեմ բոլոր անոնց, որոնք կը կրեն Միքայէլ, Գաբրիէլ, Ռաֆայէլ, Քերովբէ եւ Սերովբէ հրեշտակներուն անունները։

Թող ամէն տարի նմանօրինակ Բարի եւ հաճելի անակնկալներով լի անուանակոչութիւններ նշենք` ի փառս հայ եկեղեցւոյ եւ ի պանծացումն` Զմմառու Վանքին”։
Այնուհետեւ` Սօսէ Փիլաւճեանի խմբագրած “Կանչ Հրեշտակապետին” տարեգիրքի 45-ամեակի բացառիկ թիւի գինեձօնը եւ օրուան կարկանդակի բեկանումը տեղի ունեցաւ, ձեռամբ` Ամեն.եւ Գերերջ.հոգեւոր Տիրոջ, Մեծաւոր հօր եւ վանքի վարչական հայրերուն։
Հոգեւոր Տիրոջ Հայրապետական յորդորներով, թելադրութիւններով եւ աղօթքով լրումին հասաւ տօնակատարութիւնը։
Բրշն .Տ. Նշան Սրկ Հաննէշեան



