Հայաստանի Նորագոյն Աստղերէն Ս օֆի Մխեյան Իր Հրաշալի Կատարողութեամբ Հարիւրաւոր Ներկաները Յաջողեցաւ Երգերով, Պարերով եւ Ծափերով Պահել Աննախընթաց Տօնախմբումի Մէջ:
«Ապագայ»ն Ծնունդն էր Վահան Թէքէեաններու, Միհրան Տամատեաններու, Գերսամ Ահարոնեաններու՝ Ռ.Ա.Կ.-եան 100 ամեայ, Մաքուր Հայրենասիրութեան Աւանդութեան Եւ Ներշնչումին: », Յայտարարեց՝ «Ապագայ»ի Հիմնադիրներէն, Թ.Մ.Մ.-եան ԱՄՆ եւ Գանատայի Կեդր. Վարչութեան Ատենապետ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան:
Ամիսներէ ի վեր ծանուցուած՝ Գանատահայ առաջին թերթ, եռալեզու «Ապագայ»ի 50-րդ Ոսկեայ տարեդարձը նշուեցաւ աննախընթաց խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցեալ Շաբաթ օր Նոյեմբեր 1-ին, Centre Arme’nie կեդրոնի շքեղ սրահին մէջ ներկայութեամբ աւելի քան 300 ներկաներու:
Մեր գաղութի ամենանշանակալից յոբելինական անկիւնադարձային առիթներէն մէկն էր այս տօնակատարութիւնը որ տեղի կունենար օրհնութեամբը Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանին եւ հովանաւորութեամբը Գանատայի մօտ Հ.Հ. Վսեմաշուք դեսպան Տիկ. Անահիտ Հարութիւնեանին: Այս առիթն էր նաեւ «Ապագայ»ի տարեկան նուիրահաւաքին որուն այս տարի մասնակցած էին աննախընթաց թիւով «Ապագայ»-ի եւ Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան երկար տարիներէ ի վեր նիւթապէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնած ազնիւ ազգայիններ: Այս երեկոյթին աւանդութիւն դարձած երաժշտական երկրորդ բաժնին համար այս տարի հրաւիրուած էր Երեւանի նորագոյն աստղերէն, բազմաթիւ երաժշտական մրցանակներու արժանացած հայկական նորագոյն երգերու տաղանդաւոր մեկնաբանող Սօֆի Մխեյանը:
Երեկոյթի սկզբնաւորութեան, առաջին բաժնի շքեղ ճաշի սպասարկութենէն ետք տեղի ունեցաւ «Ապագայ»ի 50 տարիներու ընթացքին Գանատահայ գաղութին նկատմամբ ունեցած դերին պատմական նշանակութիւնը արտացոլող տպաւորիչ բաժին մը: Օրուան հանդիսավար Տիկ. Սալբի Հալաճեան Մարկոսեան բացման գեղեցիկ խօսքերէն ետք, հրաւիրեց «Ապագայ»ի խմբագիր պրն. Աւետիս Պագգալեանը որ տպաւորիչ եւ գեղեցիկ կերպով ներկայացուց նախ ընդհանրապէս հայ մամուլի դերը եւ «Ապագայ»ի կարեւոր դերը մեր գաղութին եւ հայ իրականութեան համար: Ապա՝ հանդիսավար Տիկ. Մարկոսեան հրաւիրեց Թէքէեան Մշակ. Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդր. Վարչութեան Ատենապետ եւ «Ապագայ»ի գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկը հանդիսացող Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան կատարելու համար իր սրտի խօսքը այս նշանակալից առիթով: Դոկտ. Կէօնճեան հանգամանօրէն եւ կուռ ելոյթի մը ընթացքին նախ գնահատանքով մատնանշեց մեծ վաստակը 50 տարիներու ընթացքին «Ապագայ»ին ծառացած նուիրեալներու խումբին որոնցմէ այժմ աւա՜ղ մեծ թիւ մը յաւէտ բաժնուած են մեզմէ: Յետոյ Դոկտ. Կէօնճեան ստորագծեց, թէ «Ապագայ»ի հիմնադրութիւնը 50 տարիներ առաջ պատահականութեան հետեւանք չէր երբեք այլ ան արդիւնքն էր ծրագրուած եւ հետեւողական աշխատանքի մը, որուն նպատակը նորաստեղծ Գանատահայութեան ոյժեղ ազգային նկարագիր տալն էր եւ կապ հաստատել նոր այս գաղութին եւ հայրենիքին, եւ ամբողջ հայ աշխարհին հետ: 50 տարիները որոնց վաստակը կը նշենք այսօր, ան ըսաւ թէ իսկական անվերջանալի ճակատամարտ մըն է որ ոչ սկիզբ ունի եւ ոչ ալ վերջ:
Այստեղ Դոկտ. Կէօնճեան ճակատամարտի իր ակնարկութեան անդրադառնալով և յատուկ յուզումով, միտքի ոստում մը կատարելով, պատեհ նկատեց հանդիսականներուն ներկայացնել այս երեկոյթին Հայաստանէն հիւրաբար ներկայ գտնուող Ազգային Հերոս փոխգնդապետ Սարգիս Ստեփանեանը որ այս օրերուն կը գտնուի Մոնթրէալ: Ան ըսաւ թէ գնդապետ Սարգիս Ստեփանեան Ղարաբաղեան վերջին հերոսական ճակատամարտերուն ի պաշտպանութիւն մեր հայրենիքին, գերագոյն զոհողութիւնը ըրած է ի գին կորսնցնելու իր մարմնի չորս անդամներէն երեքը: Յոտնկայս ծափահարութիւններով բոլոր ներկաները իրենց խոր յարգանքը յայտնեցին հայրենի հերոսին:
Դոկ. Կէօնճեանի ելոյթէն ետք, յաջորդաբար նախ Հ.Հ. Վսեմաշուք դեսպան Անահիտ Հարութիւնեան իր գնահատանքը յայտնեց «Ապագայ»-ի 50 տարիներու հետեւողական լայնամիտ եւ հայրենամէտ՝ ազնիւ լրագրական վաստակին համար ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք դժուարին այս աշխատանքը կը կատարեն իրարայաջորդ երկար տարիներէ ի վեր մասնաւոր կերպով գնահատելով աշխատանքը ներկայ խմբագիր պրն. Աւետիս Պագգալեանին, «Ապագայ»ի առաջին խմբագիր պրն. Արսէն Նուպար Մամուրեանին եւ մասնաւորապէս գաղութի հիմնական ենթակառոյցներու ստեղծման մէջ որոշիչ իր դերը կատարած Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին: Ապա, հանդիսավար Տիկ. Մարկոսեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը որ իր կարգին բարձր գնահատանքով վեր առաւ «Ապագայ» շաբաթաթերթի կատարած կարեւոր առաքելութիւնը Գանատահայ մեր գաղութին մէջ 50 տարիներէ ի վեր եւ մանաւանդ այն դժուար շրջաններուն ուր մեր եկեղեցին եւ հայրենիքը կանցնին դժուար տագնապալից ժամանակներէ: Առաջնորդ Սրբազանը եւս վեր առաւ մեր ազգային գլխաւոր կառոյցներուն եկեղեցի, հայ դպրոց եւ հայ մամուլ զիրար ամբողջացնող շղթային կենսական կարեւորութիւնը եւ անոնց ստեղծման առաջին օրերէն ի վեր իրենց մեծ բաժինը բերած ղեկավարներուն որոնցմէ մեր մէջն է այսօր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը: Ան իր ջերմագին գնահատանքը եւ հայրական օրհնութիւնը տուաւ ազգանուէր այս աշխատանքին:
Երեկոյթին ամբողջ այս առաջին բաժնին ընթացքին, բեմին վրայ զետեղուած լայն պաստառին վրայ շարունակական ընթացքով կը ներկայացուէր խնամքով պատրաստուած վիտէօ նկարահանում մը որուն մէջ կ’երեւային նմուշներ «Ապագայ»ն 50 տարիներու թիւերէն առնուած էջեր: Կերպով մը անոնց մէջ կ’երեւար թէ Գանատահութեան եւ թէ հայ աշխարհի մեծ իրադարձութիւնները եւ ականաւոր դէմքերը: Մասնաւորապէս հոն կ’երեւային «Ապագայ»-ի միւս գլխաւոր հիմնադիրներ վախճանեալ Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեանը եւ Երուանդ Ազատեանը ինչպէս նաեւ ազգային անփոխարինելի իմաստուն բարերար Ալեք Մանուկեանի նկարները: Այս վիտէօն պատրաստուած էր Պրն. Պերճ Գոգորեանի, Պրն. Աւետիս Պագգալեանի եւ Պրն. Աւետիս Թորոսեանի կողմէ:

Այս հանգրուանին ահա ժամանակը հասած էր, և հետեւաբար Տիկին Սալբի Մարկոսեան, գեղեցիկ կերպով ներկայացուց եւ որոտընդոստ ծափերու մէջ բեմ հրաւիրեց բոլորին կողմէ անհամբեր սպասուած, հայ նորագոյն երգերու ամենասիրուած կատարողներէն ՝ Հայաստանէն յատկապէս այս առիթով հրաւիրուած տաղանդաշատ Սօֆի Մխեյանը, որ ահա յայտնուեցաւ երաժշտական եւ լուսարձակային ընդհանուր տպաւորիչ ձեւերով յարդարուած բեմին վրայ եւ ի պատշաճ շարունակութիւն Սրբազան Հօր խօսքերուն, սկսաւ իր ելոյթը ելեկտրականացած մթնոլորտի մը մէջ, հրաշալի կատարողութեամբ երգելով Կոմիտասի անմահ Հորովելը::
Հորովելէն ետք սակայն Սօֆի ակնթարթի մը մէջ անցաւ իր բոլորովին նոր ոճով եւ սակայն միշտ պահելով հայկական հարազատ պարունակութիւնը, երգերու անմրցելի խանդավառութիւն ստեղծող շարքը: Սօֆի Մխեյանը երեկոյթի ամբողջ ընթացքին ցոյց տուաւ իր անգերազանցելի կարողութիւնը ամբողջ սրահ մը ոտքի պահելու շարունակական պարի, ծափի, շուրջպարի եւ մենապարի մթնոլորտի մը մէջ:
Սօֆին մերթ բեմին վրայ էր եւ մերթ վարը ժողովուրդին եւ պարողներուն մէջ, ոտքի հանելով նոյնիսկ մի քիչ դժկամակողները, միանալու այս հրաշալի խնջոյքին: Ահա այսպիսի տօնական մթնոլորտը վերջապէս հասաւ միջնադադարին:
Այս անգամ Սալբի Հալաճեան Մարկոսեանը յայտարարեց թէ պիտի տեղի ունենար 50-ամեայ յոբելեանի աւանդական կարկանդակի հատումը որուն համար անգամ մը եւս հրաւիրեց Սրբազան Հայրը եւ Տիկին դեսպանը գլխաւորելու երեսունէ աւելի օրուան ներկայ կնքահայրերու պատկառելի խումբը: Բնականաբար այնտեղ էին Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանը ,խմբագիր Աւետիս Պագգալեանը, Թէքէեանի ատենապետ պրն. Նուպար Պապիկեանը եւ ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի ատենապետ Արա Պալեանը որոնք բոլորը լուսարձակներու տպաւորիչ ճառագայթներուն մէջ հատեցին, «Ապագայ»-ի 50 տարիներու վաստակը ներկայացնող գեղեցիկ կարկանդակը: Ներկաները պատրաստ էին սակայն վերադառնալու Սօֆի Մխեյանի առաջնորդութեամբ երգի եւ պարի տօնախմբումին: Այսպէսով սկսաւ տօնական աննախընթաց այս երեկոյթին վերջին բաժինը, ուր Սօֆին որ այլեւս կախարդած էր հանդիսականները իր առինքնող կատարողութեամբ, անմիջապէս վերադարձաւ իր աւելի եւս խանդավառ, մերթ ալ աւելի մտերմական հանդարտ գեղեցիկ երաժշտութեամբ ստեղծագործած երգերուն: Երեկոյեան ուշ ժամերուն վերջապէս հակառակ ներկաներուն շարունակուող խնդրանքներուն Սօֆին իր նոյն կախարդական դարձուածքներով ելոյթը հասցուց իր աւարտին, ծափերու տեղատարափին տակ:
Անկասկած, Մոնթրէալի հասարակութեան աննախընթաց խանդավառ երեկոյթներէն մէկն էր որ այսպէսով կ’աւարտէր: «Ապագայ»-ի 50 տարիներու վաստակաշատ յոբելեանը տպաւորիչ կերպով արձանագրուած էր մեր գաղութին տոմարներուն մէջ:
Ներկաները անկեղծ գնահատանքով ըմբոշխնած էին այս տօնակատարութիւնը որուն յաջողութիւնը աշխատանքն էր կազմակերպիչ վաստակաշատ յանձնախումբի մը ամիսներու աշխատանքին իրենց կողքին ունենալով Մոնթրէալի Թ.Մ.Մի վարչութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբի բոլոր անդամներու ժրաջան գործակցութիւնը:
Սօֆի Մխեյան գրաւած էր բոլորին սէրը եւ հիացումը: Բոլորը սիրով պիտի սպասեն կրկին, իր ապագայի ելոյթներուն:
Բարի ոսկեայ տարեդարձ սիրելի «Ապագայ»-ին:
Բոլորին վարձքը կատար:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
ՕՐԵՐ եվրոպական ամսագիրը շնորհավորում է «ԱՊԱԳԱՅ»ի խմբրակազմին եւ մաղթում հարատեւ տպագրություն։



