Երուսաղեմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը մերժել է հաշտարարի միջոցաւ ձեռք բերուած Յաւելուածը եւ Կարգաւորման Համաձայնագիրը

  • 25.09.2025
  • 0
  • 1174 Views

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական Ընդհանուր Ժողով – ԺԵ նիստ

Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ 24 Սեպտեմբեր, 2025ին, Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ։ Ժողովը բացուեցաւ աղօթքով՝ նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի, Հայ Պատրիարքին Երուսաղէմի։ Միաբանութեան անդամներէն ներկայ գտնուեցան 28 միաբանակից հայրեր։

Իր պատգամին մէջ, Պատրիարք Սրբազան Հայրը խրախուսեց միաբանակից եղբայրներուն՝ «հաւատարմօրէն կապուած մնալ Սուրբ Աթոռին՝ անսասան սիրով եւ եղբայրական միաբանութեամբ, եւ բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել միասնաբար»։

Ժողովը նիստերը ամբողջութեամբ յատկացուց «Կովերու Պարտէզ(Հայոց Պարտէզ)»ի կալուածի խնդրոյ առարկայ վարձակալութեան։ Կալուածոց Տեսուչ՝ Կորիւն Սրբազան եւ Պատրիարքարանի իրաւաբանական խորհրդատուները մանրամասն ներկայացուցին 2021ի պայմանագրի պատմականը, յաջորդած դատական ընթացքը եւ հաշտարարի կողմէ ներկայացուած յաւելուածը եւ կարգաւորման համաձայնագիրը։ Երեկոյեան Նիստին ներկայացուեցան մանրամասնութիւններ համայնքին դատական գործընթացէն եւ տեսակէտները։

Երկար ու խորունկ քննարկումներէ ետք, առաջարկուեցաւ մերժել ներկայացուած յաւելուածը եւ կարգաւորեալ համաձայնագիրը եւ վերահաստատել Ընդհանուր Ժողովի կանոնական եւ բացառիկ իշխանութիւնը։

Քննարկումներէ ետք, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը մեծամասնութեամբ ՈՐՈՇԵՑ․

1. Վերահաստատել 27 Հոկտեմբեր, 2021 եւ 15 Նոյեմբեր, 2021, Միաբան Հայրերու յայտարարութիւնները, որոնք դատապարտած էին այս գործարքը իբրեւ անօրինական։

2. Յայտարարել 8 Յուլիս, 2021-ի Կովերու Պարտէզի պայմանագիրը, անօրինական, հակականոնական եւ անվաւեր, քանի որ եղած էր առանց Ընդհանուր Ժողովի վաւերացման։

3. Մերժել հաշտարարի միջոցաւ ձեռք բերուած Յաւելուածը (Addendum) եւ Կարգաւորման Համաձայնագիրը (Settlement Agreement)։

4. Նշանակել հինգ հոգեւորականներէ բաղկացեալ յանձնախումբ, որպէսզի փաստաբաններու հետ խորհրդակցաբար հետապնդեն չեղարկման դատական հայցն ընդդէմ «Զանա Կարտընս» ընկերութեան։

Տ․ Թէոդորոս Եպս․ Զաքարեան

Բ Ատենապետ Մ․ Ը․ Ժողովոյ

Տ․ Սերովբէ Աբղ․ Անտոնեան

Բ․ Քարտուղար Մ․ Ը․ Ժողովոյ

Երուսաղէմ, 25 Սեպտեմբեր, 2025

Մեր գործընկերները

ՕՐԵՐ ԵՎՐՈՊԱԿԱՆ ԱՄՍԱԳԻՐ
Մենք սոց․ ցանցերում