«Արցախ» միութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով տեղեկացուց, որ Արցախի ցեղային զտումէն եւ արցախահայութեան հայրենազրկումէն 2 տարիներ ետք՝ 18 Սեպտեմբեր 2025ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը` պատգամաւոր եւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Էմանուէլ Մանտոնի նախաձեռնութեամբ:
Ժողովին կը մասնակցէին Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, դիւանագէտներ, փորձագէտներ, համալսարանականներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարձր ներկայացուցիչներ, որոնք վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին:

«Խորհրդաժողովի առաջին փուլում մասնակիցներն անդրադարձան Հարաւային Կովկասում ընթացող աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներին եւ դրանց հետեւանքներին արցախահայութեան համար: Մասնակիցներն ընդգծեցին, որ բռնի տեղահանութեան անպատժելիութիւնը վտանգում է միջազգային կարգի հիմքերը: Այս համատեքստում նշուեց, որ Ֆրանսիացի եւ եւրոպացի պատգամաւորները յանձն են առել մոռացութեան չմատնել Արցախի ժողովրդի դէմ իրականացուած էթնիկ (ցեղային) զտումը եւ շարունակելու են սեփական կառավարութիւններին դրդել գործնական քայլեր ձեռնարկել` միջազգային իրաւունքի յարգումն ապահովելու համար: Երկրորդ քննարկումը նուիրուած էր խորհրդարանական դիւանագիտութեանը. կարեւորուեց եւրոպական երկրների խորհրդարանականների եւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանականների միջեւ կապերի ձեւաւորումը եւ համագործակցութիւնը` Արցախ վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրակարգ բերելու եւ հայ գերիների ու քաղաքական բանտարկեալների անյապաղ ազատ արձակումը պահանջելու համար: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեց նաեւ Ֆրանսիա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախաձեռնութեանը, որը հանդէս եկաւ կոչով` հաւաքագրելու ֆրանսիացի խորհրդարանականների ստորագրութիւնները` Արցախի բռնի տեղահանուած բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը պաշտպանելու եւ Բաքւում պահուող հայ գերիների ազատ արձակումը պահանջելու համար: Խորհրդաժողովը փակուեց Ֆրանսիայում Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի խօսքով: Նա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներին եւ կոչ արեց շարունակել Արցախեան դատի համար պայքարը: Քաղաքականութիւնն այն հզօր ուժն է, որ ունակ է վճռական գործողութեամբ փոխել իրականութիւնը եւ, ուստի, ես առաջարկում եմ, որ համարձակուենք պայքարել բռնութեան նկատմամբ արդարութեան յաղթանակն ապահովելու համար», կ՛ըսուի «Արցախ» միութեան յայտարարութեան մէջ:
Աղբյուր՝ Asbarez – Armenian



